«ՊԱՐԱՊ ՎԱԽՏԻ ԽԱՂԱԼԻՔ» ԿԱՄ «ՍՊԻՏԱԿ ԲԻԾԵՐՈՒ» ՀԵՏՔԵՐՈՎ…
2015 թուականին էր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովուրդը հրաւիրեց հանրաքուէի։ Խնդիրը կապուած էր նոր սահմանադրութեան մը վաւերացման հետ։ Հանրաքուէն տեղի ունեցած էր նոյն տարուան դեկտեմբերի 6-ին։ Հանրութիւնը, որուն եւ Սերժ Սարգսեանին միջեւ մեծ վիհ մը արդէն գոյացած էր, 66,2 համեմատութեամբ «այո» քուէարկած էր սահմանադրական բարեփոխումներուն։ Երկրի ընդդիմութեան կողմէ «կարուած» կոչուած էր այդ Սահմանադրութիւնը, որուն միտք բանին էր՝ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վերարտադրութեան ապահովումը։
Սահմանափակ կարողութիւններով Հայաստանին համար գրեթէ «լիւքս» բան կը համարուէր նոր սահմանադրութիւն մը մշակելու եւ հանրութեան դատին ներկայացնելու խնդիրը։ Երկիրը, որ ունէր բաւական խորքային հիմնահարցեր, կ՚ապրէր ու կը տատանէր երկու իրականութիւններու միջեւ։ Մէկ իրականութիւնը Սերժ Սարգսեանի եւ անոր շուրջ բոլորուած քաղաքական-անվտանգային ու կրօնական վերնախաւի «իրականութիւնն» էր, իսկ միւսը՝ աւելի լայն տարողութեան վրայ ինքզինք պարտադրած իրականութիւնը, այսինքն Հայաստանի ժողովուրդին, անոր քաղաքական եւ քաղաքացիական ընդդիմադիր հասարակութիւններուն, նաեւ Արցախի պաշտպանութեան համար արիւն-քրտինք տուած ժողովուրդին իրականութիւնն էր։ Ի վերջոյ, այս երկու հասարակութիւնները, որեւէ անգամ չէին ուզած զիրար լսել, կամ չէին կամեցած իրարու հետ գործակցիլ։
Իշխանութիւնները, որոնք «կը լողային» ամէն տեսակի բարիքներու եւ գումարներու մէջ, այնքան մը օտարուեցան ու հասարակութենէն կտրուեցան, որ ստեղծուած վիհը ո՛չ միայն աճեցաւ, այլեւ ստեղծեց երկու իրարու օտարուած եւ ամէն պահ իրարու դէմ թշնամական թոյն թափող «հասարակութիւններ»։ Ի հարկէ, հասարակութիւն բառով իշխանութիւնը բնութագրելու կամ ներկայացնելու փորձը քիչ մը շռայլութիւն է՝ պարզ անոր համար, որ երկու «խումբեր»ուն թիւերը ո՛չ միայն անահաւասար էին, այլեւ անհամեմատելի։ Ու այդ պարզ ընթացքով Հայաստանի դժգոհ խաւերը գտած էին պատեհ առիթը ու փողոց իջնելով տապալեցին ո՛չ միայն Սերժ Սարգսեանը, այլեւ՝ անոր շուրջ գոյացած պալատական դասակարգը։
Այս բոլորի միտք բանին միայն իրավիճակը ներկայացնելու փորձը չէ, այլ աւելին՝ ըսել, որ որեւէ տեսակի փաստաթուղթ, Սահմանադրութիւն, կանոնակարգ կամ նոյնիսկ ստորագրութիւն ու կնիք անկարող են դիմադրել՝ հասարակութիւններու կեցուածքներուն եւ տեսակէտներուն։
Սահմանադրութեան հանրաքուէն յաջողցուցած Սերժ Սարգսեան այդ պահէն սկսեալ մտած էր ամբողջական օտարման փուլ մը, որ աւարտեցաւ «Ես սխալ եմ, դուք ճիշդ էք Նիկոլ Փաշինեան» բնորոշի՛չ թելադրականութեամբ։ Այստեղ կային բազմապիսի հարցեր, որոնց պորտալարը անմիջականօրէն կապուած էր ու տակաւին կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Նոյն Սարգսեանը արդեօք չէ՞ր մտածած կամ չէ՞ր գիտեր, որ Ղարաբաղի խնդրին առումով իր կողմէ կատարուելիք որեւէ զիջում պիտի համարուէր «մեծ դաւաճանութիւն» մը, որ զինք կրնար հալածել մինչեւ իր կեանքի աւարտը։ Շատ լաւ գիտէր այդ բոլորը ու հաւանաբար գիտակցելով հեշտացուցած էր Նիկոլ Փաշինեանի «յեղաշրջում»ը, որ աւելի ուշ կոչուեցաւ «Թաւշեայ, ոչ-բռնի յեղափոխութիւն…»։
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, երբ փոթորկած հանրային կեանքին մէջ որոշ միաւորներ կուտակելու տողանցք մը ընթացք առաւ, Սերժ Սարգսեան հեռասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ինք պարտուած էր ո՛չ թէ Նիկոլ Փաշինեանին, այլ՝ արտաքին մութ ուժերու առջեւ։
Վերադառնալով Արցախի խնդրին եւ վերը նշուած դիտարկումին՝ ըստ որու, Ղարաբաղի հիմնահարցը այսօր իսկ կը շարունակէ իր ստուերը նետել Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ, ապա այստեղ հարկ է կարկինը լայն բանալ՝ իրողապէս հասկնալու գործընթացները։
Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան յղում կատարած Անկախութեան հռչակագրին մէջ բացայայտ կերպով կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին ու կը նշուի, որ Հայաստանը՝ որպէս պետութիւն, ապահովողն ու հովանաւորն է այդ հողամասի աւելի շեշտակի՝ հայրենիքի կտորի մը անվտանգութեան։ Հոս, սակայն, կայ նոյնպէս մեծ թերացում եւ մեծ մեղաւորութիւն, որ հաւասարապէս պէտք է բաժնուի Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ երեք նախկին նախագահներու ուսերուն։ Այդ մեղքէն պէտք չէ բացառել այսօրուայ վարչապետը, որ Արցախի կտրուածքով ալ գործեց անասելի եւ անսրբագրելի մեղքեր, որոնց վերջինը Արցախը Ատրպէյճանի մաս ընդունելու վերաբերեալ հրապարակային «խոստովանութիւնն» էր, որ կը կատարուէր պատերազմի աւարտէն ետք ու, շատ հաւանաբար, ինչպէս շատ այլ դրոյթներ՝ շրջանառութեան մէջ կը դրուէր նպատակ ունենալով նոր լեզուով մը խօսիլ Ատրպէյճանի հետ, փորձելով ապահովագրել այս իշխանութեան «երկարակեցութիւն»ը առնուազն Պաքուի պատուհանէն։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ Փաշինեան մէջտեղ հանած է «Իրական Հայաստան» եւ «Պատմական Հայաստան» դրոյթները, որոնք պատճառ դարձած են տարաբնոյթ եւ յաճախ իրերամերժ վերաբերմունքի։ Արարատ եւ Արագած «լեռներու պատմութիւն»էն՝ մինչեւ հայոց պատմութիւն-Հայաստանի պատմութիւն դրոյթը ու աւելի վերջ ալ ցեղասպանութեան ընկալումը վերանայելու կամ քննելու առաջադրանքը, Փաշինեան բոլոր առումներով մշակած է ու կը ներկայացնէ այսօրուայ իրավիճակը հասկնալու ու այդ կէտէն սկսեալ նոր ճանապարհ մը առնելու «յարմարուողականութիւն»ը։ Խորքայինը այս է ամբողջ պատմութեան ու ասկէ անդին՝ նոր սահմանադրութիւն մը մշակել հասցնելու եւ այդ մէկը հանրութեան դատին ներկայացնելու փորձը պարզապէս մանրամասնութիւն է։
Հոս է նաեւ, որ կ՚արժէ՝ առանց թոյն ու մախանք թափելու, խորքային հայեացք մը նետել այս դրոյթներուն վրայ։ Չմոռնալ, անշուշտ, որ գրեթէ առաջին անգամ ժողովուրդի մէկ մասը ո՛չ միայն հիասթափուած է Փաշինեանէն, այլեւ թշնամացած է անոր դէմ ու այդ հատուածին համար այս բոլորը լուծելու միակ ճանապարհը վերջինիս արագ հեռացումն է իշխանութենէն։ Միւս կողմէ, հակազդելով այս բոլորին եւ ունենալով հիմնական նպատակ մը, որն է պահել իշխանութիւնը՝ Փաշինեան կը փորձէ ու պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի կարողանայ ի վերջոյ ստորագրութիւն մը դրուած տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան «խաղաղութեան պայմանագիր» նկատուելիք որեւէ փաստաթուղթի տակ։ Սա ընելու համար անոր կը պակսի կարեւոր «գործիքներ», որոնց հիմնականը, ըստ երեւոյթին, նոր սահմանադրութիւն մը մշակելու, պատրաստելու, զայն հանրութեան ներկայացնելու ու այդ հանրութեան մեծամասնութեան «այո»ն ստանալու գերխնդիրն է։
Խաղաղութեան համար նոր ճանապարհ մը, նոր կեանք մը տալիք իւրաքանչիւր թուղթ յաղթանակի մեծագոյն պսակը պիտի ապահովէ Փաշինեանի համար ու այս բոլորը հաշուի առնելով այսօր Հայաստանի մէջ շրջանառութեան դրուած խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ բաւական արագ եւ աճապարանքի մօտեցող մթնոլորտով։ Ի՜նչ խօսք, որ այսօրուան պայմանները բաւական ուրիշ են՝ քան 2015 թուականը, երբ Սերժ Սարգսեան ուզած էր իր «հագուստին» համեմատ «կարել» նոր սահմանադրութիւն մը, որուն հիմնական կէտը երկիրը նախագահական համակարգէն՝ խորհրդարանական համակարգի մը տանիլն էր։ Յայնժամ սահմանադրութիւնը «կը կարուէր» ծածկելու համար օրուայ նախագահի մարմնին տգեղ կողմերը, իսկ այսօր «կարուող» սահմանադրութիւնը, ըստ էութեան, «պիտի կարուի» Հայաստանին բարիք մը ընելու կամ այսօրուայ Հայաստանը «փրկելու» նպատակով։
Թէ, ո՞վ է աւելի անկեղծ, տակաւին պարզ չէ։ Բայց, յստակ է, որ իւրաքանչիւր թուղթ, իւրաքանչիւր ստորագրութիւն եւ իւրաքանչիւր սահմանադրական միտում կամ նոյնիսկ սահմանադրութիւն շատ արագ կերպով անզօրութեան սահմանները կը հատէ եւ կը դառնայ «պարապ վախտի խաղալիք», եթէ Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերը հրամցուածը մերժեն ու հրամցուածին մէջ տեսնեն ժողովուրդի հաւաքական շահերուն ներհակ «սպիտակ բիծեր»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան