ՄԵՔԵՆԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ՍՏԵՂԾԵԼ
Մա՞րդը, թէ մեքենան: Այժմ այլեւս բոլոր ոլորտներուն մէջ այս հարցումը միշտ տարածուած է եւ պատասխանները տարաբնոյթ, երբեմն նոյնիսկ շատ հակասական են: Վերջերս այս մասին կրկին խօսուեցաւ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) արուեստի թանգարանի մը բացման առիթով:
Կը ներկայացնենք «Նիւ Եորք Փոսթ» թերթի կայքին հրապարակած յօդուածէն հատուածներ:
*
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԻՆ
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ,
ԲԱՅՑ ԱՐԴԵՕՔ ԱՏԻԿԱ ԱՐՈՒԵ՞ՍՏ Է
Այս թուային արեւադարձային անտառին մէջ ամէն ինչ կը շարժի գլխապտոյտ արագութեամբ եւ կեանքը կը բաբախէ ամէնուրեք՝ ուղղակի ձեր առջեւ, ձեր գլխուն վերեւ եւ ձեր ոտքերուն տակ:
Հսկայական 360 աստիճանի խորանարդը կը հրաւիրէ դիտողները՝ ընկղմելու տարաշխարհիկ բուսական եւ կենդանական աշխարհի մէջ, ապա՝ աւելի խորը նայիլ կենդանի բնութեան ներքին գործունէութեան, ուր ծառի աւիշը կը բաբախէ թաքնուած ալիքներու ցանցով:
Այս պատուհանազուրկ տարածքին մէջ կենսունակ, անընդհատ փոփոխուող պատկերները կը ստեղծուին աշխարհի 16 արեւադարձային անտառներէն իրական ժամանակին մէջ սփռուող 1,2 միլիառ տուեալներու կէտերու միջոցով:
Հսկայական կենդանի պատկերները կ՚ընկերանան լայնածաւալ, ընկղմող երաժշտական նոթերով եւ բազմատեսակ բոյրերով՝ ծաղկայինէն մինչեւ նուրբ «ելեկտրական» նոթեր:
Ահա թէ ի՛նչ կը տեսնենք «Data Pavilion»ը «Dataland»ի մէջ, որ կը նկատուի աշխարհի առաջին ԱԲ թանգարանը, որ 20 յունիսին իր դռները բացաւ Լոս Անճելըսի մէջ։
ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱԶՆԵՐ
Թանգարանը առաջին ելոյթը կը կատարէ «Մեքենական երազներ. անձրեւային անտառ» ներկայացումով, որ շատ աւելի հեռու կ՚երթայ, քան՝ չոր վերլուծութիւնը: Այս անկասկած թանգարանային փորձառութիւն է, բայց՝ ոչ միւսներէն տարբերող:
Նկարիչներ Ռեֆիք Անատոլի եւ Էֆսուն Էրքըլըչի կողմէ ստեղծուած այս զգայական պայթիւնը կը ներառէ իրականութիւնը խեղաթիւրող չորս պատկերասրահ եւս:
Անոնց մթնոլորտը կարելի է նկարագրել որպէս «Ալիսը հրաշքներու աշխարհ մէջ»ը կը հանդիպի Աւաթարի կամ սարսափի նոր շարժապատկերի՝ Պեքրում տարբերակ:
Էրքըլըչ արցունքը աչքերուն կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին այցելուները կը քալեն Անատոլի «Անվերջութեան սենեակով»:
Տարածքը միտքը կը տեղափոխէ թուային Շանկրի-Լայի խորքը՝ վառ ցուցադրելով բնութեան վեհաշուք գեղեցկութիւնը եւ անոր փխրունութիւնը:
Այս հեռու է անհոգի արհեստագիտութեան գրաւչութենէն: Այս մեքենական արուեստ է՝ սրտով. խորապէս յուզական փորձառութիւն մը, որ կը զգացուի կենդանի եւ իսկապէս բանական:
Աւելի՛ն. երբ դուք կ՚ուսումնասիրէք 2300 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող ցուցահանդէսը (1000 քառակուսի մեթր եւս տարածքին վրայ կան սըրվըրային սենեակները եւ բարդ արհեստագիտութիւնները), «կենդանի թանգարանը» ձեզի ետեւէն կը նայի:
