ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

12. Ի՞նչ է Հաղորդութեան նիւթը: Ի՞նչ է ձեւը: Խմորեա՞լ է, թէ անխմոր: Ուրիշ ի՞նչ վէճեր կան: 13. Ինչո՞ւ մենք բաժակին ջուր չենք խառներ: 14. Ի՞նչ ձեւով պէտք է հաղորդուիլ:

12. Հաղորդութեան նիւթը ցորենի հաց եւ խաղողի գինի ըլլալը Քրիստոսով վաւերացուած եւ առ հասարակ ընդհանրացած է, իսկ անոր ձեւի մասին զանազան ժողովներու մէջ այլեւայլ վէճեր տեղի ունեցած են. ոմանք անխմոր բաղարջ պէտք է ըլլայ ըսին, ոմանք ալ խմորեալ հաց. հայերն ու հռոմէացիները անխմոր բաղարջ ըլլալ հաստատեցին, յոյներն ալ խմորեալ հաց պնդեցին1

Անխմոր եւ խմորեալ մասիին, յոյներ իրենց վկայութիւնը ունին, թէ «Քրիստոս Պասեքի տօնէն առաջ Իր ժամանակը հասած ըլլալը գիտցաւ» (Յհ 13.1), ուստի, պասեքի խմորէն տարբեր խմոր մը ըրած ըլլալու է պասեքէն առաջ, որպէսզի հինը նորի փոխուած ըլլայ եւ կամ «առաքեալները ամէն օր կ՚ընեն, ամէն օրուան հացն ալ առ հասարակ խմորեալ կ՚ըլլայ». իսկ հայերն ու հռոմէացիները, այս վկայութիւնը թեթեւ տեսնելով անոր ծանր կողմը գտան, թէ այդ պասեքի տօնը երեք օր կը շարունակէր, այն տօնին իսկ առաջին օրը, աշակերտները Քրիստոսի ըսին, թէ «զատիկը ո՞ւր պատրաստենք» (Մտ 26.17: Ղկ 22.7)։ Անշուշտ, անոնք ալ իրենց գիտցածին պէս պիտի պատրաստէին, որովհետեւ պասեքին հացը անխմոր պիտի ըլլար (Ելք 12.15)։ Քրիստոս ալ ճիշդ անխմոր հացին օրը կատարեց այդ խորհուրդը, հետեւաբար, պէտք է անխմոր եւ մասնաւոր հացով մը ընենք եւ ճիշդն ալ այդպէս է, քանի որ հինը նորին ստուերն էր, ստուերն ալ իր ձեւը իրին ձեւին մօտիկ կը ստանայ, Ներսէս Շնորհալիի ըսածին համեմատ «բաղարջին հետ անխմոր հաց, Իր երկնաւոր մարմինը տուաւ»։ Առաքեալներուն ամէն օրուան ընելէն անխմորութիւն չի՛ կրնար հետեւիլ, ամէն օր անխմոր հաց եփել կարելի է. մանաւանդ, Քրիստոս Ինք անխմոր (առանց սերմի) ծնաւ. «Անխմոր էք» (Ա. Կր 5.7): 

Հաղորդութեան ձեւին մասին այս վէճն ալ կայ, թէ «բաժակին մէջ երեք կաթիլ ջուր պէտք է խառնել», ասոր համար բաւական վարդապետներ ալ յարմար տեսան կ՚ըսուի, իսկ անմիջապէս նզովք չկարդացին2, որովհետեւ գործողութիւնը գիտնալուն վրայ է եւ Քրիստոսի սահմանածէն կախեալ է, որով ջուրը գինիի կրնայ փոխուիլ, գինին ալ Քրիստոսի արեան եւ Անոր անարատութեան հոգ կը տանինք Քրիստոսի անմեղութեան համար: 

13. Հայաստանեայց Եկեղեցիին ջուր չխառնելուն պատճառը. առաջին՝ թէ Քրիստոսի կողէն ջուրը զատ եւ արիւնը զատ ելաւ, ուստի, զատ զատ խորհուրդներ են, քանի որ աման մը ջուրին մէջ կէս աման արիւն եթէ լեցնես, ամբողջը արիւնի կարմիր գոյն կ՚առնէ, տեսնողը «ջուր է» չի կրնար ըսել։ Անշուշտ, Քրիստոսի կողէն ալ ջուրը զատ եւ արիւնը զատ ելած է, որ վկայուած է, թէ «արիւն եւ ջուր». եթէ խառն ելլէր, չէր տեսնուեր. ատկէ յայտնի է, որ ջուրը մկրտութեան եւ արիւնը հաղորդութեան խորհուրդ է։ Այդ պատճառով երկու խորհուրդը իրարու չի շփոթեր։ Երկրորդ՝ անոր մկրտութեան եւ թաղման խորհուրդը իբր օրինակ կ՚ընէ, անոր մահը պատմելով այդ վայրկեանին. սակայն, պատարագին խորհուրդը Քրիստոսի արիւնը կը ներկայացնէ անարատաբար. այսինքն՝ սկիհը օրինակ, Քրիստոսի աւազանին ու գերեզմանին, բայց իրապէս բաժակ է Քրիստոսի արիւնին: 

14. Հաղորդութիւն առնելու ձեւին մէջ ալ որոշ տարբերութիւններ կան. յոյները դգալով կու տան, իսկ բաւական է, որ ժողովուրդը մարմինէն ու արիւնէն հաղորդուին առհասարակ: Հայեր Աստուածային տնօրինութեան համեմատ հինը նորի փոխելու մեծ կարեւորութիւն տալով՝ մատով կու տան, մարմինը արեան մէջ թաթխուած, որու համար մարգարէութիւն ալ կայ. «Սերովբէներէն մէկը սեղանէն կրակի կայծ մը առաւ… ունելիով բերանիս մօտեցուց» (Ես 6.6). ասիկա շրթունքիդ դպաւ. մեղքիդ քաւութիւն եղաւ. նոյնպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «մեր Աստուածը կիզող կրակ է» (Եբր 12.29) կամ եթէ Քրիստոս ալ հացը ձեռքը առաւ ու տուաւ (թէեւ Յուդային ալ թաթխելով տուաւ, բայց ատիկա օրհնուած չէր՝ մանաւանդ, որ բաժակին չթաթխեց, այլ՝ կերակուրի սկաւառակին մէջ). թէեւ Քրիստոս զատ զատ տուաւ, իսկ այդ օրը նոր հրահանգ կու տար հացն ու գինին զատ զատ ցոյց տալ պէտք էր եւ կամ Ինք խաչուելէն վերջ պիտի տար։ Երբ խաչուեցաւ, կողէն ելած արիւնը զատէն երեւցաւ, գիտցուեցաւ, թէ մեր ճաշակելիքը անոր արիւնաթաթախ մարմինն է։ Ուստի, քանի որ Քրիստոսի մարմինը սեղանին վրայ արեան մէջ թաթխուած է, հաւատացեալները կատարեալ կերպով կը հաղորդուին ըսել է. եւ կամ եթէ «առէք կերէ՛ք», կ՚ըսէ, բայց աւելի յարգեու համար կուլ տալն ալ ուտել է. եթէ չկրցաւ կուլ տալ եւ կերաւ, դարձեալ կուլ տալ ըսել է:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•​շար. 29

Վաղարշապատ


1Գոհ ենք այս մասին, որ գոնէ իրարու նզովք չկարդացին, այլ՝ ճշմարիտ հաւատքով համոզուեցան, որ գործողութեան էութիւնը՝ հացին ու գինիին մէջ է, անոր ձեւն ալ Քրիստոսի տուած սահմանէն կախեալ է: 

2Տրիտենթեան ժողովը 1438-ի միջոցները, 22-րդ նիստին մէջ «ով որ բաժակին ջուր չի խառնէ, նզովեալ ըլլայ», ըսաւ: Գինիին մէջ երեք կաթիլ ջուր խառնելով գինին գինիութենէ չ՚ելլեր անմիջապէս. սակայն, Քրիստոսի տնօրինութեան նայելով, չխառնելը յարմար է քան թէ խառնելը, կամ թէ խառնելու ու չխառնելու մասին վէճ ըլլալը կարելի է, սակայն, անմիջապէս յանիրաւի նզովք կարդալն ալ կամապաշտութեան նշան եւ քրիստոնէական սիրոյ բաժանում է. ինչպէս որ այսօր յաճախ կը տեսնենք այդ ժողովի նզովքին ենթակայ ժողովուրդի մը վիճակը, որ երբեմն անհաղորդ կը մեռնին, Տրիտենթեան ժողովին շնորհիւ. իսկ առաքելական եկեղեցւոյ ժողովուրդ մը, եթէ իր գտնուած տեղը հայոց եկեղեցի չգտնուի, չի խտրեր, յոյներու եկեղեցին ալ կ՚երթայ, հռոմէացիներունն ալ. եթէ նեղը մնայ, կ՚աղաչէ, որ հաղորդեն զինք՝ քանի որ առհասարակ նախապաշարուած չէ. այն ատեն անկէ տարբեր խոստովանանք պահանջելով՝ չհաղոդողին համար մեղք կ՚ըլլայ: 

Հայաստանեայց Եկեղեցիին համար Քրիստոս մէկ է, նզովքը օգուտ չ՚ըներ, յանիրաւի նզովքը միութիւնը կը բաժնէ. «Թռչունի մը պէս ետ-ետ վերցուցած տեղը կը դառնայ», կ՚ըսէ Սողոմոն: 

Այդ ժողովը այս մասին մասնաւորապէս կը նզովէ Հայաստանեայց Եկեղեցին, բայց ի՞նչ օգուտ, այս եկեղեցին նմանած է պարզ եւ զուտ ոսկի գաւաթի մը, միշտ տարբեր տեսակի քարերէ ու հարուածներէ կը ճեղքուի, իսկ հակառակ ճաղքուելուն՝ ո՛չ կշիռքը կը պակսի եւ ո՛չ ալ արժէքը. ոսկին ոսկի է, քարը քար:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026