ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ
Երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին այցելած եմ շատ մը երկիրներ: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տեսած եմ անոր գեղեցկութիւնը եւ դիտած եմ զայն իր տեղական պարունակին մէջ: Չեմ փորձած զատորոշել մէկ երկիրը միւսէն, այլ իւրաքանչիւրը ուզած եմ տեսնել իր բովանդակութեան մէջ: Հարաւային Ափրիկէի բնութիւնը, ովկիանոսը, տեսարժան վայրերը ու գեղեցկութիւնը կը զգլխեն ու կ՚անցնին ամէն իրավիճակ: Կ՚ապրիս Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքը եւ գեղեցկութիւնը՝ իր ամբողջութեան մէջէն:
Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ, փետրուար 2025:
Մէկ կողմէ ապրեցայ երկրին գեղեցկութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս երկիրը իր ընկերատնտեսական ու շինարարական ենթակառոյցներուն մէջ զարգացած է եւ յառաջխաղաց արձանագրած՝ ստեղծելով ամուր հասարակական համակարգ մը: Հարաւային Ափրիկէն այսօր կը դասուի զարգացած երկիրներու շարքին՝ զբօսաշրջութեան առումով դառնալով շատ գրաւիչ երկիր: Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն այսօր կը փութան այցելել եւ վայելել այս գեղեցիկ երկիրը:
Այս զարգացում-յառաջխաղացը ունի իր պատմութիւնը: Եւ պատմութիւնը պէտք է սկսիլ Ռոպին կղզիի մէջ գտնուող մեկուսացուած բանտէն, որ այսօր եղած է զբօսաշրջութեան վայր:
Հարաւային Ափրիկէ, երկար տարիներու վրայ երկարած, ապրած է ցեղապաշտական համակարգ: Փոքրաթիւ սպիտակամորթ համակարգը իշխած է սեւ հաւաքականութեան եւ ճնշած զանոնք՝ ամէն տեսակ բռնարարքներ գործադրելով: Հարաւային Ափրիկէն երկար տարիներու իր ցեղապաշտական արարքներուն համար մեկուսացուած էր համաշխարհային ընտանիքէն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն:
Հարաւային Ափրիկէի «փրկիչ» ղեկավարը եղաւ Նելսըն Մանտելան, որ կրցաւ երկիրը դուրս հանել իր ցեղապաշտական վիճակէն՝ հասցնելու համար ներկայ օրերու ժողովրդավար եւ յառաջացած երկրի մը կարգավիճակին: Բայց երկիրը «դուրս հանելու» այս արարքը եղած է երկար եւ արժած՝ բաւական սուղ: Այդ սուղ գինը վճարողներէն էին Նելսըն Մանտելան եւ իր համախոհները: Անոնք իրենց ըմբոստութեան եւ բարեկարգումի պահանջներուն համար դատապարտուած էին բանտարկութեան Ռոպին կղզիի բանտին մէջ:
Նելսըն Մանտելա այս բանտին մէջ մնաց աւելի քան 27 տարի: Բանտարկութեան օրերուն ան ենթարկուեցաւ ամէն տեսակի խոշտանգումներու եւ զրկանքներու: Երբ քալեցի բանտի տարբեր մասերուն մէջ, կարդացի ու նկարներուն հետեւեցայ, սկսայ տեսնել, թէ ինչպիսի՛ զրկանքներու ենթարկուած էին անոնք իւրաքանչիւր մասին մէջ: Ես ալ ապրեցայ նոյն բանտին ահաւորութիւնը:
Առաջին անգամը չէր, որ Ռոպին կղզիի բանտը կ՚այցելէի, սակայն, այս անգամ տարբեր էր կարծես: Մտայ Նելսըն Մանտելային խցիկը, ուր ան երկար տարիներ ապրած էր: Երբ նստայ նոյն աթոռին վրայ, ուր ինք տարիներով նստած էր, մտքով ու հոգիով տեղափոխուեցայ Պաքու: Եւ՝ մեր տղաքը: Հարաւային Ափրիկէի այդ բանտին մէջ ուզեցի ապրիլ բանտին ու բանտարկեալի զգացումը, բայց շատ աւելիով՝ մեր տղաքն ու անոնց ներաշխարհը Պաքուի բանտին մէջ: Շատ դժուար էր: Ապրեցայ վախի ու սարսափի վիճակը մեր տղոց, եւ չուշացան կարեկցանքի մտորումներս, թէկուզ՝ շատ հեռուէն: «Տղա՛ք, ձեր վիճակը շատ դժուար է, կը զգամ ձեր ապրած ցաւը»:
1994 թուականին Նելսըն Մանտելա դուրս եկաւ բանտէն՝ 27 տարի ետք: Ան դուրս եկաւ յաղթական: Յաղթական յեղափոխականը իր առջեւ ունէր մեծ առաքելութիւն մը՝ երկիրը դուրս հանել իր տագնապալի վիճակէն: Իսկ տագնապնե՞րը: Տարիներ շարունակ գործուած ոճրագործութիւններ, սպանութիւններ ու, տակաւին, բացայայտուած գերեզմանափոսեր, ուրկէ դուրս հանուած էին սպաննուած եւ անհետ կորսուած դիակներ: Ու տակաւին կար երկրին անարդար ու անհաւասար ընկերա-քաղաքացիական համակարգը:
Նելսըն Մանտելա իր առջեւ ունէր երկիրը փրկելու երկու ընտրանք: «Առաջին օրէն տեսայ, որ վրէժխնդրութեամբ կարելի պիտի չըլլայ կերտել խաղաղ եւ համերաշխ հաւաքականութիւն մը», ըսած է Մանտելա: «Կրակը կարելի չէ կրակով մարել», շարունակած է ան:
Կրակը մարելու համար Մանտելա մտայղացած էր երկրորդ տարբերակը երկիրը շինելու համար՝ ստեղծել Համերաշխութեան եւ զղջումի յանձնախումբ: Ան այս յանձնախումբին պատասխանատուութիւնը տուած է յարգուած կղերական Տեմընտ արք. Թութուի: Մարդիկ պէտք էր զղջային իրենց գործած սխալներուն համար եւ այդ սխալները ընդունելով՝ քաղաքական բոլոր հաշուարկները մէկ կողմ պիտի դնէին եւ վերադառնային բնականոն կեանքի: Անոնք վեր առին միայն այդ հիմնահարցերը, ուր մարդիկ դատական հայցեր բարձրացուցած էին:
Յաջողեցա՞ն Մանտելա եւ իր համախոհները: Պատմութիւնը եւ երկրին զարգացումները այսօր ցոյց կու տան, որ այո՛, անոնք յաջողեցան:
Նելսըն Մանտելա եղաւ երկրին նախագահը եւ փոխ-նախագահ ընտրեց իր մեծագոյն հակառակորդը՝ ցեղապաշտութեան օրերու երկրին նախագահը՝ Տէ Քլերքը: Այս յանդուգն քայլը մեծապէս զարմացուց աշխարհը: «Մենք ցեղապաշտ չծնանք։ Մեր ծնողներն են, որ մեզի սորվեցուցին ցեղապաշտութիւնը: Եւ ինչպէս որ սորվեցանք ատել, նոյնպէս կրնանք սորվիլ սիրել: Ատելութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը դիւրին են, բայց սէրը կիրարկելը կը պահանջէ մեծ հոգի», ըսած է Մանտելա:
Նելսըն Մանտելային սիրոյ պատգամն է ասիկա: Այսօր այս «սէրը» եւ «մեծ հոգին» Հարաւային Ափրիկէն վերածած են յաջող ու համերաշխ երկրի մը:
Դարձեալ՝ Ռոպին կղզին ու բանտը: Երբ դուրս եկայ բանտի դռնէն, տեսայ առջեւս ամուր կերպով ցցուած հաւատքը: Հաւատքը՝ հայուն, զոր պէտք չէ երբեք կորսնցնենք: Հաւատքը, որ մեր տղաքը դուրս պիտի գան Պաքուի բանտերէն: Եւ մենք՝ բանտէն դուրս եղողներս, պիտի շարունակենք հաւատալ եւ գործել, որպէսզի անոնք դուրս գան այդ ահռելի վիճակէն: Եւ դուրս գան յաղթական:
Մենք բոլորս ունինք մէկ մեծ պարտականութիւն՝ հայն ու հայրենիքը կերտել:
Պիտի կերտենք համերաշխութեամբ եւ զղջումի հոգիով ու գիտակցութեամբ: Պիտի կերտենք՝ քաջ գիտակցելով, թէ «ատելութիւնը դիւրին է», բայց «սիրոյ հոգին», որ դիւրին չէ, կը շինէ ու կը կերտէ: Կը շինէ ու կը կերտէ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Կը շինէ ու կը կերտէ հայը:
Այսօր ես, դուն եւ հայութիւնը ամբողջ, հայը շինելու մեծ առաքելութեան առջեւ ենք՝ ատելութիւնը խափանելով եւ մեծ հոգի շինելու յանձնարարականով: Մեծ հոգի, որ իր մէջ կ՚ամբարէ սէր, որ կը շինէ: Կը շինէ հայը եւ հայրենիքը:
Նելսըն Մանտելա հաւատաց այս սիրոյն: Հարաւային Ափրիկէն՝ իր հայրենիքը, այսօր ապրող վկայութիւնն է այս «սիրով» շինուած ու զարգացած երկրին:
Նելսըն Մանտելան իր սէրը ամբողջացուց իր սիրած հայրենիքի դրօշակին տալով տարբեր գոյներ: Այդ տարբեր գոյները ան խորհրդանշեց որպէս Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող հաւաքականութիւններուն տարբեր խմբաւորումները եւ մասնիկները: Ան դրօշակի տարբեր գոյներով, իմա՝ խմբաւորումներով, կազմեց համերաշխ նոր հանրապետութիւնը: Ան այս նոր հանրապետութիւնը շինեց՝ մեկնելով իր սիրոյ ռազմավարութեան եւ ոչ թէ՝ ատելութեան գրաւականով: Եւ ես տեսայ այս այցելութեանս ընթացքին, թէ ինչպէ՛ս այս սիրոյ ռազմավարութիւնը շինած է երկիրը:
Հայն ալ կրնայ մշակել այս սիրոյ ռազմավարութիւնը եւ շինէ-վերաշինէ իր հայրենիքը: Մեր պետական դրօշակն ալ ունի տարբեր գոյներ՝ յար եւ նման Հարաւային Ափրիկէի, եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: Թող որ եռագոյնը խորհրդանշէ համերաշխ հայութիւն իր երեք մասնիկներով՝ իր Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով: Եւ այս եռագոյնին տակ հայը կոչուած է կերտելու նոր հայը:
Հարաւային Ափրիկէի սիրոյ պատգամը՝ հայն ու հայրենիքը կերտելու մեծ առաքելութիւնը:
Նելսըն Մանտելան հաւատաց այս սիրոյն եւ երկիր կերտեց: Հայն ալ կրնայ հաւատալ այս սիրոյն եւ երկիր կերտել:
Սիրոյ պատգամը՝ կերտելու գրաւականը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ, մարտ 2025