Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷԻՐ ԴՈՒՆ

Աշնանային արձակուրդն էր: 

Արթիւրը իր հօր հետ շուկայ գացած էր, քանի մը գնումներ կատարելու համար: Ընթացքին ծարաւնալով, հայրիկէն գումար խնդրեց, որպէսզի ջուր գնէ: Մինչ իր հայրը կը շարունակէր գնում կատարել խանութէ մը՝ իր ինքնաշարժին համար, Արթիւրը փութաց կողքի խանութներէն մէկը, որպէսզի ջուր գնէ:

Երբ կը պատրաստուէր խանութ մը մտնել, նկատեց, թէ ծերունի մը կանգնած էր նոյն այդ խանութին դիմաց, ուր ինք պիտի մտնէր: Ծերունին խառնուած էր, մտահոգ եւ իր գրպաններուն մէջ բան մը կը փնտռէր:

Արթիւրին հետաքրքրութիւնը շարժեց այդ ծերունին եւ ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի անոր հետ: Մօտեցաւ ծերունիին ու հարցուց. 

-Մեծ հայրիկ, ի՞նչ պատահած է: Ինչո՞ւ այդպէս իրար անցած ու մտահոգ ես: 

Ծերունին, սկիզբը կարծեց, թէ իր հետ չէ, որ կը խօսէր այդ պատանին եւ չարձագանգեց: Սակայն, Արթիւրի երկրորդ անգամ հարցնելուն, դառնալով անոր, այս անգամ ի՛նք հարցուց. 

-Ինծի՞ հետ կը խօսիս մանչս: 

-Այո՛, մեծ հայրիկ:

Ծերունին զարմացած էր: Իրեն անծանօթ պատանի մը, նկատած էր իր խառնակ վիճակը եւ մօտենալով կը հարցնէր պատահածի մասին: Պատանիին գլուխը շոյելով, կ՚ըսէ անոր. 

-Մանչս, այս խանութ մտայ քիչ առաջ գնումներ կատարելու: Կատարեցի, դուրս եկայ, գնած ապրանքներս տարի ինքնաշարժին մէջ դրի եւ ետ վերադարձայ, որպէսզի այս կողքի դեղատունը մտնեմ եւ դեղ գնեմ, բայց նկատեցի, թէ դրամապանակս չկայ: 

Արթիւր կը հարցնէ ծերունիին, թէ իր ինքնաշարժը ո՛ւր կայանած է: Իմանալէ ետք տեղը, կ՚աճապարէ դէպի ինքնաշարժը, ուշադրութեամբ կը նայի գետին, որ թերեւս գետին ինկած ըլլար, սակայն չի՛ գտներ: Յետոյ կամաց կամաց կը վերադառնայ դէպի ծերուկը, այն նոյն ճամբով, ուրկէ վերադարձած էր ծերունին: Յանկարծ, նստարանի մը տակ, կը նկատէ, թէ դրամապանակ մը կայ: Կը ծռի, կը վերցնէ զայն եւ մինչ կ՚ուզէր բանալ, կողքէն պատանի մը ձայն կու տայ իրեն, ըսելով. 

-Ատիկա իմ դրամապանակս է, տո՛ւր զայն ինծի: 

Արթիւր կը նայի պատանիին՝ իրեն տարեկից պիտի ըլլար, կամ քանի մը տարի մեծ իրմէ: Իսկ դրամապանակին տեսքը աւելի մեծահասակի մը ըլլալու էր, քան պատանիի մը: Յետոյ, ինք պատանի ըլլալով, տակաւին դրամապանակ չէր կրեր, որովհետեւ դեռ դպրոցական էր: Թէ՛ տունը՝ իր ծնողքը, թէ՛ դպրոցէն ներս քանի մը ուսուցիչներէն, այդ մասին երբեմն երբեմն խօսած էին, թէ այս տարիքին դրամապանակ կրելու կարիք չունին իրենք. իրենցմէ պահանջուածը հիմա լաւ սորվիլն է, լաւ մարդ դառնալը եւ քիչ մը մեծնալէ ետք, բանականաբար ինք եւ իր տարեկիցները եւս պիտի սկսին դրամապանակ ունենալ: 

Այս մտածումներով տարուած, Արթիւր կասկածեցաւ, թէ այդ դրամապանակը այդ պատանիին ըլլայ: Սակայն, որպէսզի սխալ մը գործած չըլլար, հարցուց անոր. 

