ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒ ԿԵՐՊԱՐԸ
Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի ղեկավարութեան հարցին, վերջերս Հրաչ Չիլինկիրեան հետաքրքրական յօդուած մը գրած էր՝ հիմնուած «Հայկական սփիւռքի հարցախոյզ»ին վրայ (որուն մասնակցած է 13 հազար հոգի, սփիւռքի տարբեր համայնքներէ), ուր մեծամասնութիւնը՝ 52 տոկոսը կամ 54 տոկոսը, երբ որ հարցուած է իրենց ամենամեծ ճգնաժամը սփիւռքի մէջ, ղեկավարութեան հարցը կը նկատէ։ Սա կը նշանակէ, որ սփիւռքի մէջ ղեկավարութեան հարց ունինք եւ ուրեմն պէտք է խօսինք այդ մասին։ Մենք, այստեղ՝ որպէս հիմնարկ, որպէս «չէզոք վայր»՝ կրնանք թերեւս ղեկավարները քով քովի բերել, միասին նստիլ, խօսիլ այս նիւթերուն մասին՝ առանց հանրային վէճերու։ Անշուշտ, այստեղ խօսքը միասնութեան կոչերու մասին չէ, ես անձամբ միասնութեան չեմ հաւատար, ի վերջոյ, ամէն մարդ իր տեսլականը ունի եւ ատոր համաձայն կը գործէ։ Պարզապէս, ուր որ կրնանք գործակցիլ, պէտք է գործակցինք։ Իսկ միասնականութիւն ըսուածը, ամենավատ պարագային, անգործունէութեան կամ ալ ծուլութեան արդարացումն է, երբ կ՚ըսեն «պիտի չընեմ բան մը, մինչեւ չմիանանք»։ Սա նաեւ մեր պատմութիւնը չհասկնալու հետեւանքն է, որովհետեւ մեր ամենագեղեցիկ, հիմնական, կարեւոր պատմական ժամանակները անմիասնականութեան, պառակտումի հետեւանքները եղած են. օրինակ՝ Մխիթարեանները, որոնք Առաքելական Եկեղեցիէն վտարուած կամ հալածուած խմբակ մըն էին, որ ամբողջ զարթօնք մը ստեղծեցին, նոյնը մեր կուսակցութիւններու պատմութեան կը վերաբերի եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով սփիւռքի մէջ իր համայնքները ստեղծեց, այդ անմիասնականութեան, պառակտումի գագաթնակէտի արդիւնքը եղաւ 20-30-40-ական թուականներուն ստեղծուած սփիւռքը, սփիւռքի ինքնութիւնը։
-Դուք նաեւ տուեալներու կազմակերպութիւն էք՝ այն իմաստով, որ ամէն ինչ հեզասահօրէն չէք հովանաւորեր: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մենք կը տեսնենք, որ մեր գաղութները օրէ օր կը նօսրանան՝ թէեւ դուք վճռած էք մինչեւ վերջ նեցուկ կանգնիլ անոնց։ Ինչո՞ւ այս հաստատակամութիւնը, ի վերջոյ կը հաւատա՞ք Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան առաքելութեան։
-Միջին Արեւելքի մէջ մնալը կամ հոնկէ դուրս գալը անձնական, ընտանեկան որոշում մըն է։ Աւելին չենք կրնար ընել եւ պէտք չէ ընենք։ Ես, որպէս պատմագէտ-քաղաքագէտ՝ շատ լաւ կը գիտակցիմ, որ հայերուն եւ մանաւանդ՝ քրիստոնեաներուն ապագան Միջին Արեւելքի մէջ փայլուն չէ՝ չըսելու համար, որ չեմ կրնար պատկերացնել, թէ հոն երկարաժամկէտ ձեւով քրիստոնեայ համայնք կրնայ մնալ։ Սակայն այդ գիտակցութեան հիման վրայ ի՞նչ կ՚ընես, երբ հաստատութեան մը բաժանմունքը կը ղեկավարես, նաեւ գիտես, որ այդտեղի հայ համայնքը հայախօս է։ Սա միակ վայրն է, ուր արեւմտահայերէնը կենսունակ, ամենօրեայ լեզու մըն է։
Մեր մօտեցումը այս պարագային այն է, թէ այնքան ատեն որ Միջին Արեւելքի մէջ հայ համայնք մը կայ, մենք այդ գաղութներուն վրայ գիծ չենք կրնար քաշել։ Մենք պէտք է հոն ներկայ ըլլանք, այնտեղ գործունէութիւն պէտք է ունենանք. սա կրնայ ըլլալ մարդասիրական գետնի վրայ, կրթական գետնի վրայ եւ այլն։ Լիբանանի մէջ հիմա շատ հայախօս, եռանդուն երիտասարդութիւն մը կայ, մենք «ապուշ» պէտք է ըլլանք ըսելու համար, որ ապագայ չկայ Լիբանանի մէջ։ Այլ խօսքով պէտք է քաջալերենք զիրենք եւ հիմա մենք Լիբանանի մէջ պիտի սկսինք մասնաւոր նոր ծրագիր մը, որ նորարար մշակոյթ ստեղծելու ծրագիր մըն է՝ ուղղուած երիտասարդներու: Այս գործը պիտի ընենք, կռնակնիս անոնց չենք կրնար դարձնել։
Բայց նաեւ ըսեմ, որ 1920-ական թուականներուն եղած է մեր հիմնադիր Գալուստ Կիւլպէնկեանի նամակագրութիւնը «Նիր իսթ» հիմնարկին հետ։ Այդ ժամանակ սոյն հիմնարկը հայ որբերուն համար գումարներ կը հաւաքէր։ Գալուստ Կիւլպէնկեանն ալ 100 հազար տոլար յատկացուցած էր։ Սակայն պայման դրած էր, որ փախստականները տեղափոխուին եւ հաստատուին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր ապագայ կրնան կերտել։ Եւ այդ երկիրները Միջին Արեւելքի երկիրները չէին։ 1920-ականներուն մարդը տեսած էր, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՚երթայ այս տարածաշրջանը։ Ցաւալի նիւթ մըն է ասիկա, չենք սիրեր խօսիլ այս մասին, որովհետեւ հոն այդ հարստութիւնը ունինք, համայնքը ունինք, բայց, պէտք է նաեւ հաշտուինք այն իրականութեան հետ, թէ սփիւռքը միշտ կը փոխուի, տեղաշարժ կ՚ըլլայ, ընդհանրապէս, դէպի Արեւմուտք։ Դժբախտաբար, Միջին Արեւելքի դէպքերը ցոյց կու տան, որ այս վիճակը եւ արտագաղթը պիտի շարունակուին։
-Ռազմիկ Փանոսեանին համար «քոզմիք» հայու, տիեզերական հայու կերպարը ո՞վ է։
-Ասոր պատասխանը չունիմ, որովհետեւ «քոզմիք» հայու չեմ հաւատար։ Կը հաւատամ, թէ ամէն մէկ հայ, որ կ՚ըսէ «ես հայ եմ» եւ կը ջանայ աւելի լաւ հայ մը ըլլալ, ինծի համար ան տիպար հայն է։ Գաղափար մը, որ Վահէ Օշականէն գողցած եմ, լրիւ կ՚ընդունիմ։ Վահէն ըսաւ. «Ես հայ եմ, եւ կը ձգտիմ աւելի լաւ հայ ըլլալու»։ Ես ասիկա քիչ մը փոխեցի, կ՚ըսեմ. «Ես հայ եմ եւ այդ ուղղութեամբ բան մը կ՚ընեմ»։ Ի վերջոյ այդ բանը որոշելը անձին կ՚իյնայ, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ ընել։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
- վերջ -
Երեւան