ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ ՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵԼ
Շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Ռուսաստանի մէջ մեծ հարստութիւն ապահոված գործարար Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած «Ուժեղ Հայաստան»ը ընդդիմութեան հիմնական առանցքը դարձած է: Այս քաղաքական ուժը ծնունդ առաւ Հայաստանի իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութենէն, երբ Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ, իր բանտի մէջ գտնուած շրջանին ծնունդ առաւ «Մեր ձեւով» ընդդիմադիր շարժումը, որու գլուխը կը գտնուէր Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեանը: Շուտով «Մեր ձեւով»ը վերածուեցաւ «Ուժեղ Հայաստան»ի: Սա արդէն երկրորդ քաղաքական ուժն է, որ շատ հաւանաբար յաղթահարէ անցողիկ շեմը եւ յայտնուի խորհրդարանին մէջ: «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վերջին շրջանին միացան քանի մը՝ համեմատաբար շատ աւելի փոքր ներուժով քաղաքական միաւորումներ. օրինակ՝ «Հայաքուէ» խմբաւորումը։
Ուշագրաւ է, անշուշտ, Սամուէլ Կարապետեանի քաղաքական լայն դաշտ մտնելու նախապատմութիւնը, երբ անցեալ տարուայ յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելէ եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ հանդիպելէ անմիջապէս ետք, հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ ու բառացիօրէն ըսած էր, որ իրենք պայքարը պիտի տանին «իրենց ձեւով»՝ պաշտպանելու համար Մայր Աթոռը, որ շեշտակի թիրախը դարձած է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած այժմու իշխանախումբին։
Այդ յայտարարութենէն ետք Կարապետեանի բնակարանը խուզարկուած էր եւ ան ձերբակալուած։ Կարապետեանի գաղափարակիցները՝ գլխաւորութեամբ իր եղբօր Կարէն Կարապետեանի եւ այս վերջնոյն որդւոյն Նարեկ Կարապետեանի, ընթացք տուին փողոցային լայնածաւալ պայքարի մը, որ շարունակուեցաւ քանի մը ամիս։ Այդ պայքարի վերջին փուլին Սամուէլ Կարապետեան բանտէն դուրս եկաւ՝ դատապարտուելով տնային կալանքի, որ կը շարունակուի ցայսօր։ Արդարեւ, Կարապետեան համոզուած է, թէ պիտի դառնայ Հայաստանի նոր վարչապետը, վերջին շրջանին բազմիցս կը յայտարարէ, որ ինք յաղթանակ պիտի տանի՝ հակառակ, որ կը գտնուի տնային կալանքի տակ։
Անշուշտ, Հայաստանի հասարակութեան կարեւոր մէկ մասին կողմէ դրական վերաբերմունք մը գոյութիւն ունի Կարապետեանի նկատմամբ, բայց եւ այնպէս, վերջին ամիսներու իշխանութեան, նաեւ Հայաստանի արեւմտամէտ ուժերու խօսոյթը կերպով մը արատաւորեց անոր ընդհանուր կերպարը։ Իշխանութիւններն ու անոնց մօտիկ կանգնած ուժերը կը հաւատան, թէ Կարապետեանի նիւթական կարողութիւնը սերած է Ռուսաստանէն, հետեւաբար, ան կը գործէ ու պիտի գործէ ռուսական շահերուն համար։
Մինչ այդ, սակայն, շնորհիւ իր առատաձեռնութեան՝ Կարապետեան կարողացած է մեծ համբաւ ձեռք բերել, որովհետեւ որեւէ անգամ չէր մտած երկրի քաղաքական խոհանոցը, ուր առնուազն այնքան մաքուր վայր մը չէ։
Հիմա էական հարցումն է, որ Կարապետեանի գլխաւորած «Ուժեղ Հայաստան»ի դաշինքը, որքան տոկոս քուէով պիտի կարողանայ խորհրդարան մտնել, եթէ, անշուշտ, կարողանայ: Ամենակարեւորը, անկէ ետք ի՞նչ կեցուածքով, ի՞նչ քաղաքական դաշինքով կամ ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի գործէ։
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ նշուած են բանձեւումներ, որոնք ակնկալութիւններու եւ հակասութիւններու խաչմերուկի մը հեռանկարը կը ստեղծեն:
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը ներկայանայ ո՛չ միայն իր թեկնածուներու ցանկով, այլեւ՝ գաղափարական եւ ծրագրային ընդգծուած շեշտադրումներով, որոնք կը նպատակադրեն դիտարկել զայն որպէս նոր ձեւաւորուող քաղաքական բեւեռ։ Կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Նարեկ Կարապետեան, որ քաղաքական ուժի խորհուրդի անդամ է եւ կը դիտարկուի՝ որպէս անցումային շրջանի համակարգող դէմք։ Անոր կողքին, ցուցակին մէջ ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներէ անձնաւորութիւններ. օրինակ՝ փաստաբան Արամ Վարդեւանեան, սահմանադրագէտ Գոհար Մելոյեան, գործարար Դաւիթ Ղազինեան, իրաւաբան Ռուբէն Մխիթարեան եւ այլն։ Ցուցակին վրայ տեղ գտած է նաեւ Վանաձորի նախկին քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեան։ Այս կազմը կը փորձէ համադրել քաղաքական, մասնագիտական եւ տեղական կառավարման փորձառութիւնը։
Կուսակցութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ իր վարչապետի թեկնածուն է Սամուէլ Կարապետեանը՝ թէեւ վերջինս իր բազմակի քաղաքացիութեան պատճառով չի կրնար պաշտօնապէս առաջադրուիլ։ Այս իրողութիւնը որոշ չափով կը սահմանափակէ անոր անմիջական քաղաքական մասնակցութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ան կը պահէ իր ազդեցութիւնը կուսակցութեան ընդհանուր ուղղութեան վրայ։
Ծրագրային առումով «Ուժեղ Հայաստան»ը կը կառուցուի այն գաղափարին վրայ, թէ աշխարհ կը մտնէ նոր փուլ մը, ուր պետութիւններու յաջողութիւնը կախուած պիտի ըլլայ միջազգային վստահելի գործընկերութիւններու, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ արդի արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ կիրառման համադրութեամբ։ Ուստի, այս կուսակցութիւնը կը շեշտէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ամրապնդէ իր ինքնիշխանութիւնը՝ որպէս բացարձակ արժէք, միեւնոյն ժամանակ, ստեղծելով ազատական տնտեսութիւն՝ ընկերային երաշխիքներով։
Առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին՝ տնտեսական աճի խթանումը, ներդրումներու ներգրաւումը, աշխատատեղիներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան համակարգին զարգացումը։ Կուսակցութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ երիտասարդութեան դերին՝ զայն դիտելով ապագայի հիմնական շարժիչ ուժը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր կը համարուի սփիւռքի ներուժի ամբողջական ներգրաւումը՝ Հայաստանի զարգացման գործընթացին։
Քաղաքական մշակոյթի մակարդակով «Ուժեղ Հայաստան»ը կը փորձէ շեշտադրել ներքին համերաշխութեան գաղափարը՝ առաջարկելով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակադրութեան փոխարէն շինիչ բանավէճի ձեւաչափ մը։ Ան կը յայտարարէ նաեւ կաշառակերութեան ամբողջական մերժում, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդում եւ բռնութեան բացառում՝ որպէս հիմնական սկզբունքներ։
Արտաքին քաղաքականութեան մէջ կուսակցութիւնը կը պաշտպանէ հայաստանակեդրոն մօտեցում մը, միաժամանակ, կը կարեւորէ թէ՛ պատմական կապերու պահպանումը եւ թէ նոր գործընկերութիւններու ձեւաւորումը։ Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առաջնային կը համարուի ժամանակակից բանակի ստեղծումը, իսկ ժողովրդագրութեան մէջ՝ բնակչութեան աճի խթանումը։
Այսպէսով, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը փորձէ ներկայանալ՝ որպէս համադրող նախագիծ մը, որ պիտի միացնէ ազգային արժէքները, տնտեսական արդիականացումը եւ քաղաքական նոր մշակոյթը։ Սակայն, ինչպէս միշտ, այս գաղափարներու կենսունակութիւնը պիտի չափուի ո՛չ միայն ծրագրերով, այլեւ ընտրական արդիւնքներով եւ անոնց գործնական իրագործման կարողութեամբ։
Եզրակացնելով կարելի է ըսել, որ Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ ձեւաւորուած «Ուժեղ Հայաստան» քաղաքական նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ մերօրեայ հայկական քաղաքական դաշտի հետաքրքրական եւ միեւնոյն ժամանակ՝ ամենէն հակասական երեւոյթներէն մէկը։ Անիկա կը միաւորէ մէկ կողմէ նո՛ր ուժի յայտնուելու ակնկալիքը՝ յենուած ելմտական, կազմակերպչական եւ հասարակական որոշ վստահութեան վրայ, իսկ միւս կողմէ իր հետ կը բերէ լուրջ հարցադրումներ՝ քաղաքական ուղղուածութեան, արտաքին կապերու եւ ապագայ դաշինքներու վերաբերեալ։
Կարապետեանի անձնական կերպարը որպէս բարերար եւ քաղաքականութենէն հեռու եղած գործարար, երկար ժամանակ դրական ընկալում մը ապահոված էր հանրութեան որոշ շերտերուն մօտ։ Սակայն, վերջին շրջանի իրադարձութիւնները, իր յայտարարութիւնները, ձերբակալութիւնը եւ իշխանութեան հետ սուր դիմակայութիւնը փոխեցին այս պատկերը՝ թէ՛ ստեղծելով համակիրներու համախմբում եւ թէ հակազդեցութիւն։ Այս երկակի վերաբերմունքը, ըստ էութեան, կրնայ դառնալ այն առանցքը, որ պիտի որոշէ անոր ընտրական արդիւնքը։
Քաղաքական առումով «Ուժեղ Հայաստան» կը փորձէ ներկայանալ՝ որպէս այլընտրանք եւ միշտ կը շեշտէ ազգային ինքնութիւնը, տնտեսական զարգացումն ու ներքին համերաշխութիւնը։ Յամենայդէպս, այս գաղափարները որքան ալ գրաւիչ հնչեն՝ տակաւին կը սպասեն յստակ քաղաքական դրութիւններու եւ գործնական քայլերու, որոնք պիտի ապացուցանեն անոնց կենսունակութիւնը։
Վերջապէս, շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին գլխաւոր հարցումը կը մնայ բաց. արդեօք այս ուժը պիտի կարենա՞յ վերածուիլ կայուն խորհրդարանական ներկայութեան եւ ինչպիսի՞ դեր մը պիտի ստանձնէ այնտեղ։ Անոր յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կախեալ է ո՛չ միայն քուէներու տոկոսէն, այլեւ այն հանգամանքէն, թէ որքանով պիտի յաջողի վերածել իր շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը իրական քաղաքական ազդեցութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան