ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄՆԵՐ

Աթոռի խաղը կը շարունակուի «իրական Հայաստան»ի մէջ։ Մէկ աթոռ կայ եւ ըստ խաղի օրէնքին, երկու վազող պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոնցմէ մէկն ու մէկը նստի, բայց արդեօք այդպէս կ՚ընթանա՞յ մեր խաղը։ 

Ի՞նչը, օրէնքով, կարգ ու կանոնով կ՚ընթանայ մեր հողին վրայ, որ այս խաղը օրինաւոր ըլլայ, կը խորհիմ, ու կ՚որոշեմ թատերական այս ներկայացումը շատերու պէս՝ չշարունակել։ Ինչո՞ւ հետաքրքրուիլ, ինչո՞ւ հետեւիլ, երբ շատերը չեն հետեւիր։ Ինչո՞ւ հետեւին, առաւելաբար սփիւռքի մէջ ապրողները, որոնք, ըստ Հայաստանի քաղաքացիներուն, իրաւունք ալ չունին խառնուելու հոն կատարուածին, ընտրուածին, չընտրուածին, որքան ատեն, որ պատերազմին, պատերազմներու ընթացքին, սահմանին վրայ չե՛ն կռուիր, կամ կռուող զաւակներ չե՛ն ղրկեր հոն, այլ՝ իրենց տուները կը մնան բոլորը, լուրերը կը դիտեն եւ առաւելաբար՝ դրամ կը ղրկեն կռուողներուն, որ մինչեւ հիմա ճշգրիտ չենք ալ գիտեր՝ ո՞ւր կ՚երթայ։

Սխա՞լ է։ 

Սխալ չէ՛։ 

Անձնապէս ես, պատերազմին չկռուելովս հանդերձ, չե՛մ կրնար չհետեւիլ. նշանաւոր մարդոց «reel»ներուն մէջ յայտնուած «life style»ներուն զուգահեռ՝ ապրելու իմ «style»ս է ասիկա, որմէ դժգոհ չեմ իր ամէն հակասութիւններով, ամօթով ու յուսահատութիւններով։ Ինչ ըսեմ, եթէ ա՛ս է մեր իրականութիւնը.

Իր ճակատագրին արժանի է իւրաքանչիւր ժողովուրդ։ 

Այնուամենայնիւ, մեր հայրենիքի ապագան ուրուագծող այսօրուան իրադարձութիւններուն հետեւելով կը մտածեմ. ի՞նչ կը փոխուի Փարիզի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Մատրասի, Պաղտատի, Դամասկոսի (չի վերջանար շարքը՝ ամէն տեղ հայ կայ) մէջ ապրող հայու կեանքին մէջ եթէ գիտնայ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը պղծութիւն համարեց իր կարգալոյծ հռչակած քահանային` Յովհաննավանքին մէջ մատուցած պատարագը, զոր «նորոգման պատարագ» կոչեց մեր վարչապետը։ 

Ի՞նչ պիտի աւելնայ նոյն մարդուն կեանքին մէջ, երբ դիտէ Էջմիածնի յայտարարութեան պատասխանող մեր վարչապետին տեսանիւթը։ 

Պատերազմ է։ Մէկը բան մը պիտի ընէ, միւսը պիտի պատասխանէ։ Պղծութիւնը ա՛ս է, պղծութիւնը ա՛տ է՝ բացատրելով, նորոգման երկրորդ պատարագ մըն ալ տեղի ունեցաւ այս կիրակի։ 

Քանի՞ անգամ կը նորոգուի, կրնայ նորոգուիլ՝ մարդ։ 

Ի տարբերութիւն առաջին նորոգութենէն, այս կիրակի Յովհաննավանքի մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան դիմացն էր Մայր Աթոռի մէջ հաւաքուած բազմութիւնը, որ եկած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օծման ու գահակալութեան 26-րդ տարեդարձը նշելու։ 

Ահա ա՛ս է մեր իրականութիւնը. բազմութիւն մը հոս, բազմութիւն մը հոն. նոյն հողին վրայ ապրող, բայց ամբողջովին ա՛յլ խնդիրներ ունեցող երկու անկապ, անկամուրջ բազմութիւն։ 

Ինչո՞ւ անկամուրջ։

Դպրոցի զբօսանքներուն իրարու հետ կռուող երկու մանուկներու օրինակով, ինչու երկո՞ւ կռուողներուն ձեռքերէն բռնած երրո՛րդ մը մէջտեղ չի գար։ 

Այնքան պա՛րզ է պատասխանը.

Բարեսիրտ են մանուկները, անհաշիւ է անոնց վարքը, զիրար կը սիրեն անոնք ու ինչքան ալ կռուին, որքան ալ նեղուին, կը հաշտուին, վերջը իրարու ձեռք կը բռնեն ու «միասի՛ն կը խաղան...»։

Բարիք, անկեղծութիւն, սէր, միասնութիւն, այս արժէքներէն ո՞ր մէկը կը գործէ այսօր մեր մեծերուն մէջ։ 

Բարեկամ դարձած մեր դուրսի թշնամիին առաջադրանքները կատարելով-կատարելով, մեր ներսի բեմականացումները պիտի շարունակուին՝ հաւանաբար։ Մայր Աթոռին անվաւեր համարած բոլոր ծէսերն ալ պիտի շարունակուին։ Յովհաննավանքը որպէս «ազատագրուած ու մաքրուած» հոգեւոր կեդրոն՝ գրաւուած պիտի մնայ մեր օր ըստ օրէ աճող ու բարգաւաճող ոստիկանութեան ուժերով։ Էջմիածինը իր գրաւուած եկեղեցին ետ դարձնելու պիտի ջանայ, պիտի վերասրբագործէ զայն, մարդիկ հոս պիտի երթան, ուրիշ մարդիկ հոն պիտի երթան, ուրիշներ այս եղածները պարզապէս պիտի դիտեն, շատեր ալ պիտի չդիտեն...

Կարդացողներէն, հետեւողներէն ու դիտողներէն եմ ես։ Ի պատասխան վերի հարցումիս, կեանքիս մէջ բան մը չ՚աւելնար, այո՛, առանց փախուստ տալու այս իրականութիւնը ապրելով. ճի՛շդ է, բայց կեանքէս բան մը կը պակսի՝ անկասկած։ 

Այս ու այդ պղծութիւններուն մէջ արեւմտահայերէն կը գրեմ ես, վաղը՝ հայերէնի չորս պահ ունիմ դասաւանդելիք Գահիրէի հայկական մեր դպրոցին մէջ։ Յովհաննավանքի պատարագ/բեմականացումը, կարգալոյծ քահանային «Խաղաղութիւն Ամենեցուն» ըսելն ու թատերասէր ժողովուրդը հաղորդելը դիտելէս վերջ, վարժութիւններ պիտի պատրաստեմ վաղուան չորս դասապահերուս համար։ Ինծի վստահուած այդ մանուկներուն պէտք է վարժեցնեմ չսխալիլ, ճիշդ խօսիլ, ճիշդ գրել, ճիշդ կարդալ, բայց անկէ առաջ պէտք է վարժեցնեմ ճիշդ, մա՛րդօրէն վարուիլ... 

Ի՛նչ պիտի պակսի, ուրեմն։

Կտրուած թեւերով, մշուշոտ, մոխարգոյն մտքով ու դողացող հաւատքով ըրածներուս ու ընելիքներուս արժէ՛քը պիտի պակսի։

Աս ալ ի՛մ, չփախչողներո՛ւս բեմականցումն է, որ կը շարունակենք՝ անճար։ 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025