ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՅԺՄՈՒ ՓՈՒԼԸ. ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐ
Սփիւռքէն ճառողները, քարոզ կարդացողները եւ Հայաստանի հողին վրայ ապրողները… Այս նիւթերը միշտ այժմէական են համահայկական օրակարգի վրայ։ Վերջին շրջանին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, հայրենադարձութեան, ազգային ինքնութեան եւ պետական քաղաքականութեան շուրջ քննարկումները դարձեալ բորբոքած են։ Մէկ կողմէ՝ իշխանութիւններուն ուղղուած ծանր մեղադրանքներ, միւս կողմէ՝ սփիւռքի որոշ շրջանակներու մտահոգութիւններ, իսկ մէջտեղը՝ իրական Հայաստան մը, ուր մարդիկ կ՚ապրին իրենց առօրեայով, կը դիմագրաւեն իրենց դժուարութիւնները, կը փորձեն աշխատիլ, ստեղծել ու այս երկրին մէջ իրենց ապագան կառուցել։
Հարցադրումները կարեւոր են։ Անոնցմէ շատերը նոյնիսկ հրատապ են։ Արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները կը խզե՞ն սփիւռքը հայրենիքէն։ Ինչո՞ւ հակառակ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն ապրած ճգնաժամերուն՝ հայրենադարձութեան յստակ ու երկարաժամկէտ ծրագիր մը չձեւաւորուեցաւ։ Ի՞նչ դեր պէտք է ունենայ սփիւռքի գործերով զբաղող պետական կառոյցը այն վտանգաւոր գօտիներուն մէջ, ուր հայկական համայնքներ կը շարունակեն գոյատեւել։ Եւ, ի վերջոյ, ո՞րն է այսօր Հայաստանի տեսլականը սփիւռքի պարագային։
Այս հարցումներուն վրայ կ՚աւելնան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու նուրբ ու բարդ ծալքերը։ Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքին բացատրել Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կենսական նշանակութիւնը՝ առանց անտեսելու կամ վիրաւորելու սփիւռքահայութեան պատմական յիշողութիւնն ու անկէ բխած յայտնի սպասումները։ Արդեօք քաղաքական իրապաշտութիւնը պէ՞տք է նշանակէ անցեալէն հրաժարում, թէ կարելի է պետական շահն ու ազգային յիշողութիւնը դիտել մէկ ընդհանուր տեսլականի շրջանակին մէջ։
Սփիւռքահայ քաղաքական մտածելակերպին մէջ արմատացած հասկացութիւնները պարզ բառեր չեն։ Անոնք պատմական փորձառութեան, արդարութեան պահանջի եւ հաւաքական յիշողութեան մաս կը կազմեն։ Անոնց շուրջ պետական քաղաքականութիւն վարելը կը պահանջէ լրջութիւն, յստակութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Ո՛չ լռեցնելը լուծում է, ո՛չ ալ իրարու հակադրելը՝ ազգային օրակարգի տարբեր բաղադրիչները։ Ժամանակն է, որ այս հարցերը քննարկուին՝ առանց պիտակաւորումներու եւ փոխադարձ մեղադրանքներու։ Սակայն, այս բոլոր հարցումներու կողքին կայ ուրիշ իրականութիւն մը, որուն մասին, կարծես, ոմանք կը նախընտրեն չխօսիլ։
Երբ ձախող քարոզչութիւնը կը տապալի եւ հազարաւոր սփիւռքահայեր Հայաստանի գովքը կը հիւսեն… Ցաւալիօրէն, տակաւին կը շարունակուի Հայաստանի մէջ բնակողներուս, այս հողին վրայ ապրողներուս, մեր կեանքով, մեր արեւով, մեր ջուրով ու մեր առօրեայ պայքարով հայաստանցի դարձածներուս «դաս տալու» սովորութիւնը։ Կը փորձեն մեզի բացատրել, որ ինչպէ՛ս պէտք է հայրենասէր ըլլալ, ինչպէ՛ս պէտք է ազգային արժէքներու տէր կանգնիլ, ինչպէ՛ս պէտք է «գօտեպնդուիլ» ու միշտ զգօն մնալ։
Պատկերացուցէ՛ք, թէ ուր կ՚ապրին այս շատախօս բերանները, ինչո՛վ կը զբաղին, ինչպէ՛ս կը վաստակին իրենց ապրուստը եւ տարին քանի՛ անգամ իրենց անձնական արձակուրդէն փոքր բաժին մը կը տրամադրեն՝ Հայաստան այցելելու համար։
Թող գան։ Ես դէմ չեմ։ Ընդհակառակն՝ Հայաստան այցելած իւրաքանչիւր հայ ողջունելի է եւ իւրաքանչիւր այց կրնայ կամուրջ մը դառնալ հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ։ Խնդիրը այցը չէ, այլ այն վերապահ ու երբեմն ալ քամահրական ոճը, որով ոմանք կը մօտենան մեզի՝ կարծես մենք այս երկինքին տակ հայ ապրիլը մոռցած ըլլանք եւ իրենցմէ պիտի սորվինք հայ զգալ, հայօրէն շնչել ու մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանել։
Ասով ալ չեն բաւարարուիր։ Երբեմն իրենց նեղ շրջանակներուն մէջ, քմծիծաղով մը, կը փորձեն ամէն ձախողութիւն, ամէն պարտութիւն եւ երկրի ներկայ դժուարութիւններուն պատասխանատուութիւնը բարդել հոս ապրողներուս ուսերուն։ Կարծես այս երկրի բոլոր հարցերուն պատասխանատուն անոնք են, որոնք ամէն օր կը դիմագրաւեն իրականութիւնը՝ մինչդեռ դատավճիռ արձակողները կը մնան ապահով հեռաւորութեան վրայ։
Կը հասկնամ, որ այս մօտեցումներուն ետին քաղաքական ենթահող մը կայ։ Ոմանք կը փորձեն հայրենասիրութեան լեզուով ձեւաւորել հանրային կարծիքը, ուրիշներ՝ իրենց պատկերացումները պարտադրել Հայաստանի մէջ ապրողներուն։ Բայց, պէտք է հասկնան, որ այս ոճը ո՛չ միայն հինցած է, այլեւ՝ անպտուղ։ Հայրենասիրութիւնը հեռուէն խօսք ուղղելով չի չափուիր, ո՛չ ալ անով, թէ ո՛վ, որքա՛ն յաճախ ազգային ճառեր կ՚արտասանէ։
Աւելի՛ն, վերջին ամրան Հայաստան այցելած հազարաւոր սփիւռքահայերու փորձառութիւնը յաճախ կը հակասէ այն պատկերին, որ ոմանք կը փորձեն ներկայացնել։ Անոնք կու գան, կը տեսնեն, կը շրջին, կը շփուին ժողովուրդին հետ եւ իրենց տպաւորութիւններով կը վերադառնան։ Շատեր Հայաստանի մասին դրականը կը պատմեն, կը խօսին տեսած լոյսերուն, զարգացման կարելիութիւններուն, մարդկային ջերմութեան եւ իրենց ունեցած յոյսերուն մասին։
Արդեօք այս իրականութիւնը նկատի կ՚առնուի՞ կամ ոմանց համար կարեւոր է միայն այն պատկերը, որ կը համապատասխանէ իրենց քաղաքական հաշիւներուն։
Հայաստանի մէջ ապրիլ չի նշանակեր, որ մենք զերծ ենք սխալներէ, թերութիւններէ կամ քննադատութեան ենթակայ որոշումներէ։ Ո՛չ ոք կրնայ այդպէս պնդել, բայց, քննադատելու եւ խրատ կարդալու միջեւ տարբերութիւն կայ։ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը քննարկելը մէկ բան է, իսկ Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդին հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ դնելը՝ բոլորովին ուրիշ բան։
Սփիւռքը մեր ազգային կեանքի անբաժանելի մասն է։ Անոր մտահոգութիւնները, փորձառութիւնն ու ներդրումը կարեւոր են։ Նոյնքան կարեւոր է, սակայն, որ սփիւռքի որոշ շրջանակներ հասկնան՝ հայրենիքը միայն պատմական յիշողութեան, խորհրդանշական այցելութիւններու կամ քաղաքական բանավէճերու տարածք մը չէ։ Անիկա նաեւ առօրեայ իրականութիւն մըն է, ուր մարդիկ կ՚աշխատին, կը տքնին, երբեմն կը յուսահատին, դարձեալ ոտքի կը կանգնին եւ կը շարունակեն ապրիլ։
Մենք՝ Հայաստանի հողին վրայ ապրողներս, հայրենասիրական դասերու կարիքը չունինք։ Մեր խնդիրները, մեր սխալներն ու մեր պատասխանատուութիւնները կրնանք քննարկել ինքնուրոյն։ Մեզի պէտք են գործընկերներ՝ ո՛չ թէ դատաւորներ. համագործակցութիւն՝ ո՛չ թէ վերէն նայող խրատներ. գործնական ծրագիրներ՝ ո՛չ թէ անվերջանալի քարոզներ։
Եւ եթէ իրապէս կը ցանկանք ամրապնդել Հայաստան-սփիւռք կապերը, ապա պէտք է սկսինք պարզ ճշմարտութենէ մը. ոչ ոք բացառիկ իրաւունք ունի միւսին սորվեցնելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հայ ըլլալ։ Հայրենիքը սիրել տարբեր ձեւեր ունի, իսկ անոր ապագային ծառայելը՝ շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն։
Ժամանակն է, որ հին ու նաֆթալին հոտող քարոզչական ոճերը զիջեն իրենց տեղը նոր մտածելակերպի, առողջ գործակցութեան եւ հեռուն նայող ծրագրերու։ Մեր ժողովուրդը նոր երգերու, նոր նախաձեռնութիւններու եւ իրարու հանդէպ աւելի հասուն վերաբերմունքի կարիքն ունի։ Իսկ մենք՝ Հայաստանի հողին վրայ ապրողներս, կը շարունակենք մեր կեանքը։ Ո՛չ որովհետեւ մէկը մեզի սորվեցուցած է գօտեպնդուիլ, այլ որովհետեւ այս երկիրը մեր առօրեան է, մեր պատասխանատուութիւնը եւ մեր ապագայի կառուցման վայրը։ Հայրենասիրական դասապահին զանգը վաղուց հնչած ու անցած է։ Հիմա գործելու, զիրար լսելու եւ միասին ապագայ կառուցելու ժամանակն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան