ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Օրէնքի մասին Առակագիրը որեւէ մէկ բան կը գրէ՞:

Պատասխան. Այո՛, կը գրէ: Առակաց 28.7-րդ եւ 9-րդ համարներուն մէջ կը կարդանք. «Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ՚ամչցնէ: …Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, անոր աղօթքն անգամ պիղծ է»

Առակագիրը կը բացատրէ մեզի, թէ ան որ օրէնքը կը պահէ իմաստուն զաւակ է եւ իր հօրը չ՚ամչցներ, իսկ ան որ օրէնքին մտիկ չ՚ըներ եւ իր ականջները կը գոցէ օրէնքին դիմաց, ապա այդպիսիին աղօթքն անգամ պիղծ է, այլ խօսքով, Աստուած այդպիսիին աղօթքները չի՛ լսեր, որովհետեւ անոր աղօթքը Աստուծոյ համար պիղծ է:

Ներկայ ժամանակներուն աղանդաւորական բազմաթիւ հոսանքներ օրէնքի կարեւորութիւնը կ՚անտեսեն, որպէս փաստ մէջբերումներ կատարելով Պօղոս առաքեալի նամակներէն եւ ըսելով, թէ մենք այլեւս շնորհքի մէջ ու տակ կ՚ապրինք եւ օրէնքը այլեւս մեզի համար կարեւոր չէ: Ճի՛շդ է, որ շնորհքի մէջ ու տակ կ՚ապրինք, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր զոհագործութեամբ մեզ մեղքի անէծքէն ազատեց, օրէնքի գերութենէն ազատեց, բայց առանց օրէնքի չե՛նք կրնար Քրիստոսի մեզի պարգեւած ազատութիւնը լիակատար կերպով ապրիլ:

Արդարեւ, Առակացի 28-րդ գլուխին 7-րդ համարը որպէսզի ճիշդ կերպով հասկնանք, պէտք է յիշենք Անառակ որդիին առակը (Ղկ 15.11-32): Անոնք որոնք իրենց հայրերուն հնազանդ կը գտնուին եւ կ՚ենթարկուին անոնց օրէնքներուն ու կը գործադրեն զանոնք, ապա անոնց սէրն ու գուրգուրանքը կը շահին: Նոյնն է պարագան Երկնաւոր Հօր հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը, եթէ գործադրենք Անոր պատուիրանները եւ հետեւինք Անոր օրէնքներուն, ապա Անոր սէրը, գուրգուրանքն ու Հայրական խնամքը կը շահինք եւ արժանի կ՚ըլլանք Անոր սեղանակից ըլլալու: Իսկ եթէ չգործադրենք Անոր պատուիրանները եւ զուր տեղ վատնենք մեզի ձրիաբար տրուած շնորհքը, ապա անէծքի եւ դատապարտութեան կ՚արժանանանք, որով մենք մեզ կը զրկենք յաւիտենականութենէն եւ Աստուծոյ պարգեւած ամէն տեսակի բարիքներէն ու օրհնութիւններէն:

Ինչ կը վերաբերի 9-րդ համարին, ապա մեր Երկնաւոր Հայրը կ՚ուզէ, որ Իր տուած օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն ականջալուր ըլլալով՝ մեր սիրտը բանանք Անոր եւ անկեղծութեամբ խօսինք Իր հետ, որպէսզի մեր աղօթքը ընդունելի ըլլայ Իր մօտ: 

Օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն գործադրութիւն երբ կ՚ըսենք, այսօրուան աղանդաւորականներուն ներկայացուցածը չէ՛, որ նկատի ունինք, այսինքն՝ Հին կտակարանի մէջ յիշատակուած զոհագործութիւնները եւ ծիսական այլ կարգ ու կանոններ գործադրելը, այդ բոլորը իրենց ժամանակին Աստուած տուած էր, որպէսզի դաստիրակէ Իր ընտրած ժողովուրդը եւ անոնց ընդմէջէն այսօրուան մարդկութիւնը, այս օրէնքներու եւ պատուիրաններու գործադրութիւն երբ կ՚ըսենք, նկատի ունինք այդ գործադրութեան ընդմէջէն նիւթական յարաբերութենէն դուրս գալով բարձրանալ հոգեւոր մակարդակի եւ ըստ այնմ յարաբերութիւն մշակել Աստուծոյ հետ: 