-Ի՛նչ կայ դրամապանակիդ մէջ: 

Պատանին, խառնուեցաւ սկիզբը, սակայն, անմիջապէս ինքզինք վերագտնելով խիստ ձայնով մը ըսաւ. 

-Քեզի ի՛նչ: Ըսի քեզի, թէ դրամապանակս է: Տո՛ւր զայն ինծի: 

Արթիւր անդրդուելի մնաց եւ դարձեալ նոյն հարցումը հարցուց. 

-Ի՞նչ կայ դրամապանակիդ մէջ: 

Պատանին հասկնալով, թէ դժուար պիտի կարենար դրամապանակը ձեռք ձգել, որոշեց անկեղծանալ Արթիւրին հետ: 

-Լսէ՛, դրամապանակը իմս չէ: Քիչ առաջ հեռուէն տեսայ, թէ ծերունիէ մը ինկաւ: Մինչեւ հասնիլս, սակայն, դուն հասար եւ վերցուցիր զայն: Եկուր հիմա միասին բանանք զայն, տեսնենք ինչքա՛ն գումար կայ մէջը, վերցնենք, կէսը դուն կ՚առնես եւ կէսն ալ ես: Ի՛նչ կ՚ըսես:

-Բայց ասիկա մերը չէ: Ծերունիի մը դրամապանակն է, որ քիչ մը այն կողմ կանգնած է: 

-Խնդիր չկայ, մէջը եթէ դրամ կայ՝ կը վերնցնեք, մնացածը կը տանինք եւ կու տանք անոր, ըսելով, թէ գտանք դրամապանակդ… 

Արթիւր սկսաւ վախնալ: Դիմացի պատանին իրմէ մեծ էր եւ վճռական կ՚երեւէր: Միւս կողմէ, սակայն, ծերունիին մտահոգ եւ խառնուած դէմքը չէր հեռանար իր աչքերուն առջեւէն: Աւելին, ծերունին դեղ պիտի գնէր: Ինչպէ՞ս կարելի էր այդ ծերունիին դրամը գողնալ: 

-Չէ՛, չէ՛, այդպիսի բան կարելի չէ: Դրամապանակը ամբողջութեամբ պէտք է վերադարձնենք իր տիրոջ: Արթի՛ւրն էր: 

-Ա՛յ տղայ, չեմ ըսեր, մի՛ վերադարձներ, բայց եկուր մէջէն դրամը վերցնենք ու այդպէս վերադարձնենք: 

-Ո՛չ, կարելի չէ: 

Արթիւր սկսաւ աւելի վախնալ: Դիմացի անծանօթ պատանիի դէմքին բարկութեան նշաններ սկսան ուրուագծուիլ: Հապա եթէ փորձէր վնասել իրեն, եթէ հարուածէր իրեն, ինք ինչպէ՞ս պիտի դիմադարձէր: Չէ՞ որ թէ՛ տարիքով իրմէ մեծ էր եւ թէ հասակով իրմէ երկար: Պահ մը տատամսեցաւ, մտածեց տալ դրամապանակը ու հեռանալ, սակայն, դարձեալ այդ ծերունիին դէմքը եկաւ աչքերուն ու այս անգամ արդէն ընելիքը որոշած էր… 

-Ո՛չ, այս դրամապանակին մէջէն դրամ պիտի չվերցնենք եւ զայն պիտի վերադարձնեմ իր տիրոջ: 

Մինչ անծանօթ պատանին կը պատրաստուէր Արթիւրի ձեռքէն խլել դրամապանակը, Արթիւր բարձր ձայնով սկսաւ պոռալ.

-Մեծ հայրիկ, մեծ հայրիկ, գտայ դրամապանակդ եւ վազեց դէպի խանութ՝ ուր կանգնած էր ծեր մարդը: 

Օտար պատանին յանկարծակիի գալով պատահածէն, անմիջապէս փախուստ տուաւ այդտեղէն: 

Ծերունին լսելով Արթիւրին ձայնը, դարձաւ դէպի անոր եւ տեսաւ, թէ վազելով դէպի իրեն կու գար: Երբ հասաւ իր մօտ, հարցուց. 

-Ի՛նչ պատահեցաւ, մանչս:

-Մեծ հայրիկ, այս դրամապանակը գտայ նստարանի մը տակ: Քո՞ւկդ է արդեօք: 

Ծերունին տեսնելով Արթիւրի ձեռքին մէջ եղած դրամապանակը, անմիջապէս գիտցաւ, թէ ի՛րն էր: Վերցուց զայն, բացաւ եւ գլուխով նշան ըրաւ, թէ իրն էր: Դրամապանակէն դրամ հանելով, կ՚ուզէր Արթիւրին տալ, սակայն, Աթրիւր հրաժարեցաւ վերցնելէ ու ըսաւ. 

-Մեծ հայրիկ, ես դրամ ունիմ քովս: Պարզապէս երբ կը պատրաստուէի խանութ մտնել, տեսայ քու խառնուած վիճակդ, այդ պատճառով մօտեցայ քեզի: Հիմա երթամ շիշ մը ջուր առնեմ եւ շտապեմ հայրիկիս մօտ, մտահոգուած կ՚ըլլայ ուշանալուս համար: 

Եւ Արթիւր խանութ մտաւ, ջուր գնեց եւ դուրս ելլելով վազեց դէպի հօր եղած խանութը: 

Տուն վերադարձի ճամբուն վրայ, Արթիւր իր հետ կատարուած ամբողջ եղելութիւնը պատմեց իր հօր: 

Հայրը լսելով իր զաւկին հետ պատահած եղելութիւնը եւ անոր կատարածը, նախ գնահատեց զինք, քաջալերեց, որ չէր վախցած եւ չէր համաձայնած իրեն չեղած գումարը վերցնել, ու ըսաւ. 

-Զաւա՛կս, կեանքի մէջ յաճախ պիտի հանդիպիս դժուար ընտրութիւններու։ Միշտ փորձէ ճիշդը ընտրել եւ մերժել սխալը։ Այն, ինչ որ մերը չէ, պէտք չէ սեփականացնենք, նոյնիսկ եթէ առիթը ներկայանայ եւ կարծենք, թէ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ։ Իսկ եթէ կորսուած իրի տէրը չգտնենք, պէտք է զայն յանձնենք վստահելի անձի մը, որպէսզի վերադարձուի իր տիրոջ։

Արթիւր, որ ուշադրութեամբ կը լսէր իր հայրիկին ըսածները, երբ ան վերջացուց իր խօսքը, անմեղութեամբ հարցուց անոր.

-Հայրի՛կ, կը մտածեմ՝ եթէ ուրիշ պատանի մը իմ տեղս ըլլար, ան ալ նոյնպէ՞ս պիտի վարուէր։

*

Իսկ դուն, սիրելի՛ պատանի, եթէ Արթիւրին տեղը ըլլայիր, պիտի կարենայի՞ր դիմադրել վախիդ եւ մերժել անծանօթ պատանիին առաջարկը, թէ՝ պիտի ընտրէիր աւելի դիւրին թուացող ճամբան, այլ խօսքով, ի՞նչ պիտի ընէիր դուն…: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026