ՍԷՐԸ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է… ՔՍԱՆ ՏԱՐՈՒԱՅ ՎԱՅՐԿԵԱՆԸ

1973-ի սեպտեմբերին ծնողքս ուսուցիչներու յատուկ հրաւէրով մեկնեցան հայրենիք։ Երեւանը սեպտեմբերին շատ գեղեցիկ է, ամրան խեղդող շոգը չկայ, աշնանամուտ է, բայց մօրս յիշողութեան մէջ այդ հանդիպումը մնացած էր որպէս ցուրտէն դողացող յուշ մը։ Տարիներ շարունակ դեղնած ծրարներով ճամբորդած նամակները վերջապէս դէմք ստացած էին։ Մայրս կանգնած էր Սիրանոյշին դէմ-յանդիման՝ նոյն այն աղջկան, որուն հետ դպրոցական նստարանը բաժներ էր, միասին երազեր, միասին ծիծաղեր ու խոստացեր երբեք չբաժնուիլ։ Սակայն, Սիրանոյշին սէրը զինք բաժնած էր իր ծննդավայրէն, ընտանիքէն եւ ընկերուհիներէն։ Ու մայրս երբ խօսէր այդ մասին, անպայման կը կրկնէր.

-Սիրանոյշը գնաց, բայց իր ծիծաղին ձայնը մնաց. ամէն անգամ, որ յիշեմ զինք, սենեակս կը լեցուի այդ առողջ ծիծաղին ձայնով… Իսկ հիմա մեր բաժանումէն քսանհինգ տարի ետք երբ հանդիպեցանք, այդ ծիծաղը չէ, որ կը յիշեմ, այլ՝ Սիրանոյշին տխուր աչքերուն մէջ սառած մեծ, անհուն եւ անբացատրելի ողբերգութիւնը։

-Արփինէ՛, յաճա՛խ կու գամ այստեղ, ուր վերջին անգամ Սահակը տեսայ…

Սիրանոյշին ձայնը մարեցաւ երկաթուղիի հին կառամատոյցին վրայ՝ ցուրտ, անողոք ու անտարբեր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ճակատագիրը, որ քառորդ դար առաջ խլած էր անոնց գարունը։ Սիրանոյշին աչքերուն մէջ ամբողջ կեանքի մը անսփոփ, քարացած լռութիւնը կը կարդացուէր։

Ու մայրս, վերապատմելով Սիրանոյշին խօսքերը, կարծես մեր աչքին առջեւ կը բանար այդ դառն պատմութիւնը.

Այն Սիրանոյշը, որ կեանքով լեցուն էր… Դրացիին տղան՝ Սահակը, անոր ամբողջ աշխարհն էր։ Լուռ հայեացքներ, փողոցի անկիւնը գաղտնի սպասումներ եւ անմեղ սէր մը, որուն մասին գիտէին բոլորը։ Երբ 1948-ին ներգաղթի ալիքը բարձրացաւ, Սահակենց ընտանիքը որոշեց հայրենադարձուիլ։ Անոնք ունեւոր էին եւ մեծ յոյսերով լի։ Սիրանոյշին ընտանիքը մնացողներու շարքին էր, բայց երկու երիտասարդներու սէրը չէր կրնար ովկիանոսներով ու սահմաններով բաժնուիլ։ Մեկնելէն վեց ամիս առաջ զանոնք ամուսնացուցին. ճերմակ քօղով ու երջանկութեան արցունքներով Սիրանոյշը ձեռքը դրաւ Սահակի ափին մէջ ու հետեւեցաւ իր սիրոյն՝ դէպի անծանօթ, խոստմնալից Հայաստան։

Սակայն «Հայրենիք» կոչուած խորհրդային իրականութիւնը ծանր երկաթէ վարագոյր մըն էր։ Հազիւ ոտք դրած հողին՝ Սահակենց հարստութիւնը աչքի կը զարնէ, ունեցուածքը ակնթարթի մը մէջ կը բռնագրաւուի, իսկ Սահակն ու հայրը, որպէս «անցանկալի տարրեր», կ՚աքսորուին Սիպիրի սառցէ դժոխքը։ Տարի մը չանցած՝ Սահակին մայրը արցունքոտ աչքերով կ՚իջնէ երազած հայրենի հողին ցուրտ գերեզմանը։

Սիրանոյշը կը մնայ մինակ՝ օտար քաղաքի մէջ, օտար տանիքի տակ, որովայնին մէջ կրելով իրենց սիրոյ պտուղը։ Հինգ ամիս ետք կը ծնի անոնց դուստրը։