Աստուած յոգնած է մեր նիւթական զոհերէն ու նուէրներէն, որովհետեւ Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ՚ըսէ Տէրը. ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպերէն կշտացած եմ: Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր: Երբ կու գաք Իմ առջեւս երեւնալու, ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս Իմ սրահներս կոխկռտէք: Ա՛լ Ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք: Ձեր խունկը Ինծի պիղծ է: Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել: Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է: Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի Իմ հոգիս, անոնք Իմ վրաս ծանր բեռ եղան, վերցնելէ յոգնեցայ: Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են: Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւ ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք. բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք» (Ես 1.11-17): 

Եսայիի մարգարէութենէն մէջբերուած վերոնշեալ տողերը յստակ կերպով կը բացատրեն մեզի, որ Աստուած՝ մեր Տէրը, ո՛չ թէ մեզմէ կ՚ուզէ, որ Իր պատուիրանները մեքենայական կերպով գործադրենք, ինչ կերպով գործադրեցին իսրայէլացիները եւ Աստուծոյ զայրոյթը շարժեցին, այնքան, որ Տէրը այլեւս անոնց զոհերը ո՛չ միայն չէր ընդուներ, այլեւ տհաճ ու պիղծ էր Իր համար անոնց բոլոր նուէրները, ընծաները եւ նոյնիսկ խունկը: Այլ՝ Աստուած կ՚ուզէ, որ մեր նմաններուն իրաւունքը պաշտպանելով, մեր նմաններուն ցաւակից ըլլալով, մխիթարելով զանոնք, Իր սէրն ու գուրգուրանքը շահինք, որովհետեւ խորքին մէջ ա՛յդ իսկ է Տիրոջ պատուիրաններն ու օրէնքները լսելն ու գործադրելը: Աստուած՝ մարդ-Աստուած յարբերութեան նայելէ աւելի, կը նայի մարդ-մարդ յարաբերութեան, որովհետեւ Ինք մեր նմաններուն միջոցով է որ կը խօսի մեզի, Ինքզինք կը յայտնէ մեզի եւ կ՚ուզէ, որ մեր նմաններուն հետ վարուինք այնպէս՝ ինչպէս պիտի վարուէինք մենք մեզի հետ, եւ աւելին՝ ինչպէս պիտի վարուէինք Իր հետ: Եթէ մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ չյաջողինք, ապա մարդ-Աստուած յարաբերութեան մէջ չենք կրնար յաջողիլ, իսկ եթէ կը մտածենք, թէ յաջողած ենք, ապա Յակոբոս առաքեալը կու գայ յանդիմանելու մեզ, ըսելով. «Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ “ես կը սիրեմ զԱստուած”, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է. ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21): 

Եզրակացնենք, Աստուծոյ մեզի տուած պատուիրաններն ու օրէնքները պահելն ու գործադրելը ո՛չ թէ մեքենայական պէտք է ըլլան, այսինքն՝ սոսկ որպէս չոր ու ցամաք կանոն կամ օրէնք պահուին ու գործադրուին, այլ՝ կեանքի պէտք է վերածուին: Այս բոլորին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, ինչպէս կը գրէ լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը. «Եկեղեցին պարտականութիւն ունի իրեն տրուած աւանդը պահելու, ինչպէս նոյն պարտաւորութիւնն ունի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Պահել՝ չի՛ նշանակեր զայն թանգարանի մէջ դնել կամ՝ Յիսուսի Քանքարներու Առակին անպէտ ու ծոյլ ծառային պէս՝ ծրարել եւ հողին մէջ թաղել (Մտ 25.24-25), այլ խօսքով, չի՛ նշանակեր՝ բարեխիղճ կերպով պահպանել զայն, առանց սակայն կեանքին խառնելու: Այլ՝ կը նշանակէ զայն առնել մեր միտքին ու սիրտին մէջ եւ անով ղեկավարուիլ ու առաջնորդուիլ: Կեանքի չվերածուած պատուիրանները մեռած են, անիմաստ եւ անօգուտ, մինչդեռ կեանքի վերածուելու պարագային կը դառնան հաւատքի կենսունակութիւն եւ կեանքի իմաստալից տնտեսութիւն մը, Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան դրուած: Իսկ այդպիսի կեանք մը դէպի Աստուած դարձած կեանքն է»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 141

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025