ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Իրողութիւն է, որ յանցաւորները միշտ մտատանջութեան մէջ են, աւելի ճիշդ, միշտ կը կարծեն, թէ զիրենք հետապնդողներ կան: Առակացը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ այդ մասին:

Պատասխան. Այո, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ՚ըլլան» (Առ 28.1): Նոյնիսկ անոնք որոնք իրենց մեղքերով ու ամբարիշտութեամբ կը պարծենան մարդոց առջեւ, սակայն ներքնապէս հանգիստ չեն ըլլար, որովհետեւ իրենց խիղճը անընդհատ կը մտատանջէ զիրենք եւ իրենք գողերու նման՝ մնայուն կերպով մտահոգութեան մէջ կ՚ըլլան, որ ահա յանկարծ իրենց չսպասածը պիտի պատահի, եւ այլն: 

Այս մտատանջութիւնը առաջինը ունեցան մեր նախածնողները, որոնք անհնազանդ գտնուելով Աստուծոյ պատուիրանին, կերան բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն եւ պահուտեցան, գիտնալով, թէ մերկ էին: Ծննդոցին մէջ կը կարդանք, թէ արգիլուած ծառի պտուղէն ուտելէն ետք՝ «անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կտրեցին ու իրենց ծածկողներ ըրին: Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան: …Պարտէզին մէջ Քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ…» (Ծն 3.7-8, 10):

Մարդ ինչքան ալ մեղաւոր ըլլայ, եթէ իր խիղճը ամբողջութեամբ չէ սառած, այս մտատանջութիւնը յաճախակի կերպով կ՚ունենայ եւ միշտ կը կարծէ, որ իրեն հետեւող մը կայ, զինք դատապարտող մը կայ իր գործածներուն համար, այլ խօսքով, կայ զինք զգաստացնող ձայն մը, որ իր գործածները սխալ են: Բայց, մարդ, ինչ-ինչ բաներէ տարուելով, յաճախ կ՚անտեսէ այդ ձայնը եւ կը շարուանակէ մեղանչել եւ չարութիւն գործել:

Պատուիրանազանցութիւնը, արդարեւ, մարդս կը տանի դէպի այդ մտատանջութիւնը, որ ներքնապէս կը մաշէ զիրենք:

Պատուիրանազանցներուն մասին Տէրը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ: Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ: Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկրին մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին» (Ղւ 26.37-39): Իսկ գիտակցելու, խոստովանելու եւ զղջալու պարագային, Տէրը կ՚ըսէ. «Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը: Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին, այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ» (Ղւ 26.40-42):

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը խօսելով ամբարիշտներու վիճակին մասին եւ անդրադարձ կատարելով Առակացի վերոյիշեալ համարին մասին, կը գրէ.

* Կը տեսնէ՞ք ժայռը: Կը տեսնէ՞ք աւազը, եւ թէ ինչպէս շինութիւնը անոր մէջ դիւրութեամբ կ՚ընկղմի եւ թէ ինչպէս դիւրութեամբ կ՚ազդուի դժբախտ պատահարներէն, եւ ինչպէս կը պարտուի: Հակառակ այն իրողութեան, որ կը վայելէ աջակցութիւնը միապետութեան, համայնքին ու ազնուականութեան, բայց եւ այնպէս ան ո՛չ թէ սովորական կերպով կը կործանի, այլ անոր կործանումը մեծ կ՚ըլլայ: Գիրքը կ՚ըսէ. «Ահաւոր էր անոր կործանումը» (տե՛ս Մտ 7.27):

Վտանգը այս չնչին գործերուն մէջ չէ, այլ՝ հոգիի կորուստին, դրախտի եւ յաւերժական օրհնութիւններու կորուստին մէջ: Կորուստէն առաջ ալ չկայ աւելի թշուառ կեանք, քան այսպէս ապրող մարդուն կեանքը՝ մշտական թշուառութեան, նեղութեան, իրարանցումի եւ հոգերու մէջ: Այս կեանքի մասին անգամ մը իմաստունը խօսած է, ըսելով. «Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի» (Առ 28.1): Որովհետեւ, այդպիսները կը վախնան նոյնիսկ իրենց շուքը տեսնելով, ինչպէս նաեւ կը կասկածին իրենց ընկերներուն, թշնամիներուն եւ ծառաներուն, իրենց ճանչցողներուն կամ չճանչցողներուն: Այդ պատճառով, նախքան իրենց վերջնական պատիժը, այստեղ եւս ծանր պատիժով կը պատժուին, որովհետեւ կը մերժեն գործադրել բարի եւ արդար պատուիրանները, խաբուած ըլլալով ներկայ ժամանակներու բաներով, փոխանակ փախչելու մեղքի կեանքէն: Անոնք պէտք էր փախչէին չարութենէն:

Իսկ Պետրոս Շանշեանց ամբարիշտը կը նմանցնէ հպարտին, որովհետեւ ամբարշտութիւնը մարդս հպարտութեան կ՚առաջնորդէ: Շանշեանց կը գրէ.

* Հպարտութիւնը խիստ կորստական հետեւանքներ ունի: Հպարտութիւնը յանցաւոր եւ ապերախտ կը ցցնէ մեզ Աստուծոյ առջեւ, Որմէ ստացած ենք ամէն բարիք եւ որ պարտաւոր ենք մեր բոլոր սիրտով փառաւորել: Հպարտութիւնը կրօնական զգացումին մեծ արգելք է, որովհետեւ, քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը կը մտածէ բնաւ չմտածել, այլ՝ մեր սիրտը, մեր միտքը եւ մեր կամքը աստուածային կամաց հնազանդեցնել, ճանչնալ մեր մեղքերը եւ այն դատապարտութիւնը, որուն արժանացած էինք, դիմել Աստուծոյ ողորմութեանն ու շնորհքին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով: Հպարտ եւ ամբարտաւան սիրտը այս կանոններուն կ՚ընդդիմանայ. ամբարիշտը նոյնիսկ ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ անսանձ եւ կատաղի հպարտ, որ չ՚ուզեր ո՛չ մէկ լուծ կրել, չ՚ուզեր ճանչնալ ո՛չ մէկ իշխանութիւն եւ կ՚ուզէ հետեւիլ միայն իր ցանկութիւններուն եւ կիրքերուն: Հպարտութիւնը անիրաւ կը դարձնէ մարդը իր ընկերոջ նկատմամբ: Հպարտը սառնութեամբ կը նայի իրմէ բարձր բաներուն ու չարաչար կ՚ատէ. ան անխնայ կերպով կ՚աշխատի նուաստացնել ինչ որ բարձր է, եւ այս մասին ի գործ կը դնէ ամէն տեսակի անարգ միջոց՝ չարախօսութիւն, բամբասանք, կռիւ, վէճ եւ խռովութիւն: Ան կը ձգտի միայն բարձրանալ, ինչ ճանապարհով ալ ըլլայ: Հպարտը երբեք իրաւունք չի տար տաղանդին եւ արժանաւորութեան, այլ՝ անդադար վէճեր ու գանգատներ կը վառէ ու կը բորբոքէ: Ան գերդաստանի միութենէն քաղցրութիւնն ու պատիւը կը խլէ եւ ինք դիւրագրգիռ է ամէն տեսակի թեթեւ անպատուութեան համար: Հպարտը խստութեամբ կ՚իշխէ եւ զզուանքով կը հնազանդի, հետեւաբար ան հասարակութեան համար պատիժ է: Հպարտը նոյնիսկ ինքն իր անձին համար վնասակար է, անմիտ ձեռնարկութիւններ հնարելով թէ՛ իր անձը եւ թէ ուրիշներունը մեծ դժբախտութեան կ՚ենթարկէ: Արգելք կը հանդիսանայ մանաւանդ ուղղութեան եւ զղջումին, որով մարդիկ կրնան Աստուծոյ ողորմութիւնը գտնել՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Սուրբ Գիրքը այսպէս կը խօսի հպարտութեան մասին. «Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն եւ իրենց առջեւ խոհական են» (Ես 5.21). «Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. “Իմաստունը իր իմաստութիւնով թող չպարծի ու զօրաւորը իր զօրութիւնով թող չպարծի, հարուստը իր հարստութիւնով թող չպարծի. բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ, թէ Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ՚ընեմ. քանզի Ես ասոնց կը հաճիմ”» (Եր 9.23-24). «Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի, թէ Աստուծմէ բան առած չէ» (Ա. Կր 4.7). «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պտ 5.5): Սուրբ Գիրքը պարզապէս կը հաստատէ, թէ ինչպէ՞ս Աստուած սաստիկ կերպով կը պատժէ հպարտ փարաւոնը, Նաբուգոդոնոսորը: Հպարտը շատ անգամ արտաքնապէս շռայլ կ՚երեւի, հագուստի մէջ՝ պճնասէր, տան մէջ՝ շքեղասէր, ձի եւ կառք պահելու մէջ՝ զարդասէր, հիւրասիրութեան եւ մեծարանաց մէջ՝ չափազանց մսխող: Շռայլութիւնը մեր կարողութենէն վեր ծախսերու կ՚ենթարկէ մեզ, մեր հարստութիւնը կը վատնէ եւ աղքատութեան դուռը կը հասցնէ: Շռայլութենէ հեռանալու համար պարտինք հետեւիլ այս կանոններուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 137

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025