Մուտքին մօտ այցելուին կը տրամադրուին դաստակի վրայ կրելիք սարք մը, որ կ՚արձանագրէ անձնական մանրամասնութիւններ. մարմնի ջերմաստիճանը եւ սրտի զարկերը՝ յարմարեցնելով տարածքը անոնց վիճակին: Կը սփռուին անուշահոտեր:
Նկարները հսկայական պատերուն վրայ կը վերստեղծուին, կ՚արտացոլացուին հայելային յատակը եւ առաստաղը, ԱԲ-ը համակարգը անընդհատ կը մշակէ անտառներէն եկող ազդանշանները:
«Մենք տուեալներ կը ստանանք անմիջապէս ծառերէն: Մենք կ՚արձանագրենք հողի խոնաւութիւնը եւ ելեկտրամագնիսական ազդանշանները, որոնք ծառերը կ՚ուղարկեն իրարու: Այդ աներեւակայելի բարդ համակարգ մըն է», ժպտելով կը բացատրէ Անատոլ:
Այս ապշեցուցիչ տեսարանը թոյլ կու տայ դիտողներուն՝ բառացի «հասկնալ ծառերը եւ թէ՝ ինչպէս անոնք կը շփուին իրարու հետ», կ՚աւելցնէ Էրքըլըչ:
ԱԼԿՈՐԻԹՄՆԵՐԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ. ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ
«Dataland»ը իր ներկայութիւնը ցոյց կու տայ ԱԲ բովանդակութեան՝ բնագիրէն մինչեւ երաժշտութիւն եւ հեղինակային իրաւունքի ու անձնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ համաշխարհային բանավէճի մէջ:
Ի վերջոյ, նորձեւերու վերապատրաստութեան տուեալները պէտք է տեղէ մը գան:
Ռեֆիք Անատոլ՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչը, որ երկար տարիներ աշխատած է տեղեկատուական արուեստի ոլորտին մէջ, լաւ կը գիտակցի այս խնդրին:
Ան վստահ է, որ ճիշդ մօտեցում կատարելու պարագային, ալկորիթմները շատոնց պէտք է տեղ ունենան ստեղծագործական մարզին մէջ: Իր թանգարանին համար ան կ՚օգտագործէ Կուկըլի, արհեստագիտական հսկայ Նուիտիայի եւ Սմիթսոնիըն հաստատութեան տրամադրած տուեալները, փոխադարձ գործընկերութեան միջոցով եւ ամբողջութեամբ գեղագիտական մօտեցումով կը գործածէ զանոնք:
«Մեր ըրածը անվճար է հանրութեան համար: Այս կը նշանակէ, որ նոյնիսկ այն հաստատութիւնները, որոնք մեզի հետ կը բաժնեն տեղեկատուութիւն, կրնան այդ գործածել իրենց սեփական նպատակներուն համար», կը բացատրէ Ռեֆիք Անատոլ:
Մենհեթընի «Ճեն Սինկըր» պատկերասրահի հիմնադիր Ճեն Սինկըր, որ երկար ատենէ ի վեր կը պաշտպանէ աւանդական նկարիչներու իրաւունքները, կը գովաբանէ Անատոլի մօտեցումը: «Ռեֆիքի աշխատանքին մէջ արժէքաւորն այն է, որ ան տեղեկատուութիւնը կ՚առնէ բնական աղբիւրներէն՝ բնութենէն: Ան շատ զգոյշ է սկզբնական աղբիւրներու հետ եւ չի խախտեր ուրիշներու հեղինակային իրաւունքները», կ՚ըսէ ան:
Յայտնի պատկերասրահի սեփականատէր Ճեֆրի Տէյչ, որ 2023 թուականին ցուցադրած է «Անատոլի կենդանի նկարներ» նախագիծը, նոյնպէս արհեստագիտութեան մէջ ո՛չ մէկ սպառնալիք կը տեսնէ: «ԱԲ-ն պարզապէս գործիք է: Տեսած եմ ԱԲ-ով ստեղծուած շատ սարսափելի աշխատանքներ», կ՚ըսէ ան:
Երբ կը հարցնեն, թէ արդեօք աշխարհը կը խեղդուի՞ անճաշակ թուային «աղբի» ալիքի մեջ, Սինկեր տխրութեամբ կը պատասխանէ. «ԱԲ-ով շատ աղբ կը յառաջանայ՝ աղբի լեռներ»:
Բայց արդեօք այս մէկը իսկապէս արուե՞ստ է:
Ո՞վ է հեղինակը:
Գլխաւոր հարցումը կը մնայ անփոփոխ. կրնա՞ն այս ալկորիթմները համարուիլ արուեստ:
