ԱԿՆԱՐԿ - 170 - ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՎԱՐԴԱՎԱՌ. ՋՐԱԽԱ՞Ղ, ԹԷ ԼԿՏԻՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՀԵԹԱՆՈՍՈՒԹԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, 12 յուլիս 2026-ին, հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան սրբազան տօնը։ Այս հրաշափառ դէպքին մասին կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին (17.1-9), Մարկոսի Աւետարանին (9.2-10) եւ Ղուկասի Աւետարանին (9.28-36) մէջ։ Թաբոր լերան վրայ Քրիստոսի այլակերպութիւնը քրիստոնէական Աստուածաբանութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է, որովհետեւ անիկա կը բացայայտէ Քրիստոսի աստուածային փառքը եւ կը հաստատէ Անոր փրկագործ առաքելութիւնը։
Այս տօնը իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ հոգեւոր խորհուրդներ ու պատգամներ, որոնց մասին մեր սիրելի ընթերցողները վստահաբար առիթ ունեցած են տեղեկանալու մեր թերթի շաբաթ օրուան թիւէն, ուր հրապարակուած էին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի, Տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեանի եւ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանի խորիմաստ գրութիւնները։
Սակայն, այսօրուան ակնարկիս նպատակը տօնին աստուածաբանական կամ հոգեւոր նշանակութիւնը ներկայացնելը չէ։ Այսօր կ՚ուզեմ անդրադառնալ այն մտահոգիչ երեւոյթին, որ տարիներէ ի վեր աստիճանաբար կը հեռացնէ ժողովուրդը տօնին իրական էութենէն եւ զայն կը վերածէ լոկ արտաքին, աղմկոտ ու երբեմն ալ անպատշաճ դրսեւորումներու։
Տօնէն օրեր առաջ բազմաթիւ եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կառոյցներու դիմատետրեան էջերու վրայ կը տեսնէինք հրաւէրներ, որոնք ժողովուրդը կը հրաւիրէին մասնակցելու ո՛չ թէ Տիրոջ Պայծառակերպութեան տօնակատարութեան, այլ՝ Վարդավառի ջրախաղին։ Բազմաթիւ պարագաներու հրաւէրներուն մէջ նշուած էր ջրախաղի ժամը, մինչդեռ Սուրբ Պատարագի կամ տօնական արարողութիւններու մասին գրեթէ ոչինչ կը յիշատակուէր։ Այդ հրաւէրները կարդալէ ետք, մեր մօտ կը յառաջանայ այն տպաւորութիւնը, թէ տօնին բուն էութիւնը երկրորդական դարձած է, իսկ ջրախաղը՝ գլխաւոր նպատակը։
Ցաւօք, այս երեւոյթը նորութիւն չէ։ Տարիներէ ի վեր նոյն պատկերին ականատես կ՚ըլլանք։ Ասիկա ինքնին մտահոգիչ փաստ մըն է, որովհետեւ կը վկայէ, որ ոմանք տակաւին չեն զանազաներ եկեղեցական տօնը ազգային սովորութենէն։ Վարդավառը մեր ազգային աւանդութեան գեղեցիկ մասն է, սակայն, երբ անիկա կը ստուերէ կամ կը մթագնէ Պայծառակերպութեան տօնին հոգեւոր խորքը, արդէն առաջնահերթութիւններու շփոթ գոյացած կ՚ըլլայ։
Անշուշտ, ազգային աւանդութիւնները արժէքաւոր են եւ պէտք է պահպանուին։ Ես միշտ կողմնակից եղած եմ, եմ եւ պիտի մնամ մեր ազգային ժառանգութեան պահպանման գործին։ Սակայն, հարկ է յստակօրէն հասկնալ, որ աւանդութիւնը երբեք չի՛ կրնար փոխարինել հաւատքը։ Երբ աւանդութեան պահպանումը կը սկսի աղաւաղել տօնին հոգեւոր բովանդակութիւնը կամ կը նպաստէ եկեղեցական արժէքներու նսեմացումին, այդ պարագային պէտք է կանգ առնել եւ վերանայիլ մեր ընթացքը։
Այլակերպութեան տօնին օրը շատ եկեղեցիներու մուտքերուն մօտ կարելի էր տեսնել դոյլերով ջուր, բարձր աղմուկ, անկարգ վազվզուք, անսանձ ծիծաղ եւ երբեմն ալ այնպիսի վարքագիծ, որ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի սրբավայրի յարգանքի հետ։ Անկախ քեզմէ կը հարցնես. արդեօք մարդիկ մոռցա՞ծ են, որ կը գտնուին Աստուծոյ տան մէջ։ Արդեօք եկեղեցին իրենց համար դարձած է պարզ հաւաքավայրի՞ մը, ուր կը ներկայանան սովորութեան բերումով, կը կատարեն արտաքին պարտականութիւն մը եւ ապա կը հեռանան՝ առանց անդրադառնալու սրբավայրի խորքին ու խորհուրդին։
