«ՆՈՐԷՆ, ԴՈ՛ՒՔ ԳԻՏԷՔ...»

Մեկնելով «ֆէյսպուք»եան էջիս վրայ արձանագրած կարծիք-թելադրանքներէս, կողակիցս՝ Լիզան, համեստօրէն նկատողութեանս յանձնեց, թէ վերջերս իւրաքանչիւր գրութիւն սկսած եմ նոր «պոչով» մը ամբողջացնել, գրելով՝ «նորէն, դո՛ւք գիտէք» կարճ նախադասութիւնը:

Նաեւ ըսեմ, որ ինք գրութիւններուս, յօդուածներուս, նշմարներուս եւ կամ պատմուածքներուս առաջին ընթերցողներէն մէկն է, կը յարգեմ Լիզային կարծիքը ու ամէն առիթով նկատի կ՚առնեմ, կամ աւելի ճիշդ, ի մտի կ՚ունենամ իր այդ կատարած գնահատական խօսքերը, թելադրանքներն ու տեսակէտ-կարծիքները՝ առանց տան մթնոլորտը խանգարելու կամ վիճաբանութեան «ասուլիս-դռներ» բանալու:

Այսչափ… յստակ եւ պարզ:

Սակայն այս անգամ իր այս նկատողութիւնը, մտքիս մէջ մտածելու նոր դռներ բացած էր: Իր կարծիքով, իմ այս որդեգրումս «ընթերցողին երկրորդ առիթ մը տալու կը նմանէր»: Սակայն կը պնդէի թէ. «ես ո՛չ ղեկավար մըն էի, ո՛չ ալ բանակի հրամանատար, ո՛չ առաջնորդ-կուսակցապետ եւ կամ հոգեւոր պետ մը, որ կարենայի «հրահանգել», տեսակէտս պարտադրել»: Այլ խօսքով, ես ընթերցողի հայեցողութեան, անոր խղճին եւ գիտակցութեան կը ձգէի իմ հրամցուցած կարծիքս. այսչափ: Ալ անկէ ետք, ընթերցողը ինք՝ թող որոշէ… կամ՝ տնօրինէ…:

Ըսեմ, որ իբրեւ մտածող միտք, միշտ կ՚ուզեմ զգացումներս յանձնել թուղթին, նաեւ իմ կողմէ ներկայ ընկերութեան մաս կազմող հայ մարդուն՝ արդար «տուրք»: Որովհետեւ, կը հաւատամ, որ այս օրերուն ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ սփիւռքի մեր կեանքը ջերմացնելու: Որովհետեւ, ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք ազգային աւանդ մը պահելու համար: Ուստի, մեծապէս անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ կը նկատէի հրամցուցած թելադրանք-կարծիքներս եւ միեւնոյն ժամանակ կ՚ուզէի, որ ինք՝ ընթերցողը իր կարգին անդրադառնար իր կարդացածին: Այսինքն, ալ իրեն կ՚իյնար եզրակացութեան յանգիլ: Ահա թէ ինչո՞ւ իւրաքանչիւր երկար-կարճ գրութիւններուս աւարտին կը կցէի «նորէն, դո՛ւք գիտէք»ը:

Այս տողերը սակայն միայն սովորական նորութիւններ չեն, ո՛չ ալ պարզ շարադրանքներ, այլ՝ իրենց ետին ունին թելադրական գիծեր, հասցէագրուած աշխարհի հայուն եւ հայութեան: Ու կրկնութեան գնով աւելցնեմ, թէ գրողին էջերը, կամ անոր գրած տողերը անիմաստ պիտի ըլլային, եթէ ընթերցող գոյութիւն չըլլար: Ու ամէն գրող, երբ կը հանդիպի ընթերցողին եւ անոր հանրութեան, տարբեր զգացումներով կը լեցուի իր միտքն ու հոգին:

Ճիշդ է, որ մարդիկ զանազան պատճառներով դժուար կը կարդան եւ կամ չեն կարդար, բայց եւ այնպէս, տակաւին... փառք Աստուծոյ... կան, կը գտնուին հաւատարիմ ընթերցասէրներ, որոնք մօտէն կամ հեռուէն կը հետեւին գրողի գրիչին, կ՚ընթերցեն անոր էջերը, նոյնիսկ կը քաջալերեն եւ կամ կը քննադատեն անոր տողերով հիւսուած գաղափարները: 

Որովհետեւ, գրողը հայ գիրին ծառայող իր գրիչով, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իր յղացման նորութեամբ եւ նրբութեամբ, ընթերցողին մտքին առջեւ բացող, մտածելու եւ խոկալու առիթ տուող մը, յաճախ վարակիչ խանդավառութիւն եւ գօտեպնդիչ երեւոյթ ստեղծելով: Իր կարգին ընթերցողն ալ իր ընթերցումով, ինքզինք «կը վերանորոգէ»: Ան նաեւ կը հետեւի գրողի սրտէն ու մտքէն հոսող բոլոր ջերմ ու լայն խօսքերուն, գրիչէն ծորող իրականութիւններուն եւ բառերով շաղուած ճշմարտութիւններուն: Կը հաւատայ, որ գրողին տողերը միայն գրական շարադրանքներ չեն, ո՛չ ալ պարզ կամ բարդ պոռթկումներ: Անկասկած անոր տողերը, օգտագործած բառերն ու շարադրած միտքերը, սիւնակներն ու պարբերութիւնները մէկական հրաւէրներ իրեն հասցէագրուած, իր տողերը ընթերցելու բարի բաղձանքով:

Գրողը նաեւ շատ ըսելիքներ ունի: Կ՚ունենայ նաեւ «խօսելիքներ», հրամցնելիքներ, բողոքներ, ակնկալութիւններ եւ տեսակէտեր, անպատասխան հարցումներուն պատասխաններ, որոնք կը խռովեն հայու իր միտքը:

Անոր համար միշտ պնդած եմ, որ մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք է վերանայումի ու վերարժեւորումի ենթարկենք։ Այս ձեւով, հայու ինքնութիւնը հարկ է կազմաւորել, միեւնոյն ատեն պահելով իր առանձին գոյնը:

Անշուշտ, այս մէկը դժուար աշխատանք մըն է, սակայն, իբրեւ ազգային մեր ինքնութեամբ մտահոգ հայ, միշտ նկատած եմ խիստ անհրաժեշտ: Մեր ներկայ կեանքի ու միջավայրի նեղ շրջագիծերէն ու դրուածքներէն պէտք է դուրս գալ կրկնած եմ շարունակ եւ աւելցուցած, թէ նոր մտածելակերպ պէտք է զարգացնել՝ պահելով հանդերձ մեր ինքնութեան խարիսխը հանդիսացող մեր արժէքները, չափանիշներն ու սկզբունքները։

Անհրաժեշտ է, որ նոր մօտեցումներով, եղանակներով ու մեթոտներով կարենանք հայեցի մշակութային քաղաքականութիւնն ու դաստիարակութեան մեր ըմբռնումն ու տեսիլքը պատշաճեցնել ներկայ ժամանակներու նոր կարիքներու հետ։

Կասկածէ դուրս է, որ մեր ճակատագիրը, մեր իսկ պատմութեան մէջ է: Տոկալ, վերապրիլ եւ ստեղծագործել: Այս է մեր ցեղին գաղտնիքը:

Ու գրողը, պատիւ իրեն, իբրեւ ժամանակի տարեգիրք, նաեւ կը զգայ, թէ ի՞նչ է ընթերցողին ապրած այս կեանքը: Ուստի ցուցմունքներ եւ թելադրանքներ կու տայ, կ՚ընէ, կը հրամցնէ, որպէսզի ան շուարած չնայի ճակատագրի կոյր աչքին: Լաւ կամ վատ ան ընթերցողին արդարամտութեան կը յանձնէ իր միտքերը: Ալ ընթերցողին կը մնայ...:

Համեստօրէն աւելցնեմ.

Կը հաւատամ, որ այս որդեգրումս ձեւով մը միջոց-առիթ մըն է գրող-ընթերցողի միջեւ լայն բանալու երկխօսութեան, մասնակցութեան եւ համախոհութեան դռները, հասնելու նոր լուծումներու, հեռու դասական կոչուած կաղապարուած խօսքերէ եւ ծրագրումներէ:

Իսկ մնացեալը՝ ՆՈՐԷՆ, ԴՈ՛ՒՔ ԳԻՏԷՔ...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

ԱՄՆ

Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025