ՌԱՊԱՊԸ (1) ԱՌԱՋԻՆՆ Է

Գրական կեանքիս սկիզբը իմ միակ այցելութեանս վայրը Պէյրութի մէջ սրճարան մըն էր, որու տիրոջ վրայ Աստուած բարկացած էր եւ օր մը չուզելով ըսաւ ինծի. այնպէս զգայ, որ այս սրճարանը քուկդ է: Այդ օրէն սկսեալ առաւօտները իրմէ առաջ այնտեղ կ՚ըլլայի եւ իրիկունը՝ իրմէ ետք կը հեռանայի անկէ:

Չնայած անոր, որ սրճարանը նաեւ նախասիրած վայրն էր արաբ ուսանողներու, որոնք լիբանանեան համալսարաններէ ներս կ՚ուսանէին, սակայն ես առանձին մնացի եւ ո՛չ մէկուն հետ կրցայ ընկերութիւն մշակել, կամ մասնակից դառնալ անոնց զրոյցներուն, որովհետեւ բացի անգլերէնէ ու ֆրանսերէնէ ուրիշ լեզուով չէին խօսեր. այս երեւոյթը կը զայրացնէր զիս, որովհետեւ գլուխէն մինչեւ ոտքերուն տակ արաբ, պետեւի ուսանող մը կը տեսնէիր, սակայն միայն իր անունը արձանագրել տար համալսարանը, փողոց դուրս կու գար՝ վերնաշապիկին հինգ կոճակները քակած եւ կը սկսէր «ես (yes)» եւ «նօ (no)»: Այդ պատճառով ալ բացի օտար ճաշատեսակներէ՝ ուրիշ բան չէին ուտեր, բացի օտար երգերէ՝ ուրիշ բան չէին լսեր, աւելին, անոնք այդ օրերուն արաբական ամենէն կարեւոր խնդիրները անգլերէնով կը քննարկէին: Մէջս անոնց նկատմամբ բարդոյթ յառաջացաւ եւ ինձմէ կոշտ արձագանգներ սկսաւ ելլել անոնց նկատմամբ, որ բացի երգերուն միջոցաւ չկրցայ արտայայտել՝ նկատի ունենալով օտարութիւնս եւ աղքատութիւնս: Արդարեւ, անոնցմէ մէկը միայն կանգնէր ու մօտենար երաժտութեան սնտուկին, որպէսզի Էտիթ Փիաֆի (Édith Piaf), Նաթ Քինկ Քոլի (Nat King Cole) երգերը դնելու, տեղէս կը կանգնէի եւ այդ երգերէն անմիջապէս ետք Ֆայիտա Քամելէն, Քարմ Մահմուտէն եւ Մուհամմէտ Քանտիլէն հինգ երգեր կը դնէի, որով անոնք չէին տաներ իմ ներկայութիւնս այդտեղ, եւ միայն ձեռքերս գրպանս դնէի եւ դէպի երաժշտութեան սնտուկը երթայի՝ կը սկսէին Աստուծոյ դիմել…: [Այդպէս կ՚ընէի] մինչեւ սրճարանին տէրը գար մօտս եւ ուշադրութեանս հրաւիրէր, որ այս պահուածքս բացի անկէ, որ վնաս կու տայ արդի եւ հին բանաստեղծութեան համբաւին, այլ՝ կը վնասէ նաեւ սրճարանի համբաւին՝ որ աւելի կարեւորն է, այդ պատճառով ալ խնդրեց, որ նկատի ունենամ այս պարագան: 

Ըսի անոր. 

-Սակայն չե՛մ կրնար, ասիկա ազգային կեցուածք է: 

Բարկութեամբ ըսաւ.

-Ունեցածս սրճարան է եւ ո՛չ թէ խորհրդարան:

Ուրիշ սրճարան մը՝ անկէ ալ ուրիշի մը անցայ, սակայն նոյն խնդիրին բախեցայ: Բոլորին հակառակելու համար, սկսայ ձեռքս երաժշտական գործիք մը բռնել եւ սիրածս արաբերէն երգերը կը դնէի ու ձայնը կը բարձրացնէի ու կը քալէի այն սրճարաններուն առջեւէն՝ ուր արգիլուած էր ինծի մտնել, թերեւս որոշ համակիրներ շուրջս կը հաւաքուէին այս պատերազմին մէջ: Սակայն, բացի սպասուհիներէն ոչ ոք շուրջս հաւաքուեցաւ:

Եւ կարծէք այն վիճակին հասած էի, որ ազդած էր կարգ մը ուսանողներու վրայ, որով որոշեցին զիս կրթել երաժշտութեամբ. այդ նպատակով ալ տարին զիս համալսարանի երաժշտական գրադարանը:

Ինծի մտիկ ընել տուին Սինաթրայի (Frank Sinatra) եւ Սեմի Տէյվիսի (Sammy Davies), Տալիտայի (Dalida) եւ Իվ Մոնթանի (Yves Montand) երգերը:

Կարապի լիճ: Սագի լիճ: Ո՛չ մէկ բան գործի ծառայեց հետս, այնքան որ՝ անոնցմէ մէկը երաժշտութեան սնտուկը ձեռքին յարձակեցաւ վրաս եւ գրեթէ պիտի ջարդէր զայն գլուխիս, մինչ պոռալով կ՚ըսէր.

-Մենք այստեղ ուսանելու եկած ենք, որպէսզի վերադառնանք մեր երկիրը ո՛չ թէ միայն վերացնելու յետամնացութիւնն ու թեթեւսոլիկութիւնը երաժշտութեան մէջ, այլեւ՝ տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ ամէն ինչի մէջ:

Օրերը անցան եւ անոնք աւարտեցին իրենց ուսումը ու վերադարձան իրենց երկիրները: Անոնցմէ ոմանք բանտարկուեցան, ոմանք՝ տեղահան եղան, իսկ ոմանք ալ աշխարհի անդիի ծայրը գաղթեցին ու երբեք չվերադարձան:

Որոշ ժամանակ առաջ անոնցմէ մէկուն հանդիպեցայ, գրեթէ չճանչցայ: Մազերը ճերմկած, ճակատը ճմռթուած, մատները կը դողային, անմիջապէս ըսի անոր.

-Այս ի՜նչ երկար ժամանակ անցած է:

Ըսաւ.

-Այո երկա՜ր…, երկա՜ր:

Հարցուցի անոր.

-Տակաւին կը սիրե՞ս օտար երաժշտութիւնն ու երգերը:

Ըսաւ.

-Այլեւս չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը սիրեմ եւ ի՛նչ չեմ սիրեր: Նաթ Քինկ Քոլը՝ սրճարաններու եւ գինետուներու երգիչը մահացաւ: Ըմ Քալսումը եւ Ֆարիտ Աթրաշը՝ հառաչանքներու եւ ափսոսանքներու երգիչն ալ մահացան, Աըտ Հալիմ Հաֆէզը՝ երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն երգիչն ալ մահացաւ, ո՞վ անոնց տեղը պիտի առնէ: 

Ըսի անոր.

-Թեթեւ տար, ո՜վ մարդ: Ներկայիս արաբները կարիք ունին խաղաղ լուծումի երգիչի մը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


(1) Երաժշտական գործիք մը, որ անցեալին արաբները, պարսիկներն ու թուրքերը գործած են: Ներկայիս առաւելաբար պատեւիները կը գործածեն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025