ԱԿՆԱՐԿ - 171 - «ԱԶԳԸ ԻՄ ՄԷՋՍ, ԻՄ ԿՈՂՔԻՍ ԵՒ ԻՄ ՇՈՒՐՋՍ Է»
«Ազգիս ու հայրենիքիս հանդէպ իմ պարտքս ու պարտականութիւնս կատարելու համար պէտք չունի՜մ սպասելու, որ ազգս ինծի դիմէ, կամ հայրենի հողը ոտքերուս տակ ըլլայ։ Ազգը իմ մէջս, իմ կողքիս եւ իմ շուրջս է. հայրենիքը՝ նոյնպէս։ Ազգիս ու հայրենիքիս իսկական մարմնաւորումն են հարազատ եկեղեցիս՝ «Հայաստանեայց» եւ «Առաքելական» կոչումներով բնորոշուած, հարազատ դպրոցս՝ իր անփոխարինելի ազգային շունչով ու դրոշմով եւ իմ շուրջս գտնուող հարազատ ժողովուրդս՝ իտէալներու, աւանդութիւններու եւ կենցաղի նոյն հայրենական ժառանգութեամբը յատկանշուող»: Այս խորիմաստ տողերով երանաշնորհ Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը կը ձեւակերպէ ազգային պատկանելիութեան այն ըմբռնումը, որ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդին։
Վերջին տարիներուն յաճախ կը լսենք այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք ազգային պատկանելիութիւնը կը պայմանաւորեն աշխարհագրութեամբ։ Ոմանք կը կարծեն, թէ հայրենասիրութիւնը միայն Հայաստանի մէջ ապրողին մենաշնորհն է, իսկ ազգային ծառայութիւնը կարելի է կատարել միայն հայրենի հողի վրայ գտնուելով։ Միւս կողմէ, ոմանք ալ սփիւռքը կը դիտեն որպէս պատմական պատահականութիւն մը, որուն առաքելութիւնը աստիճանաբար կորսուած է։ Սակայն, Զարեհ Սրբազանի խօսքերը կը ջախջախեն այս սահմանափակ մտածողութիւնը։
Ազգը նախ եւ առաջ հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական իրականութիւն է։ Ան չի՛ սահմանափակուիր քարտէսով, պետական սահմաններով կամ բնակութեան վայրով։ Եթէ այդպէս ըլլար, ապա դարեր շարունակ պետականութիւն չունեցող հայ ժողովուրդը պիտի դադրած ըլլար գոյութիւն ունենալէ։ Սակայն, պատմութիւնը ուրիշ բան կը վկայէ։ Հայ ժողովուրդը գոյատեւեց, որովհետեւ հայրենիքը միայն հող չէր, այլեւ յիշողութիւն, հաւատք, լեզու, մշակոյթ եւ ազգային գիտակցութիւն։
Զարեհ Սրբազան շատ յստակ կերպով կը մատնանշէ այն երեք հիմնասիւները, որոնց վրայ դարեր շարունակ կանգնած է հայութիւնը՝ եկեղեցին, դպրոցը եւ ժողովուրդը։ Ան պատահաբար չէ, որ առաջին հերթին կը յիշատակէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Դարեր շարունակ մեր եկեղեցին եղած է ո՛չ միայն աղօթքի վայր, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան ամրոց։ Երբ պետականութիւնը կորսուած էր, երբ թագաւորութիւնները փլած էին, երբ օտար տիրապետութիւնները կը փորձէին ջնջել մեր ազգային դիմագիծը, եկեղեցին մնաց իբրեւ ազգային գոյութեան պահապան։
Այսօր ալ պատահական չէ, որ ազգային արժէքներուն դէմ ուղղուած յարձակումները շատ յաճախ կեդրոնացած են եկեղեցւոյ դէմ։ Որովհետեւ եկեղեցին պարզ կրօնական հաստատութիւն մը չէ։ Ան ազգային յիշողութեան կենդանի մարմնաւորումն է։ Անոր տկարացումը կը նշանակէ ազգային դիմադրողականութեան տկարացում։
Նոյնքան կարեւոր է սրբազանին շեշտած երկրորդ հիմնասիւնը՝ ազգային դպրոցը։ Այսօր, երբ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ ընտանիքներ ամէն օր կը պայքարին իրենց զաւակներուն մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար, ազգային դպրոցին նշանակութիւնը աւելի ակնյայտ կը դառնայ։ Ազգային դպրոցը միայն կրթական հաստատութիւն չէ։ Ան սերունդներու միջեւ կամուրջ է։ Ան այն վայրն է, ուր հայ երեխան կը սորվի ո՛չ միայն լեզու եւ պատմութիւն, այլեւ կը գիտակցի, թէ ինք ո՛վ է եւ ո՛ր ժողովուրդին կը պատկանի։ Պահ մը, սակայն, նայինք Հայաստանէ ներս գործող դպրոցական ծրագիրներուն, Կրթութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած ուսումնական ծրագիրներուն եւ պիտի անդրադառնանք, թէ ի՛նչ ջանասիրութեամբ փորձ կը կատարուի դպրոցի արժէքը նսեմացնելու, զայն վերածելով կառոյցի մը, ուր պարզապէս գիտելիք՝ մերկ գիտելիք կը փոխանցուի նոր սերունդներուն…:
Ազգային գիտակցութեան նահանջը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան տնտեսական կամ քաղաքական դժուարութիւնները։ Տնտեսական ճգնաժամերը կարելի է յաղթահարել, քաղաքական իշխանութիւնները կրնան փոխուիլ, սակայն, ազգ մը, որ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, մեծ դժուարութեամբ կը վերականգնուի։ Ահա թէ ինչու հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցւոյ դերը այսօր ալ կենսական է։
Զարեհ Սրբազանի խօսքերուն մէջ կայ նաեւ երրորդ կարեւոր ճշմարտութիւն մը։ Ան կը խօսի «իմ շուրջս գտնուող հարազատ ժողովուրդիս» մասին։ Ազգը վերացական գաղափար չէ։ Ան մեր ընտանիքն է, մեր համայնքն է, մեր ժողովուրդն է։ Ազգային կեանքը միայն հայրենասիրական ճառերով չի՛ պահպանուիր։ Ան կը պահպանուի այն ժամանակ, երբ հայը հայուն կողքին կը կանգնի, երբ ազգային կառոյցները կը զօրացնէ, երբ իր մասնակցութիւնը կը բերէ հաւաքական կեանքին։
Այսօր, դժբախտաբար, հայ իրականութեան մէջ երբեմն կը նկատուի հակառակ միտումը։ Շատեր ազգային հարցերուն կը մօտենան որպէս դիտորդներ։ Կը սպասեն, որ ուրիշները գործեն, ուրիշները պայքարին, ուրիշները պատասխանատուութիւնը ստանձնեն։ Սակայն, Զարեհ Սրբազանի պատգամը ճիշդ հակառակն է։ Ազգին ծառայելը չի՛ սկսիր այն օրը, երբ ազգը քեզի դիմէ։ Ազգին ծառայելը կը սկսի այն պահուն, երբ դուն կը գիտակցիս, որ ազգը քու մէջդ է։
Այս մտածողութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ներկայ ժամանակներուն։ Երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ քաղաքական, ազգային եւ հոգեւոր բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, ամէն մէկ հայ պարտաւոր է ինքն իրեն հարցնելու. «Ի՞նչ կ՚ընեմ ես ազգիս համար»։ Ո՛չ թէ ի՞նչ կ՚ընեն ուրիշները, ո՛չ թէ ի՞նչ կ՚ընէ պետութիւնը, ո՛չ թէ ի՞նչ կ՚ընեն ղեկավարները, այլ՝ ի՞նչ կ՚ընեմ ես։
Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի այս խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն, որ հայրենիքը միայն սահմաններու մէջ փակուած աշխարհագրական տարածք մը չէ։ Հայրենիքը այնտեղ է, ուր կը հնչէ հայերէնը, ուր կը գործէ հայկական դպրոցը, ուր կը ղօղանջէ հայկական եկեղեցւոյ զանգը, ուր հայ մարդը կը շարունակէ ապրիլ իր ազգային արժէքներով։
Եւ քանի դեռ այս գիտակցութիւնը կենդանի է, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ գոյատեւել, պայքարիլ եւ վերածնիլ, որովհետեւ ազգը իսկապէս մեր մէջն է, մեր կողքին է եւ մեր շուրջն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յուլիս 2026, Վաղարշապատ