ԱԿՆԱՐԿ - 110 - ԻՐԵՐԸ ԵՂԱԾԻՆ ՊԷՍ ՏԵՍՆԵԼ

«Զայս խօսեցայ ընդ ձեզ՝ զի մի՛ գայթակցեսջիք», եւ այլն (Յհ 16.1-4)

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսի քարոզներէն մէկը, որ գրի առած եւ խօսած է եպիսկոպոս եղած ժամանակ: Բարի ընթերցանութիւն:

Օրուան Աւետարանը մէկ մասն է այն կտակին, զոր ա՛յնքան հոգածութեամբ եւ վշտով ըրաւ Յիսուս Քրիստոս՝ խաչելութեան գիշերը:

Նա՝ կանխապէս ըսաւ իր աշակերտներուն, թէ ինչպէս պիտի վարուէր աշխարհ իրենց հետ. «Աշխարհ հալածեց զիս, ձեզ ալ պիտի հալածէ. զիս ատեց, ձեզ եւս պիտի ատէ»…:

«Այս բաները խօսեցայ ձեզի որպէս զի չգայթակղիք, որովհետեւ դուրս պիտի վռնտեն ձեզ սինակոկներէն եւ նոյն իսկ ատեն պիտի ըլլայ որ ձեզ մեռցնողները պիտի կարծեն, թէ Աստուծոյ պաշտօն կը մատուցանեն. եւ այս բաները պիտի ընեն, որովհետեւ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ զիս: Երբ ըսածներս կատարուին՝ յիշեցէք, թէ առաջուանէ ձեզի խօսեցայ. սկիզբէն չըսի, որովհետեւ ձեր հետն էի»:

Այս պատկերը, այս արարուածը անհրաժեշտ կերպով պիտի ներկայանար: Քրիստոսի աշակերտները, անշուշտ, սկիզբէն պէտք չունէին գլուխ յոգնեցնելու եւ սիրտ հատցնելու այնպիսի խնդիրներու նկատմամբ, որոնց վրայ գաղափար իսկ չէին կրնար ունենալ, որովհետեւ Քրիստոս իրենց հետն էր միշտ. բանի մը պէտք չունէին անոնք. աշխարհի Փրկիչը կ՚առաջնորդէր իրենց. եւ իրաւի նոյն իսկ այս կենակցութիւնն էր պատճառը, որ Քրիստոս բնաւ յուսահատեցուցիչ խօսքեր չըրաւ ապագայի մասին. բայց քանի որ ա՛լ պիտի բաժնուէր, ամէն բան պարզելո՛ւ էր անոնց առջեւ, ո՛չ միայն անոնց իրեն հետ ունեցած կապը ամրապնդելու, այլ նաեւ զանոնք քաջալերելու եւ պատրաստելու համար Մեծ գործին՝ Քրիստոնէութեան ծաւալման եւ հաստատման:

Այս բոլոր խօսակցութիւններուն ու խորհրդակցութիւններուն հիմը կը կազմէ ճանչնալ իրողութիւնները ա՛յնպէս, ինչպէս որ են, եւ ո՛չ թէ ճանչնալ՝ ինչպէս որ կ՚ուզենք։

Քրիստոսին դերն ու գործը սխալ հասկցուեցաւ սկիզբէն. խոստացուած Մեսիային, հրէից ուզած Մեսիային գործերը փնտռեցին Յիսուսի վրայ: Ո՞ր մեսիան էր հրէից սպասածը. ապականեալ բարքերը կշտամբո՞ղ մեսիան, -ո՛չ. այլ եւս անիմաստ ու աննշան դարձած ձեւերու ու արարողութիւններու մէջ մոլորող հրեան արթնցնող եւ Աստուծոյ ուղիղ ճանապարհը ցոյց տուո՞ղ Մեսիան, -ո՛չ. անպարտելի եւ անսխալ կարծուած օրէնուսոյցներու չհամակերպո՞ղ Մեսիան. -ո՛չ: Քրիստոս ա՛յսպիսի Մեսիա մըն էր եւ այսպիսի Մեսիա մը չէ՛ր անոնց ուզածը: Անոնք կ՚ուզէին, որ Մեսիան իրենց աշխարհային բոլոր բաղձանքներուն ու երազներուն գոհացում տար… Դաւթի փառքերը յիշեցնէր: Ահա՛ տարբերութիւնը: Քրիստոս բնաւ չխորհեցաւ Դաւթի աթոռին վրայ: Ի՞նչ օգուտ, սակայն, հրէութիւնը իր ուզածին պէս Մեսիա կը փնտռէր Յիսուսի Քրիստոսի վրայ, եւ այսպէս ինքնին կը հեռանար Քրիստոսը հասկնալէ ա՛յնպէս, ինչպէս որ է Ան: Հալածում, ատելութիւն, ինքնին պիտի պոռթկար Քրիստոսի դէմ, ուրեմն, քանի որ կը խորտակէր կամշոտ անհատականութիւնները, սխալ ամբողջութիւնները. ո՛րքան ալ զօրաւոր եւ օրինաւոր երեւային ատոնք դուրսէն:

Չհասկնալու, չգիտնալու, համոզուիլ չուզելու, մէկ խօսքով չճանչնալու, ամենէ՛ն բնական հետեւանքնե՛րն են իրողութիւններու դէմ կռուիլը: Այսպիսի կռիւներ ու հակակրութիւններ թէեւ երկար կը տեւեն, բայց կեանք չունին, չե՛ն ապրիր: Ամենէն հիանալի օրինակն է Քրիստոս եւ Քրիստոնէութիւնը:

Չէք կրնար երեւակայել՝ Քրիստոսը իրենց ուզածին պէս չգտնողներուն հոգեկան վիճակը: Քանինե՜ր արդեօք Քրիստոսը անարգելէ, օրն ի բուն Սնոր նկատմամբ չարախօսելէ ետքը՝ գիշերը հանգիստ-հանգիստ քնացան իրենց փառքերուն վրայ: Քանինե՜ր՝ Քրիստոսի հետեւողները մահացնելէ ետքը չկարծեցին Աստուծոյ պաշտօն մատուցանել խաղաղ սրտով: Ասի պարզ ինքնախաբութիւն մ՚է սակայն: 

Այս իրողութիւնները ամէն օր չե՞ն պատահիր կեանքի ասպարէզին վրայ: Այո՛, ամէ՛ն օր, ամէ՛ն վայրկենան եւ դժբախտաբար այն ալ Քրիստոնէութեան մէջ, իբր թէ բարքեր ու վարքեր քրիստոնէացած չըլլային երբեք:

Մարդիկ իրենց կամքը, իրենց ուզածը, մերթ գիտութեամբ, մերթ տգիտութեամբ կը մշակեն՝ ուրիշներուն վնասելու կամ վնասակար կարծուած երեւոյթները հարուածելու համար: Երկու կերպերն ալ, սակայն, հաւասարապէս դատապարտելի՛ են. եթէ տգիտութեա՛մբ է որ իրողութիւն մը կը խեղաթիւրուի, գործ մը, անհատ մը կը վնասուի, տգիտութիւնը պէ՛տք է լռէ բացարձակապէս. ուրիշ ելք մը չկայ իրեն համար: Իսկ եթէ գիտութեա՛մբ է, աւելի գէշ. իրողութեան դէմ կարելի չէ՛ կռուիլ: Նկատումները կը դադրին անհատի հետ. իրողութիւնները կը մնան: Քրիստոսի աշակերտներուն, Քրիստոնէութեան դէմ եղած բոլոր նկատումներ, գիտութեամբ թէ տգիտութեամբ՝ ետ մնացին, Քրիստոնէութիւնը յառաջ անցաւ: Ուրիշ կերպ չէ՛ր կրնար ըլլալ:

Իրողութիւնները եղածին պէս չճանչնալու պատճառը եթէ տգիտութիւնն է, ըսի, թէ պէ՛տք է լռէ: Անշուշտ, յամառութեան պարագային այդպէս կը խորհինք: Բայց, բարերախտաբար կրնայ դարմանուիլ այդ տգիտութիւնը, նոյն իսկ ինքնին: Օրինակը պիտի տամ այսօրուան տօնելի սուրբերէն՝ Ադրիանոսի կեանքէն: -Ազնուատոհմ, հարուստ, գեղեցիկ երիտասարդ մը, Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն (305): Մաքսիմիանոսի պալատան յառաջադէմ պաշտօնեայ մը, տեսնելով Քրիստոնէութեան համար ամենէն անտանելի տանջանքներուն համբերող նահատակները, կը հետաքրքրուի. հարկաւ, կը հարցնէ անոնց, դուք բան մը գիտէք, որ այսքան մահառիթ չարչարանքները սիրով կը կրէք. ի՞նչ է վարձքը, հատուցումը, ի՞նչ է ձեր յոյսը։ -Ա՜հ, անճառելի է, կը պատասխանեն, ինչ որ կը զգանք, ինչ բանի որ կ՚ակնկալենք։ -Եւ անմիջապէս, ինքն Ադրիանոսն ալ ինքզինքը կը հռչակէ քրիստոնեայ, մահապարտներու ցանկին մէջ կ՚անցնի, կը մերժէ իր բոլոր փառքն ու շքեղութիւնը, հակառակ նոյնիսկ Մաքսիմիանոսի թախանձանքներուն ու խոստումներուն եւ կը նահատակուի:

Ադրիանոս տգէտ մ՚էր իրողութեան. իր ուզածին պէս կը տեսնէր ու կը ճանչնար զայն: Բայց երբ փնտռեց, մօտը գնաց, հարցուց, հասկցաւ ու համոզուեցաւ, ո՛չ միայն իրաւունք տուաւ Քրիստոսը եւ Քրիստոնէութիւնը լա՛ւ ճանչցողներուն, այլ՝ ինքն ալ մտաւ անոնց մէջ, գործնականապէս ապացուցանելու համար ուղիղ եւ ստոյգ Ճանաչողութիւնը: Ասոնք վռնտուեցան ընկերութենէն եւ իրենց սպաննիչները կարծեցին, թէ չաստուածներու պաշտօն մատուցին:

Ի՜նչ մեծութիւն, ի՜նչ վեհանձնութիւն Ադրիանոսներու համար, մարդո՛ւ համար, որ իր ամենէն բարձր ու ամենէն ընտիր կարողութեան, խորհելու, դատելու, իրողութիւնը ճանչնալու կարողութեան՝ ապացոյցը կու տայ, իր սխալները, իր ամբարտաւանութիւնները ոտքի տակ առնելով: -Կա՞ն այսպիսի քրիստոնեաներ:

Այս բաները խօսեցայ, որ չգայթակղիք: Բայց դեռ քանինե՜ր չե՞ն գայթակղիր տգիտութեամբ եւ քանինե՜ր գիտութեամբ չեն գայթակղեցներ իրենց եղբայրները: Կարելի չէ՛ որ գայթակղութիւն չգայ, բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքովը ուրիշներ կը գայթակղին, կ՚աւրուին, կը վնասուին ուրիշներ. այդպիսիներուն համար ըսաւ Յիսուս, լա՛ւ է որ ատոնց վիզերուն քար կապուի եւ ծովը նետուին, մինչեւ յատակը ծովուն:

Քրիստոնէական կեանքի վրայ՝ բարոյական անկում մը կ՚ենթադրէ այսպիսի վիճակ մը մեր մէջ: Եւ դժբախտաբար այս անկումը այնքան սովորական, այնքան ունակական եղած է, որ բուն քրիստոնէական կեանքը այս է կը կարծուի: Սոսկալի՛ կարծիք, սարսափելի՛ վիճակ: Այս չէ՛ սակայն իրողութիւնը, բունը: Ասի մարդոց տեսնել ուզածն է. այս կը նշանակէ չճանչնալ «ո՛չ Հայր եւ ո՛չ զիս» այսինքն՝ զՔրիստոս:

Մարդիկ ա՛յնչափ կը վնասուին, ո՛րչափ իրենց ուզածին պէս տեսնեն իրողութիւնները, իրենց ուզածին պէս ճանչնան ու ճանչցնեն զայն: Ի՞նչ պիտի ըլլար առաքեալներուն վիճակը, եթէ երբեք Քրիստտոս չարթնցնէր զիրենք, եթէ այդ բաները չխօսէր իրենց: Պիտի խաբուէին պարզապէս եւ իրաւունք պիտի տային Քրիստոսը բամբասողներուն ու դատապարտողներուն: Բայց շուտ հասկցան, որ սխա՛լ է իրենց ճանչցածը. Քրիստոս պիտի բաժնուէր իրենցմէ եւ իրենք ալ պիտի անարգուէին, նոյն իսկ պիտի սպաննուէին եւ սպաննիչներ սրտի կատարեալ հանդարտութեամբ պիտի կարծէին, թէ Աստուծոյ պաշտօն կը մատուցանեն:

Ճանչցէ՛ք իրերը ինչպէս որ են, եթէ այդ ճանաչումը ապշութի՛ւն պատճառէ ուրշներուն: Մի՛ գայթակղիք երբ իրողութիւնները տարբեր են երեւոյթներէն: Ասի ստոյգ կեանքն է, սուրբ սրտի կեանքը, ուղիղ մտքի կեանքը, քրիստոնէին կեանքը, Քրիստոսին կեանքը: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025