ԱԿՆԱՐԿ - 179 - ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵՐ ԱՄԵՆԷՆ ՄԵԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Թերեւս ոմանք ըսեն, ինչքան կարելի է նման նիւթերու մասին գրել: Այսօր կան շատ աւելի կարեւոր նիւթեր, որոնց մասին կ՚արժէ գրել: Հաւանաբար, իրաւացի ըլլան այդ պնդումները: 

Այստեղ, սակայն, հետեւեալ հարցումը կը ծագի: Եթէ այս ու նման նիւթերը անտեսուին ու դադրինք այս եւ նման նիւթերու մասին գրելէ, մտածելէ կամ խորհելէ, ի՞նչ պիտի ըլլանք, ինչի՞ պիտի վերածուինք, ի՞նչ ինքնութիւն եւ ի՞նչ նկարագիր պիտի ունենանք: 

Այսօր գաղտնիք չէ, որ իւրաքանչիւր հայ (բացառութիւն են իրենք զիրենք հայ համարողները, բայց հայութեան հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունեցողները) ներքնապէս հպարտ կը զգայ՝ պատկանած ըլլալու համար այս ժողովուրդին, որ կը կոչուի Հայ ժողովուրդ: 

Մեր ժողովուրդը, արդարեւ, դարաւոր իր գոյութեան ընթացքին յաջողած է ինքզինք պահել ու բարձրանալ քաղաքակիրթ այն ժողովուրդներու ու հաւաքականութիւններու մակարդակին, որոնք այսպէս կամ այնպէս իրենց անջնջելի հետքը ձգած են մարդկային պատմութեան էջերուն վրայ: 

Իսկ այսօր, փորձ կը կատարուի դարաւոր այդ պատմութեան էջերը ո՛չ միայն «վերախմբագրել», «վերասրբագրել», այլեւ որոշ էջեր ընդ միշտ ջնջել ու անհետացնել: Այլ խօսքով, այսօր յստակ աշխատանք կը տարուի Հայաստանէ ներս թէ սփիւռքի մէջ՝ ցաւօք սիրտի, մեր ազգային յիշողութեան հիմքերը խախտելու, վերացնելու եւ անոնց փոխարէն յառաջացնելու առօրէական մտածողութեամբ հայ անհատ մը, որու միակ մտահոգութիւնը ըլլայ գումար շահիլ, կեանքը «վայելել», կարծէք մարդ այդ նպատակին համար ստեղծուած ըլլայ միայն: 

Այստեղ չենք ուզեր մտնել հոգեւոր հասկացութիւններու ու բացատրութիւններու մէջ: Պարզապէս կը փորձենք այս հարցին մօտենալ, որպէս շարքային հայ մը, աւելին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը: 

Որպէս հայ, որպէս Հայաստանի քաղաքացի եւ որպէս սփիւռքահայ, այսօր մենք կոչուած ենք պարզապէս դրա՞մ շահելու, լաւ դիրքե՞ր ունենալու, մեր կեա՞նքը «վայելելու», թէ՞ կոչուած ենք շարունակելու մեր նախնիներու դարերով երկարած աւանդութեան ու պատմութեան ընթացքին շարունակողները ըլլալու: 

Կը հպարտանանք մեր հայութեամբ, բայց չե՛նք ուզեր մասնիկը դառնալ այդ ժողովուրդի հարստութեան: 

Կը պարծենանք մեր նախնիներով, բայց կը հրաժարինք անոնց ճամբան շարունակելէ: 

Կը մեծամտինք մեր հարուստ մշակոյթով, բայց չե՛նք ափսոսար այդ մշակոյթը աղաւաղել՝ զայն այլափոխելով: 

Մեծ-մեծ կը խօսինք մեր ՉՈՒՆԵՑԱԾ պետականութեան մասին, այդպիսով ո՛չինչ ընելով ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ունենալու ուղղութեամբ: 

Կարելի է շարունակել տակաւին: 

Այս իրավիճակին պատճառը մեզմէ իւրաքանչիւրն է նախքան՝ եկեղեցին, իշխանութիւնները, կուսակցութիւնները, համալսարանները, դպրոցները, հաստատութիւններն ու կառոյցները, որովհետեւ մենք մեզի աւանդուածը ճիշդ կերպով չենք իւրացուցած: Աւելին, այսօր մենք նայելով մեր շրջապատին շուտով տեղի կու տանք եւ կը հրաժարինք մեր սկզբունքներէն, համոզումներէն եւ պատկանելիութեան զգացումէն: 

Այսպէս, ուսուցիչ մը տեսնելով, թէ ինչպէս իր դրացին համացանցին վրայ կապիկութիւններ ընելով լաւ դրամ կ՚աշխատի, իր ուսուցչութիւնը մէկ կողմ կը դնէ եւ ինք եւս կը սկսի նոյնը ընել: 

Փաստաբան մը տեսնելով, թէ ինչպէս իր պաշտօնակիցը տրցակ մը դրամի դիմաց փաստագրուած իրականութիւնը կ՚այլափոխէ ու այդպէս վարուելով օր օրի աւելի «բարեկեցիկ» կը դառնայ, պահ կու գայ, երբ ինք եւս մոռնալով իր տուած մասնագիտական երդումը, կը սկսի իր պաշտօնակիցին ճամբան որդեգրել:

Բժիշկ մը տեսնելով, թէ ինչպէս իր մասնագիտական ու նուիրեալ աշխատանքը չի՛ գնահատուիր, որովհետեւ ճշդախօս է, իրականութիւնը բառացի ըսող է, անարդարութեան հակառակող է, բայց անդին շողոքորթ ու քծնող բժիշկներ անարժանաբար բարձր դիրքերու կը հասնին, որոշ ժամանակ ետք կամաց կամաց կը հրաժարի իր նուիրուածութենէն, իր ճշդախօսութենէն եւ ինք եւս կը սկսի քծնիլ ու շողոքորթել:

Շարքը կարելի է երկարել:

Յարգանք եւ երխատագիտութիւն բոլոր այն մասանգէտներուն՝ իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ, որոնք հակառակ բոլոր այս երեւոյթներուն, հակառակ կրած բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, կը շարունակեն արժանապատուօրէն կատարել իրենց ծառայութիւնն ու պարտականութիւնը: 

Հիմա շատեր պիտի հարցնեն, այս բոլոր ի՞նչ առնչութիւն ունին յօդուածիդ վերնագիրին հետ: Շա՜տ անմիջական կապ ունին: Բացատրեմ: 

Վերոնշեալներուն եւ այլ մասանգիտութեան տէր մարդոց պարագլուխին են պատմաբանները, դասագիրքերու հեղինակները, որոնք իրենց վճարուած գայթակղեցուցիչ գումարներուն ի տես, հաճոյքով կ՚աղաւաղեն պատմական ճշմարտութիւնները, գոհունակութեամբ կը հարուածեն մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան հիմքերը, առանց մտածելու, թէ եթէ անցեալի իրենց պաշտօնակիցները իրենց նման վարուէին, ապա այսօր մենք շատո՜նց դադրած պիտի ըլլայինք պատմութիւն ունենալէ, աւելին՝ դադրած պիտի ըլլայինք որպէս ժողովուրդ գոյատեւելէ:

Ազգային յիշողութիւնը, արդարեւ, պարզապէս անցեալի յիշատակներու հաւաքածոյ մը չէ. ան մեր ինքնութեան, նկարագիրին եւ գոյատեւման հիմքն է։ Ժողովուրդ մը, որ կը հրաժարի իր պատմութենէն, վաղ թէ ուշ կը կորսնցնէ նաեւ իր ապագան կերտելու կամքը։ Հետեւաբար, պատմութիւնը վերաշարադրելու կամ յարմարեցնելու փոխարէն՝ պարտաւոր ենք զայն ուսումնասիրել, պահպանել եւ ճշմարտութեամբ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։ Այս պատասխանատուութիւնը միայն պատմաբաններունը չէ. ան կը պատկանի բոլորիս։ Որովհետեւ ազգային յիշողութիւնը պահպանելը անցեալին կառչած մնալ չէ, այլ ապագային ու գալիք սերունդներուն հանդէպ մեր պարտքը կատարել։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2026