Այս երեւոյթը սահմանափակուած չէ՛ միայն եկեղեցական շրջանակներով։ Հայաստանի գրեթէ բոլոր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ Վարդավառի օրը վերածուած է անկառավարելի ջրցանութեան։ Մարդիկ տունէն դուրս կու գան իրենց աշխատանքին, հանդիպման, այցելութեան կամ այլ անհրաժեշտ գործի համար եւ յանկարծ դոյլերով ջուր կը թափուի իրենց վրայ։ Շէնքերու պատշգամներէն տոպրակներով ջուր կը նետուի անցնողներուն վրայ, անցնող ինքնաշարժներուն մէջ ջուր կը լեցուի, վարորդներու ուշադրութիւնը կը շեղուի, եւ այս բոլորը փորձ կը կատարուի արդարցնել՝ ըսելով, թէ «Վարդավառ է, ի՞նչ կ՚ըլլայ որ»։
Բայց արդեօք այսպիսի վարքագիծը իսկապէս տօնակատարութի՞ւն է։ Արդեօք ասիկա ազգային աւանդութեան պահպանո՞ւմ է։ Բնականաբար, ո՛չ։ Ան որ կ՚ուզէ ջրախաղի մասնակցիլ, ազատ է եւ իրաւունք ունի այդ հաճոյքը վայելելու։ Սակայն, ո՛չ ոք իրաւունք ունի ուրիշին առօրեան խանգարելու, անոր կամքին հակառակ ջուր լեցնելու վրան կամ անհանգստացնելու զինք։ Ատիկա ո՛չ աւանդութիւն է, ո՛չ խաղ եւ ո՛չ ալ տօնախմբութիւն։ Ատիկա քաղաքացիական յարգանքի պակաս է, հասարակական վարքի խախտում է եւ երբեմն նաեւ պարզապէս անպատասխանատուութիւն։
Միւս կողմէ, վերջին տարիներուն որոշ շրջանակներ կը փորձեն Վարդավառը ներկայացնել իբրեւ զուտ հեթանոսական տօն եւ այդ պատրուակով զայն հեռացնել իր քրիստոնէական միջավայրէն։ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումները եւ անոնց շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը շատերու մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, թէ նպատակը ազգային աւանդութեան պահպանումը չէ, այլ հասարակութիւնը եկեղեցական ու հոգեւոր արժէքներէն աստիճանաբար հեռացնելը։ Այս երեւոյթը եւս լուրջ մտահոգութեան պատճառ է, որովհետեւ ազգ մը, որ կը կորսնցնէ իր հոգեւոր ինքնութիւնը, շուտով կը սկսի կորսնցնել նաեւ իր ազգային դիմագիծը։
Արդարութիւնը կը պահանջէ նաեւ յիշեցնել, որ այս բոլորի պատասխանատուն Եկեղեցին չէ։ Ոմանց ապաշնորհ կամ անհեռատես գործելակերպը կարելի չէ վերագրել ամբողջ Հայ Եկեղեցիին կամ բոլոր հոգեւորականներուն։ Մեր եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային ինքնութեան պահապանը։ Ուստի, անարդար պիտի ըլլար առանձին դէպքերու կամ սխալներու պատճառով մեղադրել ամբողջ եկեղեցական կառոյցը։
Իրականութեան մէջ խնդիրը շատ աւելի խորն է։ Խնդիրը կրթութեան, դաստիարակութեան եւ արժէքային համակարգի ճգնաժամն է։ Երբ մարդ չի՛ սորվիր յարգել դիմացինը, երբ չի՛ հասկնար սրբութեան իմաստը, երբ իր ազատութիւնը կը շփոթէ ամենաթողութեան հետ, նման երեւոյթներ անխուսափելի կը դառնան։ Թերեւս խիստ հնչէ, բայց անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ մեր հասարակութիւնը այսօր վերադաստիարակութեան կարիք ունի։
Արդարեւ, կարիք ունինք համազգային վերազարթօնքի՝ հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ մշակութային բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Կարիք ունինք վերագտնելու մեր արժէքները, վերարժեւորելու մեր աւանդութիւնները եւ զանոնք ապրեցնելու իրենց ճշմարիտ բովանդակութեամբ։ Այս աշխատանքը պէտք է սկսի անհատէն, ընտանիքէն, դպրոցէն, եկեղեցիէն եւ հասարակական բոլոր կառոյցներէն։ Իսկ այս բոլորին մէջ մեր հոգեւոր հովիւներուն դերը մեծ է ու անփոխարինելի, որովհետեւ անոնք կոչուած են առաջնորդելու ժողովուրդը դէպի ճշմարտութիւն, արժանապատուութիւն եւ կենդանի հաւատք։
Չաղաւաղենք մեր նախնիներէն մեզի հասած սրբազան աւանդութիւնները։ Չարժեզրկենք մեր տօները՝ զանոնք վերածելով արտաքին աղմուկի եւ զուարճանքի։ Չանարգենք մեր հոգեւոր արժէքները եւ չի մթագնենք մեր ազգային ու եկեղեցական պատկանելիութիւնը։ Այլ ընդհակառակը, վերադառնանք տօներուն իսկական խորհուրդին, որպէսզի անոնք դառնան ո՛չ թէ առիթ՝ մոռնալու մեր ինքնութիւնը, այլ միջոց՝ զայն աւելի խորապէս գիտակցելու, ապրելու եւ փոխանցելու գալիք սերունդներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