ԺԱՄԱՆԱԿ ՈՒՆԻ՞ՆՔ

Իր բոլոր հասակակիցներուն պէս, 13-ամեայ մանչս իր հեռաձայնին հետ է միշտ: 

Նոր չէ այս սովորոյթը, խոստովանիմ: Ցաւօք, բաւական կանուխ մտերմացաւ ան խելացի այս գործիքին հետ: Տունը եղած պահերուս արդէն վարժուած եմ անոր հեռաձայնէն ելած ձայներուն: Աւելի փոքր տարիքին մանկական երգեր էին անոնք, «Թոմ եւ Ճերի», «Սփոնճ Պոպ» եւ այլ մանկական ֆիլմեր, որոնք հետզհետէ վերացան եւ իրենց տեղը տուին տարբեր խաղերու եւ անոնց ընդմէջէն հնչող երաժշտութեան, որ, իսկութեան մէջ, շատ յաճախ կարելի ալ չէ երաժշտութիւն կոչել…

Այս բոլորին վարժուած եմ ես: Կը զարմանաք երեւի, եթէ ըսեմ, որ տղուս հեռաձայնին ձայնը չելլե՛լն է, որ զիս կը մտահոգէ… ուրեմն, հազա՜ր բարի կոճակներու թխթխկոցին, կախարդական զէնքերուն, թռչող սուրերուն, ժայթքող քարերուն, Մսթըր Պիսթի եւ Այշօ Սփիտի արդէն ծանօթ պոռչտուքին, որ ինծի համար աւելի՛ խաղաղութիւն ներշնչող է, քան փակ դուռի մը ետեւ ցած ձայնով դիտուող որեւէ բան: 

Կեանքի դժուարագոյն դասերէս մէկն էր Մալերին, Կրիկին ու Ֆորէին ներշնչած խաղաղութեան զուգահեռ՝ անթոն աղմուկով մը խաղաղիլ. առաջինը երեւակայելի էր, միւսը՝ շօշափելի: 

Մեծցանք հիմա քիչ մը. արդէն տեղեկատու տեսանիւթեր կը հնչեն առօրեայ մեր եթերին մէջ: Աշխարհի առաջին մոպայլներուն մասին խօսող ծրագիր մը կը լսէինք վերջերս, երբ անջատեց տղաս հեռաձայնը ու հարցուց. 

-Ինչպէ՞ս կ՚ապրէիք այն ատեն, մամա՛: 

Կ՚ապրէիք-ը ինծի յուշեց, որ տղուս համար Քրիստոսէ հազարամեակներ առաջուայ հնագոյն շրջանին պատկանող անթիք էակ մըն եմ ես. 

Չտխրեցուց զիս այս դասակարգումը։ 

Ինչ լաւ է, որ այնքան հին եմ, որ ո՛չ միայն առանց համացանցի, այլեւ՝ առանց մոպայլ ու գետնի հեռաձայնի ալ ապրած եմ ես: 

Այո՛, հեռաձայն չունէինք մենք: Եթէ մէկու մը շա՛տ անհրաժեշտ ըսելիք բան մը ունենայինք, մեր վարի դրացիներուն հեռաձայնը կը գործածէինք եւ հազար անգամ կը մտածէինք հեռաձայնելիք մարդուն ու մեր դրացիներուն յարմար եղած պահերը ընտրելու մասին. առտու կանուխ, գիշերը ուշ, իրերայաջորդ զանգեր չկային: 

Աւելի նրբանկատ էինք. վստահ եմ: 

Դուրսի՜ աշխարհին կապուելու համար հեռաձայնիդ զերոն պէտք է բաց ըլլար. սուղ մենաշնորհ մը, որ մեծ թիւի մը կը վերածուէր ամսուան վերջը վճարուող հաշուեգիրին մէջ…

Ի՛նչ մարդկային էին այս հաշիւները: 

Ծանր այս գումարէն աւելի աժան միջոց մըն ալ ունէինք դուրսի մարդոց հասնելու՝ այսօր գրեթէ անհետացած ձեռագիր նամակը: 

Կը ցաւիմ խորապէս բոլոր անոնց համար, որոնք ձեռագիր գոնէ նամակ մը չեն գրած իրենց կեանքի ընթացքին: 

Նամակի տետրակին դիմաց նստիլը, ըսելիքդ մտքիդ մէջ պատրաստելը, փորձի համար գրելը, քանի մը անգամ պատռել-թափելը, վերջնական տարբերակին հասնիլը, պիլիոններուն օգտագործած ֆոնթով չէ, այլ՝ քու ներսդ թափանցող ձեռագիրովդ գրելը, տեղ մը կենալը, կախման կէտեր դնելը, ամէն անգամ դիմացինին «լաւ լուրերուն սպասող» մը ըլլալով վերջացնելը, ուղարկուած երկրին համեմատ պահարանին գոյնը փոխուիլը, անոր չափին համեմատ թուղթը խնամքով ծալելը, պահարանը լեզուովդ գոցելը, լաւ մը գոց ըլլալէն վստահիլը, հասցէներ գրելը, նամակը ձեռքովդ նամակատուփին մէջ նետելն ու…. այսօրուան մեր ամենաչըրած բանը՝ սպասելը: 

Այս բոլորը չնողը ասոնց արժէքը կրնա՞յ գիտնալ։ 

Զանգ մը, նամակ մը, պատասխան մը, տպուելիք նկար մը սպասելով չսորվեցա՞նք, որ ժամանա՛կ կը պահանջեն կեանքի արժէքաւոր բաները: 

Միայն սպասելով զգացինք, որ կորսուած ժամանակ չէ՛ բան մը ղրկելուն ու անոր պատասխանը ստանալուն միջեւ եղած տարածութիւնը, երբե՛ք: Խանդավառ մտահոգութիւն է, յոյզ է եւ գեղեցիկ երեւակայութիւն…

Օրերով, շաբաթներով ու թերեւս ամիսներով կը սպասէինք, ճի՛շդ է, բայց ինքնավստահ կ՚ըլլայինք, որ մեր ամենակարելին ըրած ենք դիմացինին մեր մէջ եղած արժէքը իրեն փոխանցելու համար: 

Վստահութիւն էր սպասելը: 

Չհասնէր՝ կը տխրէինք. սիրտ ու ձեռքով մեր գրածին համար կ՚ափսոսայինք, իսկ եթէ հասնէր ու մեր նամակին պատասխանը ստանայինք, ներսինը չվնասելու համար պահարանը ծայրէ՜ն ուշադիր պատռելու խինդը այսօրուան զարմանահրաշ բոլոր հեռաձայններուն խելքերը կրնար կշռել…

Համացանցի սերունդներուն անծանօթ՝ նամակատարին եւ գերմարդկային այս պաշտօնին մասին ինչե՜ր կարելի է պատմել. այսօրուան «սէօրվըր»ներն են անոնք՝ քայլող ոտքի վրայ: Կեանքէդ բաժին մը օտար մարդու մը յանձնելէն ու վստահելով սպասելէն աւելի մարդկային ու գեղեցիկ ի՛նչ կրնայ ըլլալ… 

Ափսոս, դուռը թակող մարդ մը չէ՛ այսօր մեր նամակը հասցնողը, այլ՝ անարժէք նամակներու խճողումէն խուսափելով, շատ յաճախ ձայնը կամովին կտրուած «նոթիֆիքէյշըն» մը:

Ջղագրգիռ մտահոգութեան վերածուած առեւտուր են այսօրուան «delete for me» եւ «delete for everyone» բացառիկ յատկութիւննները ունեցող անարժէք մեր նամակները: 

Եւ չ՚արժե՞ր արդեօք մտածել, թէ սպասման մեր ժամանակները կրճատող, սո՜ւղ մեր ժամանակը խնայող սքանչելագործ այս զարգացումը պէտք չէ՞ մեզի աւելի վստահութիւն, հանգստութիւն ու ապահովութիւն ներշնչէր…

Այդպէ՞ս ենք արդեօք: 

Զանգէ՛ կամ նամակ մը գրէ այսօր. 

Տեսաւ, չտեսաւ, կապոյտ է, կանաչ է, մէկ գիծ է, երկու գիծ է, օնլայն է չտեսաւ, ե՞րբ տեսաւ, տեսաւ չպատասխանեց, քանի՞ ժամ վերջ պատասխանեց, նոյնը ընեմ, նոյնը չընեմ… թերի, անտեղի եւ անիմաստ մեկնաբանութիւններ, որոնք աժան առեւտուրի մը վերածած են մեր յարաբերութիւնները (եթէ՜ կարելի է զանոնք յարաբերութիւն կոչել)… 

Բարգաւաճ մեր արհեստագիտութեան սեղանին դրուած ձրի ապրանքներ ենք բոլորս: 

…. 

Անպատասխան չձգեցի տղաս ու փորձեցի ես այս բոլորը բացատրել… 

Աչքը քիչ մը վրաս, քիչ մը հեռաձայնին՝ բաւական ծանրակշիռ «օք» մը ըսաւ ան։

Զրոյցը վերջացաւ։ 

Փա՜ռք այսօրուան արագութեան, որուն շնորհիւ այլեւս չենք կրնար, չենք գիտեր սպասել: 

Կորսնցնելիք ժամանակ չունինք: 

Շտապի մէջ ենք, բայց միշտ ուշացած:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026