Աղջնակը կը մեծնայ առանց հօր շունչը զգալու։ Տարիներու ընթացքին անոր մանկական շուրթերէն անդադար կը հնչէ նոյն հարցումը. «Մա՛մ, հայրիկս ո՞ւր է, ե՞րբ պիտի գայ»։ Սիրանոյշը պատասխան չունի. ի՞նչ պատասխանէ… Ան լուռ եւ խորունկ հառաչանքով կը նայի աղջկան ու իր չարտասանուած, խեղդուած ցաւը անխօս կը փոխանցէ զաւկին։ Այդ լռութիւնը բառերէն աւելի ծանր էր։ Դպրոցական տարիներուն աղջիկը ստիպուած էր կրելու աւելի դաժան բեռ մը․ ան չէր կրնար ընկերներուն մօտ բարձրաձայնել, թէ ինչո՛ւ հայրը իրենց հետ չէր, չէր կրնար ըսել, որ հայրը Սիպիր աքսորուած էր։ Խորհրդային այդ դաժան օրերուն «ժողովուրդի թշնամիի» զաւակ ըլլալը անէծք էր, եւ աղջնակը սորվեցաւ ապրիլ կոկորդին մէջ սեղմուած գաղտնիքով ու վախով՝ մօրը նման լուռ տանելով ամէն ինչ։

Տասը տարի ետք տան դուռը կը զարնուի։ Վերադարձած էր միայն Սահակի հայրը՝ ծերացած, կռնակը կքած, մարմինը հիւծած ու աչքերը մարած։ Աքսորի սառնամանիքն ու ստորնացումները քայքայած էին ծերունիին մարմինն ու հոգին։ Ան այնքան երկար տառապած էր, որ կարծես աներեւակայելի թուացող ազատութիւնն անգամ չկրցաւ տանիլ. կինն ալ չկար… Տասը տարուան տանջանքներէն ետք հայրենի օդը չի բաւարարեր, եւ ընդամէնը երկու ամիս ետք, այդ անազատ ազատութեան մէջ, ան աչքերը կը փակէ յաւիտեան։ Իսկ Սահակը դեռ հոն էր՝ անվերջանալի սառոյցներու գերութեան մէջ։

Սիրանոյշը կը դիմանայ եւս տասը տարի։ Ընդհանուր քսան երկար ու ձիգ տարիներ՝ պայքարելով կարիքին, ցուրտին, մենութեան եւ սպասումին դէմ։ Քսան տարի հաւատալով, որ օր մը Սահակը պիտի գայ։

Եւ այդ օրը վերջապէս կու գայ։ Լուր կը հասնի, որ Սահակը ազատ արձակուած է եւ կը վերադառնայ։

Երկաթուղիի կայարանը լեցուն էր շոգիով, մարդոց աղմուկով ու անհամբերութեամբ։ Սիրանոյշը կանգնած էր իր քսանամեայ աղջկան կողքին։ Անոր սիրտը կը բաբախէր ճիշդ այնպէս, ինչպէս տասնութ տարեկանին, երբ փողոցին անկիւնը անհամբեր կը սպասէր իր ժամադրութիւններուն։ Իսկ աղջիկը լարուած կը նայէր գնացքին՝ պատրաստուելով իր կեանքին մէջ առաջին անգամ տեսնելու այն հայրը, որուն մասին միայն երազած էր։

Գնացքը դանդաղօրէն, խուլ ճռնչիւնով կը մօտենայ կառամատոյցին։ Դռները կը բացուին, ուղեւորներուն մէջէն կը յայտնուի Սահակը՝ տարիներէն ու ցուրտէն մաշած, բայց աչքերուն մէջ՝ նոյն անմար կարօտը։

Սահակը կը տեսնէ զանոնք։ Կը տեսնէ իր Սիրանոյշը եւ իր արեան կանչը՝ աղջիկը, զոր երբեք չէր գրկած։ Կարօտը, որ քսան տարի խեղդուած էր կուրծքին տակ, կը պայթի մէկ վայրկեանի մէջ։ Ուրախութեան անզուսպ ճիչով, աշխարհը մոռցած, կը վազէ առաջ՝ դէպի իր կեանքը, դէպի իր ընտանիքը։

Բայց ճակատագիրը իր վերջին, ամենէն դաժան հարուածը պահած էր այդ վայրկեանին։ Շտապող քայլ մը, սայթաքում մը կառամատոյցի եզրին, եւ Սահակի մարմինը անզօրօրէն կը գլորուի դեռեւս շարժող գնացքի ծանր անիւներուն տակ։

Միայն սարսափելի ճիչ մը կը ճեղքէ կայարանի աղմուկը։ Քսան տարուան սպասումը, չապրուած հայրութիւնը, տառապանքն ու յոյսը կ՚ոչնչանան քանի մը վայրկեանի մէջ՝ շոգիի եւ արեան մէջ։

-Ահա թէ ինչու Սիրանոյշը մի՛շտ կ՚այցելէր այդ կայարանը,- շարունակեց մայրս, աչքերուն մէջ արցունք ու կարեկցանք։

Անոր հոգին այլեւս չէր պատկաներ այս աշխարհին… Անոր «առողջ ծիծաղը» վաղուց մարած էր, եւ անոր փոխարէն կինը մնացած էր այդ նոյն կառամատոյցին վրայ՝ երկաթուղիի պաղ գիծերուն քով, ուր վայրկեանի մը մէջ հանդիպեր ու յաւիտեան բաժնուեր էին երջանկութիւնն ու մահը։

Իսկ սէրը… Ինչո՛ւ սէրը երբեմն ճակատագրի հետ այդքան դաժան խաղեր կը խաղայ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2026