ԱԿՆԱՐԿ - 132 - ԿԱՐԾՐԱՏԻՊԵՐ ՔԱՆԴՈՂ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ՝ ԱՆՈՅՇ ՆՇԱՆԵԱՆ
Մերօրեայ «նորարական բարեփոխութիւն»ները նկատի չունիմ կարծրատիպեր քանդելու որակումը տալով Անոյշ Նշանեանին: Ո՛չ: Այսօրուան «բարեփոխութիւն»ները իրականութեան մէջ ա՛լ աւելի կը խորացնեն այն վէրքերը, զորս մեր (Հայաստանի) կրթական համակարգը կը կրէ երկա՜ր տարիներէ ի վեր: «Կարծրատիպեր քանդող մանկավարժը» որակումը արդարեւ, հակառակ տիրող վիճակին, յոյսի նշոյլ մըն է, թէ տակաւին ամէն բան չէ՛ կորսուած: Թէ՝ տակաւին կան մանկավարժներ, որոնք հաւատարիմ իրենց կոչումին, հակառակ դժուարութիւններուն եւ կրթական անհասկնալի ամէնօրեայ փոփոխութիւններուն, կը շարունակեն իրենց կարելին ընել, հաստատ մնալու համար իրենց կոչումին մէջ, զօրաւոր եւ առողջ հիմքերու վրայ դնելով մեր երեխաներուն կրթութեան եւ գիտութեան նկատմամբ ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը:
Տարւոյս մայիս ամսի վերջաւորութեան Տարրականի չորրորդ դասարանի աւարտական հանդէսէն ետք, առաջին գնահատակը որ եկաւ միտքիս մէջ՝ ուղղուած Անոյշ Նշանեանին «կարծրատիպեր քանդող»ն էր: Այդ աւարտական հանդէսին ներկաներէն ոմանք թերեւս նոյն մտածումը ունեցած ըլլալու են, ի տես տասը տարեկան մեր զաւակներուն պատրաստած հանդէսին, ունեցած համարձակութեան, ժպիտին, ուրախութեան եւ միաժամանակ թախիծին ու արցունքներուն, որով հրաժեշտ կու տային մէկ կողմէ տարրական բաժինին՝ մուտք գործելու համար միջնակարգ բաժին, միւս կողմէ, որ աւելի յուզիչ էր, հրաժեշտ կու տային իրենց սիրելի եւ անկրկնելի ուսուցչուհիին՝ ընկեր Նշանեանին, որ անցնող չորս տարիներու ընթացքին, անձնուիրութեամբ եւ անմնացորդ կերպով մեր զաւակներուն մէջ դրաւ սէրն ու կապուածութիւնը հանդէպ ուսումին, կրթութեան եւ գիտելիքին:
Համարձակութիւնը ունեցայ «Կարծրատիպեր քանդող մանկավարժը» որակումը հրապարակելու, ներշնչուելով Լեւոն Շանթի հետեւեալ տողերէն. «Կրթութեան նպատակը բան մը սորվեցնելէն աւելի բան մը սորվելու ճամբան սորվեցնելն է. դպրոցին նպատակը գիտութիւն սորվեցնելն է. այսինքն սէ՛ր եւ հետաքրքրութիւն դէպի ուսումն ու ընթերցումը, եւ վարժութի՛ւն մտածելու, դիտելու, փորձելու, միշտ գիրքերու հետ ըլլալու, եւ կարողութի՛ւն իր դիտողութիւններն ու ընթերցումները ղեկավարելու»:
Անոյշ Նշանեանը արդարեւ լաւ հասկցած է, թէ՝ կրթութեան նպատակը բան մը սորվեցնելէն աւելի՝ բան մը սորվելու ճամբան սորվեցնելն է. անցնող չորս տարիներու ընթացքին, ան սովորական մանկավարժ մը չեղաւ, որ միայն թելադրէր այս սորվիլ, այն սորվիլ, գալ դասարան ներկայացնել սորվածը եւ վերջ: Ան բան մը սորվիլ թելադրելէ առաջ, մեր զաւակներուն սորվեցուց այդ սորվուելիքը ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ, որ շա՜տ աւելի կարեւոր եւ էական է, քան սորվուելիքը ինքնին: Սորվելու ճամբան, արդարեւ, աշակերտներուն կու տայ այն հրաշալի առիթն ու ունակութիւնը, իրենց սորվածը սիրելու, հասկնալու եւ այդպիսով սորվելու, որով մինչեւ իրենց կեանքին վերջ ընկերակից կը մնայ իրենց:
Անոյշ Նշանեանը մեր զաւակներուն մէջ ո՛չ միայն սերմանեց սէ՛ր եւ հետաքրքրութիւն դէպի ուսումն ու ընթերցումը, այլեւ իր օրինակով սորվեցուց անոնց, թէ ինչքա՜ն կարեւոր են ուսումն ու ընթերցումը, թէ ինչքա՜ն անհրաժեշտ է սէր եւ հետաքրքրութիւն ունենալ իրենց սորվածին ու կարդացածին նկատմամբ: Այլ խօսքով, սորվիլն ու ընթերցելը ո՛չ թէ մեքենայական սովորութեան վերածուի իրենց մէջ, այլեւ՝ անկեղծ փափաք՝ սիրով եւ հետաքրքրասիրութեամբ լեցուն:
Ընկեր Նշանեանը մեր զաւակներուն մէջ սերմանեց նաեւ վարժութի՛ւն մտածելու, դիտելու, փորձելու. յատկութիւններ, որոնք համացանցի, հեռախօսներու եւ համակարգիչներու այս դարուս, սկսած են քիչնալ, չըսելու համար վերանալ: Յատկութիւններ, որոնք կը հաւատամ, թէ յետագային ա՛յնքան պիտի օգնեն մեր զաւակներուն, որպէսզի կարենան կայանալ, ճիշդ որոշումներ կայացնեն իրենց կեանքին մէջ: Մտածելու, դիտելու, փորձելու վարժութիւնը հարստութիւններ են, որով պէտք է օժտուած ըլլան մեր բոլոր աշակերտները եւ այդ պէտք է ըլլայ փո՛քր տարիքէն: Շատեր կը մտածեն, որ այս վարժութիւնները մեր զաւակները մեծնալով՝ տարիներու ընթացքին կրնան ձեռք ձգել. սխալ չէ այս մտածումը: Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ, սակայն, որ այս պարագային ձեռք բերուած այս վարժութիւնները տկար ու թերի կ՚ըլլան, որովհետեւ հիմքը չկայ, կամ աւելի ճիշդ խախուտ է: Այն ինչ, երբ մտածելու, դիտելու, փորձելու վարժութիւնը փոքր տարիքէն ձեռք բերուի, ապա յետագային եկած փորձառութիւնը պարզապէս պիտի զօրացնէ եւ ընդարձակէ այդ վարժութիւնները: Աւարտական հանդէսը այս առումով, Անոյշ Նշանեանի յաջողութեան գրաւականն ու լաւագոյն նուէրն էր, որով ան յաջողած էր մեր զաւակներուն մէջ մտածելու, դիտելու եւ փորձելու վարժութիւնը լաւագոյնս սերմանել:
Ի վերջոյ, Անոյշ Նշանեանը մեր զաւակներուն մէջ յաջողած էր նաեւ սերմանել կարողութի՛ւն իր դիտողութիւններն ու ընթերցումները ղեկավարելու: Տասը տարեկան հասակին այդքան ալ դիւրին չէ, որ դէպի երիտասարդութիւն ընթացող երեխայ-պատանին կարենայ իր դիտողութիւններն ու ընթերցումները ղեկավարել, բայց երբ այդ կարողութի՛ւնը անոնց մատուցուի ո՛չ թէ մեքենայականօրէն, այլ՝ իրենց հասկնալի եւ իրենց համար ընդունելի ձեւով, ապա շատ դիւրին կ՚ըլլայ ղերկավարման այդ գործընթացը: Եւ ընկեր Նշանեանը այս ուղղութեամբ եւս իր ժպիտով եւ մեծահոգութեամբ յաջողած է այս կարողութիւնը եւս փոխանցելու մեր զաւակներուն:
Ընթերցողները չկարծեն, որ մեր զաւակները արդէն հասուն ու կատարեալ երեխաներ ու պատանիներ են, որոնք արդէն իսկ պատրաստ են կեանքի պայքարին: Ո՛չ: Այս գրութիւնը այդ մասին չէ: Ընդհակառակը, այս գրութիւնը այն մասին է, թէ ինչպէս կարելի է մեր զաւակները հասունութեան եւ կատարելութեան՝ միաժամանակ կեանքի պայքարին պատրաստել լաւապէս զինուած: Զինուած գիտելիքով. ո՛չ թէ մեքենայականօրէն ամբարուած գիտելիքներով, այլ՝ սիրով եւ հետաքրքրասիրութեամբ: Զինուած մտածելու, դիտելու, փորձելու վարժութեամբ. ո՛չ թէ արհեստականօրէն, այլ՝ փորձով՝ սե՛փական անձի փորձով: Ի վերջոյ զինուած իր դիտողութիւններն ու ընթերցումները ղեկավարելու կարողութեամբ. ո՛չ թէ դուրսէն պարտադրուած կարծիքներով, այլ՝ ներքնապէս գիտակցուած եւ ինքնուրոյն եզրակացութիւններով օժտուած: Ահա ա՛յս է, որ յաջողած է Անոյշ Նշանեանը տալ մեր զաւակներուն:
Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին շնորհաւորելով վերամուտը Անոյշ Նշանեանին եւ անոր ընդմէջէն կրթութեան նուիրուած եւ զինուորագրուած բոլոր անձնուէր մշակներուն, կը մաղթեմ արարումի ոգի, համբերութիւն եւ անդադրում ներշնչանք՝ մեր զաւակներուն մէջ լոյս սփռելու իրենց սրբազան առաքելութիւնը շարունակելու ճանապարհին, վստահ եւ համոզուած ըլլալով, որ այսօր իրենց կատարած նուիրումի իւրաքանչիւր քայլը վաղուան լուսաւոր հասարակութեան անկիւնաքարն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
24 օգոստոս 2025, Վաղարշապատ