ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ առակագիրին հետեւեալ համարները. «Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը մռնչող առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի: Խոհեմութիւն չուենցող իշխանը շատ զրկանքներ կ՚ընէ, բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ՚աւելցնէ» (Առ 28.15-16):
Պատասխան. Այսօր գաղտնիք չէ, որ աշխարհով մէկ աղքատութիւնը, թշուառութիւնը, ատելութիւնը, սպանութիւնները, գողութիւնները, հակամարտութիւնները, զրկանքները, պատերազմները, օր օրի աճ կ՚արձանագրեն, եւ շարքային, պարզ ժողովուրդը մնայուն կերպով անապահովութեան, վախի, տագնապի, աղքատութեան ու թշուառութեան մէջ է: Եթէ փորձենք պատասխան մը կամ բացատրութիւն մը գտնել այս վիճակին, ապա վերը յիշատակուած իմաստունին երկու համարները թերեւս լաւագոյն բացատրութիւններէն մին ըլլայ այս ուղղութեամբ: Երբ ոեւէ մէկ ժողովուրդի մը իշխողը կը մոռնայ իր պարտաւորութիւնները, կ՚անգիտանայ իր իսկական առաքելութեան, եւ փոխանակ հովուելու եւ իրեն յանձնուած ժողովուրդին բարօրութեան մասին մտածէ, կը կեղեքէ, կ՚անարգէ, կը նուաստացնէ, անոնց կեանքը կը դժուարացնէ, որպէսզի միշտ ենթակայի վիճակի մէջ պահէ: Նման ղեկավարներն ու առաջնորդները կը մոռնան, թէ իրենք իշխան կարգուած են այդ ժողովուրդներուն վրայ, որպէսզի իբրեւ հայր՝ հայրութիւն ընեն իրենց յանձնուած ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ հակառակը:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին Առ 28.15 համարը այսպէս կը բացատրէ.
* «Առաջնորդը, որուն մէջ իսկական սիրոյ հասկացողութիւնը չկայ, հոգատար հայրութենէ կը փոխուի մռնչացող առիւծի, որ կը փափաքի կուլ տալ, եւ կամ անյագ արջի՝ առանց պատճառի: Ան կը յօշոտէ աղքատները, կը կործանէ տկարները: Փոխանակ մարդասէր Տէր Յիսուսի դեսպանը ըլլալու, օրինակ կը վերցնէ սատանայէն՝ սկիզբէն մարդիկը սպաննողէն: Իսկ սիրող առաջնորդը, ան Քրիստոսի զոհաբերական ոգին կը կրէ»:
Սուրբ Բարսեղ Մեծը նոյն համարը այսպէս կը մեկնէ.
* «Դուն պէտք է համատեղես ազնուութիւնը մարմնական աշխատանքին հետ, որովհետեւ բաւարար չէ, որ դուն շատ յոգնիս, այլ՝ դուն կարիք ունիս, որ այդ բոլորը քնքշութեամբ ընես, իսկ խօսքերդ ազնուութեամբ եւ քնքշութեամբ ցօղէ: Թող բոլորն ալ գիտնան, որ բոլոր գործերդ կը կատարես սիրոյ հոգիով, որով այնքա՜ն կ՚ուրախանան ծառայելով քեզի: Ա՛յս է, որ կը սորվեցնէ քեզի իմաստունը, ըսելով. “Որդեա՛կս, մի՛ տրտնջար լաւ բաներուն համար եւ իւրաքանչիւր նուէրի համար տխրութիւն մի՛ արտայայտեր չար խօսքերով: Արդարեւ, ցօղը ջերմութիւնը չի՞ սառեցներ, այդպէս ալ խօսքը աւելի լաւ է քան նուէրը”»:
Սուրբ Օգոստինոս Երանելին նոյն համարին մասին այսպէս կը գրէ.
* «Երանի՜ թէ մենք մեզ չսիրենք, այլ՝ սիրենք զԻնք եւ Անոր ոչխարները հովուելով՝ փնտռենք այն, ինչ որ մերը չէ, որովհետեւ ան որ ինքն իր համար կրնայ ապրիլ, անպայմանօրէն կը մեռնի՝ եթէ ինքզինք սիրէ: Այսպիսով, ան ինքզինք սիրող մը չ՚ըլլար, որովհետեւ ինքզինք սիրելով՝ իր կեանքը կը կորսնցնէ:
Երանի՜ թէ հօտին հովիւները իրենք զիրենք սիրողներ չըլլան, որպէսզի հօտը չարածեցնեն այնպէս, կարծէք իրենց սեփականութիւնն է եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի հօտը:
Նիւթական շահ կ՚ուզեն, նկատի ունենալով, որ դրամասէր են:
Կամ կը հպատակեցնեն ժողովուրդը, նկատի ունենալով, որ ամբարտաւան են:
Կամ փառք ու պատիւ կը պահանջեն, որովհետեւ հպարտացած են:
Կամ հայհոյողներուն նման հերետիկոսութիւններու մէջ կ՚իյնան:
Կ՚արհամարհեն Սուրբ Հայրերը “ինչպէս անհնազանդ զաւակներ”:
Բարութեան չարով կը հակադարձեն բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն բարեփոխել զիրենք, որպէսզի չկորսուին որպէս “անշնորհակալներ”:
Կը մեռցնեն թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն հոգիները որպէս “անողորմներ”:
Կը փորձեն արատաւորել սուրբերուն անհատականութիւնները, որպէս “սուտ վկաներ”
Անոնք ազատութիւն կու տան նողկալի ցանկութիւններուն, ինչպէս “պիղծերը”:
Միշտ կը բողոքեն, ինչպէս “անողորմածները”:
Ո՛չ մէկ բան գիտեն սիրոյ ծառայութեան մասին, նման անոնց՝ “որոնք գութ չունին”:
“Ինչպէս յամառներ”, կը մտահոգեն մարդկութիւնը իրենց յիմար քննարկումներով:
“Ինչպէս կոյրեր” չեն հասկնար, թէ ինչ կ՚ըսեն կամ ինչ կը պնդեն:
Անոնք ֆիզիքական հաճոյքները կը նախընտրեն հոգեւոր ուրախութենէն, անոնց նման “որոնք իրենք զիրենք աւելի կը սիրեն, քան՝ զԱստուած”:
Այս եւ այլ նմանատիպ արատներ, անկախ այն բանէն, թէ ատոնք բոլորը մէկ մարդու մէջ գոյութիւն ունին, կամ անոնցմէ մէկը կը տիրապետէ մէկ մարդուն, իսկ ուրիշ բան ուրիշ մարդու մը, այսպէս կամ այնպէս այս արմատէն կը բխի, այն է՝ “եսասիրութենէն”: Այս չարիքէն, մեղքէն պէտք է ուշադիր եւ հեռու ըլլան բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսի հօտը կ՚արածեցնեն, որպէսզի չփնտռեն իրենցինը, այլ այն՝ ինչը Քրիստոսին է, ինչպէս նաեւ չօգտագործեն անոնց, որոնց համար Քրիստոս Իր արիւնը թափեց՝ իրականացնելու համար իրենց հաճոյքները:
Անոնք որոնք կ՚արածեն Անոր հօտը, պէտք է իրենց սէրը մե՜ծ ըլլայ, հոգեւոր նախանձախնդրութեամբ, որպէսզի կարենայ յաղթահարել մահուան վախը, որ մեզ կը ստիպէ (մահուան վախը) չմեռնիլ՝ Քրիստոսի հետ ապրելու համար: Պօղոս առաքեալը կը փափաքի այս աշխարհէն բաժնուիլ, Քրիստոսի հետ ըլլալու համար (Փլպ 1.23)»:
Եկեղեցւոյ հայրերու վերը մէջբերուած հատուածներէն յստակ կը դառնայ, որ թէ՛ աշխարհիկ եւ թէ հոգեւոր առաջնորդները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած սէրէն հովուեն ու առաջնորդեն իրենց յանձնուած ժողովուրդն ու հօտը, որ ո՛չ թէ իրենց սեփականութիւնն է, այլ՝ Քրիստոսինը, Իր արեամբ գնուած: Առաւել եւս հոգեւորականները պէտք է զգոյշ եւ զգաստ ըլլան յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, որպէսզի մարդոց կրած վիշտը, տառապանքը, նեղութիւնը, տանջանքը կարենան մեղմել, մխիթարել ու անոնց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Քրիստոսի վրայ, որպէսզի չյուսահատին, չհեռանան Անկէ, ընդհակառակը, իրեն նեղութեան մէջ իսկ կառչին Քրիստոսէ, Անկէ յուսան իրենց փրկութիւնը եւ օգնութիւնը, որով պիտի կարենան յաղթահարել այս աշխարհի մէջ իրենց ունեցած կամ ունենալիք նեղութիւններն ու դժուարութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 145
Վաղարշապատ