ՉԳԻՆՈՎՆԱԼ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
-Հետաքրքրական է գիտնալ ձեր մօտեցումը՝ Հայաստան-սփիւռք մեծ դասաւորումին վերաբերեալ: Այս նիւթը ի յայտ եկաւ՝ յատկապէս պատերազմէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը բեկում ապրեցաւ եւ սփիւռքի մէջ ծնաւ նոր ոգի մը, թէ սփիւռքը անպայման պէտք է ապրի։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի, որ պէտք չէ սփիւռքեան հաստատութիւնները փակենք, ամէն ինչ լքենք ու Հայաստան երթանք՝ մինչ այդ սփիւռքի ղեկավարութիւնը կարծես կ՚ուզէր ամէն ինչ «գոցել» եւ երթալ Հայաստան։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս կ՚ընկալէք։
-Ատիկա սփիւռքի ղեկավարութեան գաղափարախօսական խօսոյթն էր, բայց, իրականութեան մէջ այդպէս չեղաւ։ Հիմա հոս երկու տարբեր նիւթ կայ. մէկը՝ սփիւռքի հանդէպ ընդհանուր մօտեցումը, միւսը՝ պատերազմի՝ պարտութեան դերը ատոր մէջ։
Վահէ Օշականի միտք բանին՝ սփիւռքի անկախացումը շատ լաւ կը յիշեմ։ Ան Հայաստան-սփիւռք առաջին համաժողովին ալ ներկայացուց այդ մէկը։ Իմ պարագայիս ալ այդ նոյն գաղափարը կու գայ իմ տոքթորականի հետազօտութիւններէս։ Ես 2015 թուականին յօդուած մը հրատարակած էի՝ ըսելու համար, որ «չգինովնանք պետականութեամբ»։ Չմոռնանք, որ մեր զարթօնքը սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած է։ Չուրանանք, որ 20-ական թուականներուն մենք սփիւռքեան ինքնութիւն մը ստեղծեցինք։ Մեր ազգային ինքնութիւնը բազմակեդրոն է այն իմաստով, որ մեր զարթօնքի աղբիւրները՝ մտաւորական կեդրոնները Հայաստանի մէջ չեն եղած, այլ եղած են Պոլիս, Թիֆլիզ, Վենետիկ, Վիեննա եւ այլն։ Տակաւին, անշուշտ Վան, Վասպուրական՝ Խրիմեան Հայրիկի աշխատանքը, եւ այլն։ Այդ գիտակցութիւնը ես «Կիւլպէնկեան» հիմնարկ բերի եւ այդ սփիւռքակեդրոն մօտեցումը 2013 թուականին եւ 2014 թուականին մեր հնգամեայ ռազմավարութեան մէջ շատ յստակ դրուեցաւ, որովհետեւ մենք չենք հաւատար, թէ սփիւռքը պէտք է «փակենք» եւ ամէն ինչ դէպի Հայաստան տանինք։ Հայաստանը մեր ուշադրութեան կեդրոններէն մէկը պէտք է ըլլայ՝ որպէս հայրենիք, բայց, սփիւռքը նաեւ պէտք է ըլլայ այն վայրը, ուր «ինքն իր մասին» կը մտածէ։
Ժամանակին, 1988 թուականին, սփիւռքի ինքն իր մասին մտածելու, հոգալու այդ կարողութիւնը առինք Երեւան բերինք։ Եւ մենք հանգիստ խղճով ետ վերադարձանք՝ ըսելով, որ այլեւս ամէն ինչին կեդրոնը Երեւանն է։ Դասական կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններու մէկ մասը նոյնիսկ դպրոցներ փակեցին եւ ամբողջ երեսուն տարի արդիւնքի չկրցանք հասնիլ։ Չհասկցանք, որ թերեւս այս մօտեցումը սխալ է։ Ասոր վրայ եկաւ պատերազմը։ Եթէ մինչ այդ խօսոյթը այն էր, որ ամէն ինչ Հայաստանի վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ, որպէսզի մենք հզօր պահենք Հայաստանը, ապա, 2020 թուականին երբ ծանր ձեւով պարտուեցանք, սփիւռքը ոչինչ կրցաւ ընել եւ այդ խօսոյթը չէզոքացաւ։ Արեւմուտքի դասական սփիւռքը անդրադարձաւ, որ ամբողջ գրաւը չենք կրնար Երեւանի վրայ դնել։ Այս մօտեցման մէջ դեր ունեցաւ նաեւ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, որ ինքն ալ իր խօսոյթը փոխեց եւ սփիւռքի որոշ խաւեր ատկէ ալ քիչ մը ընդվզեցան։
-Դուք ձեր գործունէութեան մէջ կը փորձէ՞ք օգտագործել արդիական բոլոր միջոցները, որոնք թերեւս կիրառելի չեն մեր ազգային աւանդական կառոյցներուն կողմէ։ Անոնք հաւանաբար կը վախնան փոփոխութիւններէ, նաեւ համընդհանուր փլուզումէ։ Կայ նաեւ սփիւռքի ղեկավարութեան պակասի խնդիրը, կը տեսնենք աշխատանքի թերացում, տապալում եւ ամենակարեւորը՝ ոչ մէկ հաշուետուութիւն։ Սփիւռքեան կառոյցները ինչպէ՞ս պիտի վերանորոգուին։ Այս հարցերու պարագային «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ընելիք մը ունի՞։
-Մենք կազմակերպչական գետնի վրայ կղզի մըն ենք, բայց, գործունէութեան գետնի վրայ կղզի չենք կրնար ըլլալ, պէտք է նուազագոյնը, թերակղզի մը ըլլանք եւ պէտք է ըլլանք ցամաքամասի մը վրայ, որու անունը սփիւռք է:
Ուրեմն, մեր գործունէութիւնը կղզիացած չի կրնար ըլլալ, մեր գործունէութիւնը կապերու վրայ հիմնուած է եւ այդ կապերը սփիւռքի բոլոր խաւերուն հետ են: Մենք կը գործակցինք այն բոլոր կառոյցներուն հետ, որոնք նոյնանման տեսլական մը ունին՝ ըլլան անոնք դասական կազմակերպութիւններ, նոր կազմակերպութիւններ եւ այլն, շատ անգամ անհատներու հետ ալ կը գործակցինք եւ հոն կը տեսնենք, թէ կայ երիտասարդութեան որոշ խաւ մը, որ դասականներու հետ որեւէ կապ չ՚ուզեր ունենալ, հեռու կը մնայ, բայց կ՚ուզէ բան մը ընել, աշխատիլ։ Մենք կը գործակցինք անոնց հետ, այսպիսի գործակցութեան արդիւնք են մեր ծրագիրներէն «արդ եւս»ը, «երթիք»ը եւ այլ ծրագիրներ։
Գալով սփիւռքի աւանդական կառոյցներուն, ես չեմ կրնար ուրիշ կազմակերպութիւններու անունով պատասխանել, սակայն, միայն կրնամ ըսել, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ղեկավար հայելիին պէտք է նայի եւ ինքզինքին հարցնէ, թէ «ի՞նչ կրնայ ընել բարելաւուելու համար, որպէսզի տուեալ համայնքին աւելի հասնի»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