Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ
Ներկայ դարը, ինչպէս բոլոր ժամանակաշրջաններու սահմանման բովանդակութիւնները՝ ըստ մարդկային զարգացման, ընթացքին ու բազմաթիւ չափանիշներու, կը տարբերի իր արագութեամբ, արհեստագիտական յեղաշրջումներով, մշակութային այսպէս ըսած՝ յորդուն, բաց, լրացուող, անմիջական ու կիրառուող կենսագործութեամբ: Ներկայիս մենք բնականաբար աւելի զարգացած ենք, խելացի, գիտուն, արագ ու կենսակերպօրէն մշակութացած՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար, քան էինք անցեալ ամբողջ ժամանակներուն: Այո՛, հաւանաբար, մարդկային տեսակը շատ հին ժամանակներուն ունեցած է ուրիշ քաղաքակրթական համագործակցութիւն, որ քանի մեզի շարունակական շղթայով չէ կապուած-հասած, խորտակուած է ու անհետացած եւ մենք լուր չունինք անոր գոյութեան մասին:
Մայդկային մշտնջենական այսպէս ըսած՝ կենսագործունէութիւնը կապուած է երջանկութեան հետ։ Մարդ ստեղծուած է, որպէսզի երջանկանայ կամ նուազագոյնը երջանկութիւն փնտռէ։ Այս կէտին հաւաքական կտրուածքով մարդկային հասարակութիւնը ներկայիս աւելի երջանիկ կրնայ համարուիլ, քանի ազատականացման, յառաջդիմութեան, բարօրութեան հետ յարաբերաբար անհետացած է մարդկային թշուառութեան ճակատագրականութիւնը՝ ոչ թէ գոյութենական այլ կենցաղային իմաստով: Մեր կենցաղն է մեր երջանկութեան աղբիւրը, իսկ այդ կենցաղը ինչքան մատչելի, հաճելի ու պայծառ-արդար ըլլայ, մենք աւելի երջանիկ կը դառնանք: Այո՛, մարդ անհատի եւ՝ մա՛նաւանդ հաւաքականութեան դրամապաշտութիւնը զինք յաւերժապէս (ուղղորդուած կամ ալ բնազդով) առաջնորդեց նիւթապաշտութեան։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ այդ նիւթապաշտութեան անկարելիութեան հասնող չձերբազատման, մարդը իբրեւ անձ ու ընկերային արարած տեւաբար մնաց գիտակից, որ իր երջանկութիւնը միայն նիւթականով չ՚ապահովուիր։ Հասարակարգը, օրէնքը, ոգեղինութիւնը, հոգեկան անծայրածիր ու տեւաբար բացայայտուող հաճոյքները (մարդու գիտակցումը, որ իր կոչումը այդ հաճոյքները գտնելուն մէջն է, իրեն բաւարարութիւններ ալ կը պատճառէ)՝ երջանկութեան հասնելու համար շատ կարեւոր են: Միջոցի-դրամի հասկացողութեան գործակատարումն ու տարածումը աւելի իշխանութեան հաստատման եւ ընդհանուր իշխանութեան հասկացողութեան հետ առընչուած է, իսկ մարդկութիւնը իր քաղաքական ու ընկերային գործունէութեամբ բնական հունով ձգտած է իշխանութեան: Այդ մէկուն պատճառը դժուար է լիապէս գտնել, միայն կրնանք ըսել, որ մարդկային քաղաքակրթութեան դրուածքը իշխանականութիւն ունի իր մէջ եւ տեղ մը ան օրինականութեան հասնելու կը ձգտի, աւելի քան մարդ անհատին կեանքը տնօրինելու ու անոր կեանքը դիւրացնելու ջանքով:
Մարդկային գործունէութիւն ծաւալելու բովանդակութիւնը շահի հետապնդումն է, իսկ հակասականը այս կէտին այն է, որ ոգեղինութիւնը միշտ կը պարտուի տնտեսութեան՝ պարզ այն պատճառով, որ եթէ չկայ տնտեսութիւն, չկայ զարգացում: Հոս հաւաբանար բնազանցութեան ու տիեզերագիտութեան օրէնքով սահմանուի մարդու առաքելութիւնը երկիր մոլորակի վրայ, իբրեւ արդարացի կամ ոչ, բայց, հիմնական կէտը մարդկային անհատական գոյութեան, ինչպէս ըսինք, երջանկութեան հասնիլն է ու անոր առօրեայ-հպանցիկ, նոյնիսկ անցողիկ դրսեւրումը մարդու վայելելու իրողութիւնն է: Մարդը պէտք է վայելէ կեանքը, ոչ թէ տառապի անով։ Հոս է ոսկեայ խորհուրդը, որ կրօնական չէ, կրթական չէ, տնտեսական չէ եւ տեղ մը ամօթալի կը համարուի բարոյագիտական ալ խուսաւումներով ու տեսաբանութեամբ. շատ անգամ անհասկնալի են անոնք նոյնիսկ մարդուն համար։ Վայելքը իբրեւ հիմնական կերպ ապրելու յայտարարումը դժուար է, հակառակ անոր մեծագոյն առարկութեան, պարզ այն պատճառով, որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը տակաւին աղքատ է ու տառապեալ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան