ՄԻՆՉԵՒ «ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ»
Տարուան ամենախորհրդաւոր շաբթուան սկիզբն ենք եւ բոլորէս պահանջուած է գիտակցիլ, որ երկրային մեր մեղքերէն ազատուելու, մաքրուելու եւ նոր կեանք մը սկսելու աստուածատուր մեր առիթն է «Զատիկը»:
Պատրա՞ստ ենք մաքրուելու:
Պատրա՞ստ ենք, նախ մեր աղտոտած ըլլալու փաստը ընդունելու: Դժուար է աս իրականութիւնը ընդունիլ անոնց համար, որոնք ըստ իրենց՝ անթերի են, սխալելու դոյզն հաւանականութիւն ալ չունին, քանի որ իրենց հաշիւներուն, թիւով շատ «բոլորին» կողմէն ընդունուած իրենց չափանիշներուն համաձայն՝ տեղն ու տեղին կ՚ընեն ամէն ինչը, նախապէս մտածուած, գրուած ու պատրաստուած է ամէն ինչ. կը մնայ գործադրել, բայց շիփ-շիտակ, առանց աջ-ձախ նայելու, առանց շեղելու գործադրել. շուրջի մարդիկ եւ անոնց պարագաները, իրերն ու անոնց փոփոխական տուեալները՝ կարեւոր չեն: Կարեւորը նախապէս այդ գրուածը ընելն է, որպէսզի իրերայաջորդ check-ի նշանները դրուին եւ «արդիւնաբեր» այդ կեանքը շարունակուի…
Մէկ + մէկ = երկու.
«Մաս-մաքուր» ու «անաղարտ» են ասոնք. ի՛նչ մեղքի, ի՛նչ մաքրուելու եւ նորէն սկսելու մասին մտածել… բայց այսպիսիներուն անտեսանելի մեղքն ու աններելի սխալը, իսկութեան մէջ, հաւասարի նշանին քով դրուած «երկու» բառն է.
Մէկ + մէկ = անշո՛ւշտ որ մէկ. մի՛շտ եւ անփոփոխ մէկ: Մէ՛կ ես, մէ՛կ շահ:
Իրենց մեղքերուն չանդրադարձող, կեանքի վազվզուքին մէջ անոնցմէ փախչիլ նախընտրողներ ալ կան, որոնք այնուամենայնիւ կարիք կը զգան փոխուելու:
Դիւրին է շատ աս փոփոխութիւնը, վարսայարդարները վկայ. սեւ, երկար մազերով կին մը ներս կը մտնէ՝ դեղին կամ կարմիր, կարճ եւ գանգուր մազերով կ՚ելլէ: Փոփոխութիւններուն ամենապարզն է ասիկա, քանի որ ձեւերը շատ են այսօր դուրսէն փոխուելու. սրճագոյն աչքերը կապոյտ կ՚ըլլան, յօնքերը կը խտանան, թարթիչները կ՚երկարին, քիթերը կը կարճնան, եղունգները կը նորոգուին, նոյնիսկ մէ՛կ ձեռքին մէջ ալ անոնց գոյները կը փոխուին…
Արտաքին աս փոփոխութիւնները մեծապէս կը լրացնեն հոս-հոն կատարուած «հանգստեան» ճամբորդութիւնները. ծովը, ջուրը, ջերմ արեւն ու ոսկեգոյն աւազը, բնականաբար՝ շատ բան ըսող խորհրդաւոր մայրամուտը, իրիկուան լոյսերը, բուն քաղաքներուն մէջ հագցուածներէն լրի՜ւ տարբերող «միւս» զգեստները, սեղաններուն վրայի մոմերը եւ յուշերուն դարակները լեցնող ամէն ինչի՝ նոյնիսկ ուտելիքներուն նկարները…
Աս բոլորէն վերջ, մարդ հայելիին մէջ կը նայի, նոյն բանը կրնա՞յ տեսնել: Երբե՛ք: Կը փոխուին մարդիկ, իրենց հի՜ն բեռներէն կը ձերբազատուին, նոր բաներ կը գնեն, «դրական ալիքներ»ով կը լեցուին եւ տուն կը դառնան իրենց նորոգուած «հոգի»ներով…
Ասկէ լաւ «Զատի՞կ»:
Ամէն, ամէն ինչով փոխուողներն ալ կան անշուշտ.
Բարոյական ու հոգեւոր կատարեալ սնանկութիւն մը կը պահանջէ օձի մը կաշուէփոխութեան նմանող կատարեալ աս փոփոխութիւնը: Ինչո՞ւ. մարդ պահելիք ոչի՛նչ պէտք է ունենայ իր ներսը, որ կարենայ երէկ «այսպէս», այսօր՝ «այդպէս» ըսէ, երէկ «ասոր», այսօր՝ «անոր» հետ ըլլայ, երէկ «ասոր», այսօր՝ «անոր» երեսին ժպտայ ու ետեւէն քայլէ…
«Ուր հաց՝ հոն կաց» խմբակին ներկայացուցիչներն են բոլոր կամուրջներուն վրայ յայտնուող, թելերէ կախուած այս ստրուկները՝ ընկերներ, աշխատողներ, գործարարներ, առաջնորդ ու ղեկավարներ, վարչապետ ու նախագահներ, որոնք ցասումով կը խօսին, ինքնավստահ կը յայտարարեն, կը համոզեն, կը ժպտան, կրնան նուագել, եկեղեցի կ՚երթան, կը խոստովանին ու կը հաղորդուին…
Երկրին վրայ են դրախտն ու դժոխքը, կը հաւատա՛մ, բայց կը դժուարանամ պատկերացնել, որ այսպիսիներ կրնան զղջալ, մաքրուիլ, «զատուիլ» ու նորէն սկսիլ:
Ազնուութեան, ճշմարտութեան, վեհանձնութեան, արժանապատուութեան բոլոր սկզբունքները ոտնահարելուն չափ, համոզուած եմ, որ սնանկ այս մարդոց գոյութիւնը առաւելապէս կ՚ընդգծէ այս արժէքներուն անհրաժեշտութիւնը՝ աւելի բարի մարդ ու աշխարհ մը ունենալու եւ փոխանցելու համար…
Այս բոլոր վերինները իրենց աչքերուն առջեւ կամ ձեռքի հեռաձայններուն մէջ տեսնող, դիտող, երբեմն զարմացող (հաւանաբար՝ այլեւս չզարմացող) ի՛բր թէ ընդունող, բայց հոգին խոցուող ու թեւերը կտրուող, խոկալի այս շաբաթը աստուածընծայ նուէր մը համարող, կեանքի անյատակ ծալքերէն բխող ծանրութեան տակ ուսերը կքած, իրենք իրենց այպանող ազնիւ «մեղաւորներ» ալ կան, որոնց ներքին լոյսը բաւարա՛ր է շուրջի խաւարին մէջ քայլելու, այլ ընտրանք չունեցող՝ պարկեշտ ու անկաշառ իրենց ճամբան գտնելու, խիղճով, ազնուօրէն արարելու, սխալելու, ներս նայելու, զղջալու, մաքրուելու եւ նորէն սկսելու՝ շարունակելու…
Ահա այսպիսիներո՛ւն է, որ կ՚ըսեմ.
Ձե՛րն է «Սուրբ Զատիկը»:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