ԹՌՉՈՒՆԸ

​Ո՜վ պատուարժան ժողովուրդ,
Ո՜վ մեծապէս ճնշուած ամբոխ.

Ամէնօրեայ խնդիրներու եւ ցեղային հակամարտութիւններու մէջ, որոնցմէ կը տառապի մեր սիրելի երկիրը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային հակամարտութիւններու թէժութեան ընթացքին…, մենք ո՛չ մէկ վայրկեան անուշադրութեան մատնեցինք, թէ ինչ արհաւիրքներ ու դժուարութիւններ պատահեցան եւ կը պատահին այս սիրելի ազգին հետ եւ ցաւը կը պատռէր մեր լեարդերը, երբ կը տեսնէինք, թէ ինչպէս մեծ ու փոքր երկիրները կը սնուին անոր պատմութենէն, ինքնիշխանութենէն եւ արժանապատուութենէն մնացած մնացորդով, ինչպէս տզրուկը կը սնուի արիւնով: 

Ի՞նչ պէտք ընենք: Որո՞ւ պէտք է ապաստանինք նման իրավիճակի մը մէջ: Որմէ՞ օգնութիւն պիտի խնդրենք:

Սուրհանդակներո՞ւն, պատուիրակներո՞ւն եւ կամ պատասխանատուներո՞ւն, երբ անոնք երկրէ երկիր ճամբորդելու եւ թափառելու շատութենէն, ինչպէս նաեւ համագումարէ այլ համագումարի երթալէ, տիեզերքի մթնոլորտին մէջ մոռցան, թէ ինչ կը կատարուի երկրի վրայ:

Այսինքն՝ ո՛չ անոնք, որոնք վերն են՝ գիտեն, թէ ինչ կը կատարուի ներքեւը եւ ո՛չ ալ ներքեւը եղողները գիտեն, թէ ի՛նչ կը կատարուի վերը:

Այդ պատճառով, դիմեցինք մեր խիղճերուն, փաստաթուղթերուն եւ մեր պատուիրակներու զեկուցագիրներուն, որոնք սկսան տեղեկութիւններ հաւաքել եւ իրականութիւնները պարզել, մէկը միւսին սկսանք կապել, հասնելու համար այն պատճառներուն, որոնք մեր ազգը հասցուցին այս փակ ճամբին՝ քաղաքակրթօրէն, քաղաքականօրէն եւ ընկերայինօրէն: Տակաւին, այս պատմական անելին՝ որ ո՛չ ոքի կ՚արդարացնէ, ո՛չ ոքի պատիւ կը բերէ եւ ո՛չ ոք կ՚առանձնացնէ:

Ապա դիմեցինք պատմութեան՝ հարցաքննելու համար զայն եւ իրադարձութիւններուն՝ ուսումնասիրելու համար զանոնք.

Ազգերուն մեծամասնութիւնը անօթի էին՝ կշտացան:

Տգէտ էին՝ սորվեցան:

Ստրուկ էին՝ անկախացան:

Խառնուած էին՝ հաստատուեցան:

Վայրենի էին՝ քաղքենիացան:

Բացի մեզմէ՝ արաբներէս.

Կուշտ էինք՝ անօթեցանք:

Գիտուն էինք՝ տգէտ դարձանք:

Հաստատուած էինք՝ թափառական դարձանք:

Անկախ էինք՝ ստրկացանք:

Զարգացած էինք՝ քարացանք:

Քաղքենի էինք՝ վայրենացանք:

Ինչո՞ւ համար: Ի՞նչ բան կը պակսի մեզի, որպէսզի միւս ազգերուն եւ ժողովուրդներուն պէս ըլլանք, այս զարմանալի երկրագունդին վրայ:

Գրականութի՞ւն. ունի՛նք գրականութիւն:

Երաժշտութի՞ւն. ունի՛նք երաժշտութիւն:

Մտածողութի՞ւն. ունի՛նք մտածողութիւն:

Յեղափոխութի՞ւն. այնքան յեղափոխութիւններ ունինք, որ կրակն անգամ չի՛ կրնար ուտել:

Հաւա՞տք. բոլոր կրօնները մեր քով իջած են:

Գիտութի՞ւն. բոլոր գիտութիւնները մեր մօտէն ելան եւ ալ չվերադարձան:

Ժողովո՞ւրդ. ժողովուրդներ ունինք:

Այս բոլորով հանդերձ, միայն փորձենք ոտքի կանգնիլ՝ կը թափեն մեզ, կամ ալ միութիւնը կը բաժնէ մեզ:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս յայտնութիւնը բանաստեղծներուն վրայ կ՚իջնէ իրենց խուցերուն մէջ, այդպէս ալ ճշմարտութիւնը իջաւ մեր վրայ երկինքին կեդրոնը եղող արեւուն պէս փայլուն, գիշերուան պսպղուն աստղերուն նման,

Որովհետեւ միջուկի հաշուին միշտ կեղեւէն կը կառչէինք:

Բովանդակութեան հաշուին՝ տեսքին:

Բուներու հաշուին՝ ճիւղերուն:

Գրականութիւնը կարեւոր է իւրաքանչիւր ազգի կեանքին մէջ, սակայն գրականութենէն աւելի կարեւրը ան է՝ ով կը գրէ:

Երաժշտութենէն աւելի կարեւորը ան է՝ ով կը նուագէ:

Գործիքէն աւելի կարեւորը՝ ով զայն կը կառավարէ:

Օդանաւէն աւելի կարեւորը՝ ով կը քշէ զայն:

Ծառէն կարեւորը՝ ով կը տնկէ զայն:

Հրացանէն կարեւորը՝ ով կը շալկէ զայն:

Ո՞վ է արդեօք, որ կը գրէ, կը նուագէ, կը թռչի, կ՚իջնէ, կը տնկէ, կ՚արարէ եւ կը պատերազմի:

Մա՛րդ է ան, եղբայր քաղաքացիներ: Արդեօք այս խեղճ մարդը ստացա՞ծ է իր իրաւունքները, որպէսզի կատարէ իր պարտաւորութիւնները:

Արդեօք ան գէթ պահ մը զգացա՞ծ է իր ներկայութիւնը, իր գոյ ըլլալն ու իր գոյութիւնը:

Երբե՛ք:

Անոնք ժամերով, օրերով եւ տարիներով կը լսեն բոլորը, որոնք այս թանկագին տարածաշրջան կու գան՝ լրագրողներ ու օտարերկրացի բանագնացներ՝ իմանալու, թէ ի՛նչ կ՚ուզեն եւ ի՛նչ չեն ուզեր: Սակայն, անոնցմէ ո՞վ օրերէն մէկ օր, գէթ մէկ երկվայրկեան լսած է այս խեղճ տարածաշրջանի զաւակին եւ իմացած է, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ եւ ի՛նչ չ՚ուզեր: 

Ինչո՞ւ:

Մեր հոգիները ցաւելով եւ արցունքները մեր երեսները ծածկած ըլլալով կ՚ըսենք. այդ բոլորին պատճառը ազատութեան բացակայութիւնն է եւ մեր կեանքին մէջ ընդհնարապէս գոյութիւն չունենալն է:

Ազատութիւնը, առանց որու հողը պիտի չազատագրուի, իրաւունքը պիտի վերադարձուի, անօթին պիտի չկշտանայ, անիրաւուածը իրաւունք պիտի չգտնէ, անիրաւը պիտի չպատժուի, օրօրոցին մէջ երեխան պիտի չծիծաղի, կամ թռչունը պիտի չճռուողէ բոյնին մէջ:

Որովհետեւ, ազատութիւնը, եղբայր քաղաքացիներ, մարդուն համար այն է ինչ թեւը՝ թռչունին համար, ծաղիկը՝ թիթեռնիկին համար, իւղը՝ լապտերին համար, անձրեւը՝ հողին համար, հոգին՝ մարմինին համար:

Օ՛ն, ո՜վ արաբ եղբայր. Կանգնէ՛ սայթաքումէդ եւ շարժուէ՛:

Խօսքդ ըսէ՛ եւ ուզածիդ պէս կարծիքներդ եւ համոզումներդ յայտնէ: Արդարեւ, ժամանակը եկած է, որ քու կարծիքդ ըսուի, ձիրքերդ բացայայտուին, ներուժդ՝ օգտագործուի, ձայնդ՝ լսուի եւ արձագանգէ այս սիրելի հայրենիքին մէջ:

Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնը, ողորմութիւնը եւ օրհնութիւնները ձեր վրայ ըլլան:

(Հասարակական ազատութիւններու արաբական մշտական կոմիտէ):

Սէյֆ ալ-Տին:
Սէյֆ ալ-Րահման:
Սէյֆ Պըն ալ-Մունզէր:
Սէյֆ Պըն ալ-Նուըման:
Սէյֆ Պըն Լուքման:
Սէյֆ Պըն Զի Եազան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025