ԼՈՒՍԻՆԸ ՀՈՐԻՆ ՄԷՋ ՉԻՆԿԱՒ
Քսան տարի ետք, արաբական բազմաթիւ քաղաքաներու իյնալէն ետք, ընկերոջս եբրայերէն լեզուով արտայայտած միտքերս հաճելի չթուեցան մարդու մը, որ ճաշարանին մէջ նստած էր, որով բորբոքած կերպով սկսաւ պաշտպանել իսրայէլեան անիրաւութիւնը, այն պատրուակով, որ [մտածումներս] ծայրայեղ են: Ան ըսաւ ինծի, թէ արաբները չես ճանչնար, որովհետեւ եթէ ճանչնայիր զանոնք, ապա արդարութեան ամսին այս ոճով չէիր խօսեր: Խնդրեցի անկէ, որպէսզի լուսաբանէ զիս. յօնքերը կիտեց եւ հարցուց ինծի, թէ լսա՞ծ եմ ալ-Պիրուա անունով գիւղի մը մասին:
Ըսի. ո՛չ. ո՞ւր կը գտնուի:
Ըսաւ. աշխարհի երեսին վրայ պիտի չգտնես զայն. պայթեցուցինք զայն, ապա հաւասարեցուցինք անոր հողը քարերու, ապա փորեցինք զայն եւ պահեցինք ծառերուն տակը:
Ըսի. որճրագործութիւնը գաղտնի պահելո՞ւ համար:
Հակառակեցաւ սրբագրելով զիս. ո՛չ, այլ ծածկելու համար իր անիծեալ որճրագործութիւնը։
Ըսի. ի՞նչ է անոր որճրագործութիւնը:
Ըսաւ. դիմադրութիւն ցոյց տուաւ մեզի…, կռուեցաւ մեզի դէմ: Մեծ վնասներ պատճառեց մեզի եւ ստիպուեցանք երկու անգամ գրաւել զայն: Առաջին անգամ, կ՚ընթրէինք, թէյը տաք էր, պարտիզպանները անակնկալի բերին մեզ եւ զայն վերադարձուցինք: Ինչպէ՞ս կրնայինք այս անարգանքին համբերել: Դուն արաբները չե՛ն ճանչնար, եւ ահա ես կը պատմեմ քեզի անոնց մասին:
Երբ ըսի անոր, թէ արաբ եմ եւ թէ այդ գիւղը՝ գիւղս էր, փորձեց ներողութիւն խնդրել ինձմէ մեծ ջանքերով եւ քաղաքավարութեամբ, եւ սկսաւ ինծի խաղաղութեան մասին խօսիլ: Ապա, հրաւիրեց զիս, որպէսզի այցելեմ իր խանութը, ուր աճուրդի համար ցուցադրուած են այն գողցուած ապրանքներն ու կահկարասիները, որոնք ալ-Քունայթիրա քաղաքէն գողցուած են:
Մի քանի օր ետք, հրէական երկու գաղութներ իրենց արծաթէ յոբելեանը կը նշէին ալ-Պիրուայի հողին վրայ իրենց ծնունդին կապակցութեամբ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը խօսէի արաբներուն հասած անիրաւութեան մասին, երբ «Ալըսթիթան-գաղութ» պարբերականին լրագրողը հակադարձեց ինծի: Ձեռքով իրենց ցոյց տուի տօնակատարութեան լուրին մասին, չափազանց քաղաքավարութեամբ փորձեց ներողութիւն խնդրել եւ ինծի խաղաղութեան մասին խօսեցաւ:
Այսպէս են անոնք…, որճրագործութիւնը կը գործեն եւ ապա կը թաղեն զայն: Իսկ երբ զոհը դէմ առ դէմ կու գայ անոնց հետ, կը շեղին ու կը սկսին խաղաղութեան մասին խօսիլ:
«Հող մը տուի ձեզի, ուր դուք չյոգնեցաք, եւ քաղաքներ՝ որոնք դուք չկառուցեցիք՝ սակայն այնտեղ բնակեցաք, ինչպէս նաեւ այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուք չտնկեցիք, սակայն դուք կ՚ուտէք անոնց տուած բարիքները»:
-Ատկէ ետք այցելեցի՞ր զայն:
Մեծ հայրս երբ գիտակցեցաւ, որ Լիբանանի մէջ մեր կեցութիւնը ո՛չ ճամբորդութիւն է եւ ո՛չ ալ պտոյտ, եւ թէ պատերազմը վերջացաւ ամէն ինչ իյնալէ ետք, ինչպէս նաեւ գիտակցեցաւ, թէ այգիները՝ որոնք ինք տնկած էր՝ հրեաները կ՚ուտեն ատոնց տուած բարիքը, եւ անոնց յիշատակը օգնութեան թուղթի կը վերածուի իր ձեռքին մէջ, սկսաւ զգալ, որ դուրս գալը սխալ է: Սկսաւ գիտակցիլ օտարութեան եւ աքսորին, որով ապաւինեցաւ յոյսեր փայփայելու բանակներուն վրայ, գործնական ներկայութեամբ իր իրատեսական պատկանելիութիւնը վերադարձնելու անհրաժեշտութենէն մղուած՝ իր հողին վրայ: Այս հարուածը՝ որ յառաջացուց զայն յուսահատութեան ապաւինելու զէնքին՝ որ ուրիշները կը բռնեն, մինչ դուն անզէն ես՝ բացի իրաւունքէն. հնարեցիր «ներթափանցելու ըմբռնումը» բռնագրաւուած հողեր՝ ինչ ալ ըլլային գինն ու արդիւնքը, որպէսզի կարենայ իրագործել ներկայութիւնը եւ ձերբազատիլ անարգանքէն: Մրրկալից գիշերով մը ներթափանցեցինք՝ մահուան վտանգին տակ: Միասին չգացինք, վախնալով որ ընտանիքը կը քայքայուի՝ եթէ ներթափանցողներու կարաւանը յանկարծ վտանգի ենթարկուի: Հանդիպեցանք գիւղին մէջ երկու օր դժուարութեամբ սողալէ ետք: Ահաւասիկ, մենք կրկին անգամ Պաղեստինի մէջ ենք: Ա՛յս է վերադարձը: Չէին գիտեր, որ մեր մարմնական ներկայութիւնը հայրենիէքն ներս, օրինաւոր բացակայութիւն մըն էր, որ ասպատակողները չափազանց արագութեամբ սահմանած էին: Մեզ կոչեցին՝ «ներկայ բացակաները», որպէսզի մենք ո՛չ մէկ բանի իրաւունք ունենանք: Սակայն, իմացանք, որ վերադարձողներէն հազարաւորներ՝ միայն բռնէին զանոնք, զինուորական մեքենաներու մէջ կը դրուէին եւ սահմանին կը նետուէին՝ ինչպէս կը նետուէին ժամանակը անցած ապրանքները:
Գիտէինք նաեւ, որ անոնցմէ հարիւրաւորներ փամփուշտով սպաննուեցան, որպէսզի դադրին այլեւս վերադառնալու փորձեր ընելէ: Իմացանք նաեւ, որ մօրաքրոջս ամուսինը, օրինակ, այն ատենէն ի վեր Լիբանանէն ներթափանցեց՝ սակայն մինչեւ այսօր տակաւին չէ հասած: Ո՞ր մէկը աւելի ցաւոտ է. գաղթական մը ըլլալ ուրիշի՞ն հողին վրայ, թէ՞ գաղթական մը ըլլալ հայրենիքիդ մէջ: Այս հարցումը մնայուն կերպով կը հարցնէ հոգեբանական ճնշումը՝ որ յառաջացուցած է զայն իսրայէլեան իրականութիւնը, երբ արաբ քաղաքացին կը տեսնէ, թէ իսրայէլեան գութանը կը մխրճուի իր հողին եւ մարմինին մէջ, աշխարհի բոլոր ծայրերէն եկողներուն համար հանելու ցորեն եւ խաղող, մինչ կ՚արգիլուի իրեն նոյնիսկ ուխտագնացութիւն կատարել դէպի իր հողը: Հողը ա՞յս աստիճան սրբութիւն ունի. պաղեստինցիին համար, այո՛: Գիւղերը ցանկաթելերով պատուած են զինուորական կառոյցներուն կողմը, եւ այդ ցանկաթելերէն անցնիլը բանտ եւ տուգանք կը պատճառեն:
Իսկ գիւղերը որոնք քանդուելով պատժուեցան՝ որ տասնեակներով են, կամ իրենց հողի բերրիութեան պատճառով, կամ ալ Թաուրայէն ելած սուրին դիմադրելնուն պատճառով: Արգիլուած է անոնց տէրերուն, որպէսզի մօտենան անոր, ինչքան ալ փոփոխութիւններ կատարուին իսրայէլեան ապահովութեան ցանկապատին վրայ: Այստեղէն, գիւղ հասնիլը անկարելի էր: Յայտնաբերեցինք, թէ վերադարձը լուծում մը չէր ապրուստի խնդիրին եւ ո՛չ ալ լուծում մըն էր հոգեբանական օտարութեան:
Սակայն, ատիկա սեփական ներկայութեան խորացում էր եւ կամաւոր աքսորի այլընտրանք էր, ինչպէս նաեւ ճշմարտութեան եւ ինքնութեան ակունքներուն մօտենալու արկածախնդրութիւն: Ա՛յս է ինքնութիւնս եւ ինչքան դաժան է օտարութիւնս: Սակայն, օտարութիւնս այստեղ, դրական է, որովհետեւ անոր աղբիւրը դուրս է իմ կամքէս եւ քանի որ ես ներկայ եմ: Իսկ կսկիծը, որ կը կը լիցքաւորէ կապս արգիլուած սուրբ հողին հետ, կը վերածուի մերժելու ուժի: Տէյր ալ-Ասատէն դէպի Աքքա տանող ճամբուն մէկ հարթավայրին վրայ կանգնած էր ալ-Պիրուան: Ցուցատախտակը չէր՝ որ ուրիշ անուն մը կը կրէր, զիս այնտեղ առաջնորդողը: Եղջերենիի հսկայ ծառն էր, որ զիս առաջնորդեց, որու կողքէն տարիներ առաջ սկսայ մայրս փնտռել: Տակաւին, զիս առաջնորդեցին սիրտիս հատիկները, որոնք կուտակուած էին անձրեւէն ու կարօտէն: Վայրը տարածութիւն մը չէ՛ սոսկ, այլ՝ հոգեբանական վիճակ մըն է նաեւ: Ո՛չ ալ ծառը ծառ է, այլ՝ երաշխաւորութեան [խնամակալութեան] ճիւղեր: Լացն ալ մատներուս ծայրէն կը հոսէր: Փոխադրակառքը արագութեամբ անցաւ: Վերադարձին՝ մանկութեանս տխրութիւնները նորոգուեցան: Առջեւս կանգնած այս երազը, ինչո՞ւ համար կրկին անգամ չեմ հագնիր, ըսելու համար, թէ սպաննող հաճոյքին հասայ: Զինուորները կը հսկեն երազիս, եւ ներս պիտի մտնեմ՝ երբ անոնք քնանան:
-Քնացա՞ն… մտա՞ր:
Ատիկա աւելի ուշ պատահեցաւ: Լալը այլեւս յարմար չէր իմ տարիքիս մէջ եղողին: Ես կարողութիւնս կը փորձէի դիմադրելու այն մանուկին, որ եօթը տարեկան հասակին ձգեցի: Փուշը ինձմէ եւ իրմէ աւելի երկարած էր, որով միասին կորսուեցանք: Այլեւս չէինք գիտեր, թէ ո՞վ, որո՞ւ պիտի գտնէ: Ասկէ առաջ չէի տեսած այս գոյնի թռչուններ՝ կանաչ եւ կապոյտ: Սուր փուշ մը վիրաւորեց զիս. ուրախացայ, որովհետեւ հասնելու կէտն էր: Ուխտագնացութեան երթալու զգացումին մէջ ընկղմած էի, սակայն ալ-Քաապան չգտայ: Ո՞վ հողին այսքան վայրենութիւն տուած է, բացի աքսորը: Գռզի ծառերը մեծցած էին, որոնց մէջ նետեցին հայրս անգլիացիները եւ կացիններով կտրտեցին զանոնք, որով բժիշկը անոր մորթին մէջէն հարիւր հատ փուշ հանեց, չհաշուած անոնք, որոնք միսին մէջ կորսուած էին:
Ո՞վ աւելի բախտաւոր է, հայրիկ. ա՞ն, որ շարունակեց փուշ ուտել եւ շարունակեց հողը մշակել, թէ՞ ան, որ դէպի հող եկաւ եւ այնտեղ փուշէն բացի ոչինչ գտաւ: Իսկ այս փոքրիկ հովիւը, որ զարմացաւ բարեւելէս: Ուրկէ՞ ես. Եամանէ՞ն. ըսի անոր, թէ այս գիւղէն եմ, կարծես թէ հռոմէացի մըն եմ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ այս աւերակները հռոմէական գիւղի մը մնացորդներն են:
«Իսկ եթէ գացին տեղ մը, ուր վայրի կենդանիներ կան՝ որ հրեաները անոնց սովոր չեն, ինչպէս օրինակ, մեծ օձերը, ապա այդ երկրի բնակիչները պիտի գործածեմ՝ նախքան անոնց գործ տալը դրացի երկիրներուն մէջ, որպէսզի օձերն ու անոնց հաւկիթները սպաննեն ու վերացնեն»: Այսպէս ըսած է Հերզըլը…, եւ թերեւս այս փոքրիկ հովիւը, որ Եամանէն եկած է, կը կարծէ, թէ օձ կը փնտռեմ:
Շարունակեցի ճամբաս փուշերուն եւ քարերուն մէջէն՝ փնտռելու համար այն մանուկը, որ այստեղ ձգած էի: Թութի ծառը չգտայ, որու վրայ կը մագլցէր, ո՛չ ալ հրապարակը՝ որու մէջ կը կորսուէր: Ո՛չ մէկ բան…, ո՛չ մէկ բան բացի եկեղեցիի կմախքէն, ուրկէ զանգակը կորսուած էր: Եկեղեցիէն ներս մտայ, ուր կային կովեր, որոնք ծուլութեամբ կը ծամէին: Այլեւս չէի կրնար դիամանալ աւերակներու տեսարանին՝ մարմնաւորելու համար երազս, որովհետեւ պատկանելիութիւնս այլեւս բնազդային չէր…, այլ՝ աւելի գիտակից եղած էր, իսկ երազիս բովանդակութիւնը՝ ո՛չ թէ անոր պայթիլը, իմ Հարցս եղաւ:
-Չըսիր, թէ ինչո՞ւ դուրս եկաք: Ինչո՞ւ մինչեւ պարտութիւնը այս համոզումներուն չհասաք:
Հայրս կ՚ըսէ, թէ չէին հասկցած, թէ ինչ կը կատարուի: Անոնք կը կարծէին, թէ պատերազմը վստահօրէն անցնող գացող էր: Գիւղերէն դուրս գալը մարմինը մահէն ազատել էր միայն, որը չէր նշանակեր հողէն հրաժարիլ: Ըստ երեւոյթին, հայրենիքի հասկացողութիւնը կարիք չունէր միտքի ջանքի, հաւաքական ուժ հաւաքելու եւ ծրագրաւորելու: Տունը, այգին ու արօրը զինուած չէին եւ, ըստ երեւոյթին, մնալու կոչ ընելը պատերազմին մաս չէր կազմեր, որովհետեւ համազօր ուժերով եւ սպասելիքներով չէր սահմանափակուած: Այդ կը նշանակէ՞, որ ազգային զգացումը այդքան գէշ էր. ո՛չ: Փաստը այն է, որ պարտիզպանները կամաւորաբար կ՚արձանագրուէին պայքարելու համար, մղուած զուտ ազգային դրդապատճառներէ: Սակայն, կազմակերպուածութիւնն էր գէշ: Տարածուած տպաւորութիւնը՝ կամ խաբկանքը, այն էր, որ դուրս գալը ժամանակաւոր էր, մի քանի օրերու համար միայն: Ինչո՞ւ համար մանուկները, ծերերն ու կիները այսպէս ձրիաբար կը մեռնին, եթէ ժամանակաւոր դուրս գալը կ՚երաշխաւորէր իրենց ապահովութիւնը եւ միաժամանակ կ՚երաշխաւորէր յաղթանակը: Հրեաները արաբներուն ելքը որպէս պատրուակ կը բռնեն պատճառաբանելու, թէ անոնց կը պակսի հայրենիքին պատկանելիութեան զգացումը եւ անոնց կը պակսի արժանի ըլլալը հայրենիքի մը՝ որ զայն դիւրութեամբ լքեցին: Հրեաները միայն իրենք զիրենք կը խաբեն՝ երբ կը հաւատան իրենց բերած պատճառաբանութեան. անոնք տարածուած ընդհանուր տպաւորութիւնը դիմաւորեցին այնպէս, որպէս թէ իրենց հրացաններով ու դաշոյններով հեռանալը ժամանակաւոր էր, ինչ բանը զօրաւոր պատճառ մը աւելցուց արաբներուն, որպէսզի դուրս գան: Իրենց առջեւ հետեւեալ ընտրութիւնը դրին. կա՛մ մեռնիլ, կա՛մ ալ մի քանի օրով գաղթել: Տակաւին, Պաղեստինը արաբներէն դատարկելը պարագաներու բերումով արտակարգ գործողութիւն մը չէր, այլ՝ հաստատ ծրագիր մըն էր սիոնիստական գործելակերպի մարտավարութեան՝ նախքան Իսրայէլը հիմնելը, պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք: Այդ ծրագիրը գործադրեցին զէնքի բռնութեամբ եւ կրօնական արտօնութիւն մըն ալ գտան Նաւէի որդի Յեսուի ասացուածքին մէջ, թէ՝ «Տիրոջ օրը սարսափելի է»: Տակաւին, քաղաքական արտօնութիւն ալ գտան, իրենց գործադրելի օրէնքներուն մէջ: Մենախիմ Պեկինը ըսած էր. «Եթէ Տէյր Եասինի յաղթանակը չըլլար, ապա Իսրայէլ պետութիւնը գոյութիւն չէր ունենար»: Ատենին, Տէյր Եասինի ջարդին դրդապատճառները չծածկեցին, երբ իրենց ինքնաշարժները կը շրջէին ու բարձրախօսներով կը յայտարարէին հետեւեալ ընտրութիւնը կատարել. կա՛մ դուրս կու գաք, կա՛մ ալ ձեզի ալ կը պատահի նոյնը՝ ինչը պատահեցաւ Տէյր Եասինի մէջ: Ատկէ ետք բոլոր գիւղերը, որոնք գրաւեցին, ատոնց բնակիչները կը հաւաքէին հրապարակին վրայ եւ երկար ժամեր արեւին տակ կը ձգէին, ապա ամենէն գեղեցիկ տղաքը կ՚ընտրէին եւ գիւղի բնակիչներուն աչքերուն դիմաց կը սպաննէին, որպէսզի զիրենք ընրտութեան առջեւ կանգնեցնեն եւ որպէսզի ջարդին լուրը հասնի այն գիւղերուն, որ տակաւին չեն գրաւուած, ինչպէս նաեւ որպէսզի իրենց մէջ զսպանակուած պատմական ոխերը դատարկէին: Հրեաները գտան օրինական արտօնութիւն մըն ալ, որ կ՚ըսէ, թէ արաբները իրենց հողերը ծախեցին: Ցաւալի է, որ որոշ արաբական համոզումներ համաձայնին հրէական այս սուտին հետ, առանց այդ համոզումին տէրերը փորձելու իմանալ, թէ հրեաները մինչեւ 1948 թուականը, Պաղեստինի հողերուն վեց տոկոսէն աւելին չունէին:
«Տխրութեան սովորական օրագիր»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