Պատասխանը, ինչպէս միշտ, կախուած է դիտողէն. չէ՞ որ բոլորը չէ, որ կ՚արձագանգեն Մոնա Լիզային:
ՄԱ՞ՐԴԸ, ԹԷ ՄԵՔԵՆԱՆ
Սակայն, կը յառաջանայ այլ տրամաբանական հարցում մը. ո՞վ է այստեղ իրական ստեղծողը՝ մա՞րդը, թէ մեքենան:
«Ռեֆիքը ստեղծած է ինքը՝ հայեցակարգը: Ան նկարիչն է», կտրականապէս կը պնդէ Ճեֆրի Տէյչ:
Անշուշտ, Անատոլի գործերը հզօր են անով, որ մարդիկը կը կապէ բնութեան հետ:
Անոնք աւելին են, քան՝ պարզապէս գոյներով հագեցած պատկերներու գեղադիտակ (kaleidoscope). ցուցահանդէսը փոխաբերաբար կը պատկերէ ամէն տարի հարիւրաւոր բուսական եւ կենդանական տեսակներու անհետացումը:
«Ես կը գնահատեմ: Անոր աշխատանքները կ՚անդրադառնան բնութեան եւ ընկերային խնդիրներու: Այդ իրենց խորութիւն կը հաղորդէ: Երբ մենք ցուցադրեցինք անոր նախագիծը անհետացող խութերու մասին, այդ իսկապէս հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց աղէտին վրայ», կ՚աւելցնէ Տէյչ:
Էֆսուն Էրքըլըչ կը ներկայացնէ երազ մը. ան կ՚երազէ յայտնի բնագէտ 100-ամեայ Տէյվիտ Էթենպորոյի այցելութեան մասին՝ իրենց պատկերասրահ, մեքենայի արձագանգի մասին անոր ներկայութեան:
«Այդ հրաշալի կ՚ըլլար», կը ժպտի Էֆսուն Էրքըլըչ:
ԴՐԱՄԻ ԴԱՍԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏՈՒԷՐՈՎ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐ
Բայց եւ այնպէս, «տուեալներու նկարչութիւնը» կը մնայ վիճայարոյց բնաբան պահպանողական արուեստի համայնքէն ներս:
Յատկանշական է, որ այնպիսի հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Լոս Անճելեսի «Hammer Youth Museum»ը, Լոնտոնի «Serpentine Gallery»ն, LACMA-ն եւ «The Broad»ը, կա՛մ հրաժարած են մեկնաբանութիւն տալէ, կա՛մ անտեսած են մամուլի հարցումները այս բացումին վերաբերեալ:
Այս կ՚արտացոլացնէ 2020-ականներու սկզբին NFT արուեստի միտումին արագ աճը եւ նոյնքան ապշեցուցիչ փլուզումը, որ հարցեր յառաջացուց աշխոյժ թուային արուեստի վաճառքի վերաբերեալ:
Այսպիսով, ինչպէ՞ս այս թանգարանը, որ լեցուն է գերթանկարժէք համակարգերով եւ պաստառներով, կը ծրագրէ հասնիլ ծախսերու հաւասարեցման:
Նախ՝ տոմսերով:
«Dataland»ը բաց է երեքշաբթիէն կիրակի: Մուտքի վճարումը 49-79 տոլար է, առաջնահերթ մուտքի վճարումը՝ 89-129 տոլար, իսկ տարեկան անդամավճարը՝ 350-էն մինչեւ 1500 տոլար:
«Մենք նաեւ նուէրներու խանութ ունինք», խորամանկ ժպիտով կ՚աւելցնէ Անատոլ:
Այդ մէկը շատ հեռու է սովորական բացիկներու խանութէն:
Այո՛, անոնք կը վաճառեն մարզական տարազներ, շապիկներ, բայց, անոնց վրայ տպագրութիւնը կը ստեղծուի անհատապէս՝ հիմնուելով խանութին մէջ ձեր դաստակին տեղադրուած սարքի հաւաքած կենսաչափական տուեալներու վրայ:
Այս նոյն տուեալները գործածելով՝ օծանելիքի համակարգը տեղւոյն վրայ կրնայ ստեղծել եւ շլացել ձեր անհատականացուած օծանելիքը:
Տեղադրուած է նաեւ «Qualia» մարդամեքենայի ձեռք, որ ձեր չափանիշները կը վերածէ ֆիզիքական առարկայի մը, կ՚առնէ վրձինը եւ կը նկարէ ձեր դիմանկարը:
Աւելի ճիշդ՝ ձեր սրտի բաբախումի իւրայատուկ վերացական դիմանկարը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան