ԱԿՆԱՐԿ - 141 - ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայ անկայուն, անառողջ, չարութեամբ, ատելութեամբ եւ թշնամանքով լեցուն իրավիճակը, իրողութիւն մը, որ արդիւնքն է ներկայ իշխանութիւններու վարած հակահայկական եւ հակահայաստանեան քաղաքականութեան, մեր ընթերցողներուն թարգմանաբար կը ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ հայերնիքի մասին՝ գրուած արաբ գրողներու կողմէ:
* Առաջինը հեղինակութիւնն է պաղեստինցի բանաստեղ Իպրահիմ Թուքանի (1905-1941), որ կը կոչուի «Սիրտս երկրիս է»:
Սիրտս երկիրս է,
եւ ո՛չ թէ կուսակցութեան մը կամ առաջնորդի մը:
Չեմ ծախած զայն եղբօր մը,
կամ մտերիմ ընկերոջ մը:
Ես չեմ կրնար զայն հիւանդ տեսնել,
նոյնիսկ մէկ անգամ:
Լեզուս սիրտիս նման է,
կապուած է մինչեւ ողն ու ծուծը:
Իմ վաղը այս օրուանս կը նմանի,
իսկ խօսակցութիւնս՝ հինիս:
Առատաձեռն մարդու զայրոյթէն չե՛մ վախցած,
ո՛չ ալ չար մարդու խորամանկութենէն:
Նպատակս ազգիս ծառայել է՝
դժուարութեամբ կամ դիւրութեամբ:
* Երկորդը, դարձեալ պաղեստինցի բանաստեղծի մը՝ Մահմուտ Տարուիշինն է (1941-2008), որ կը կոչուի՝ «Հայրենիք»:
Կախեցէ՛ք զիս արմաւենիի տերեւներէն…,
արմաւենիին պիտի չդաւաճանեմ:
Այս հողը իմս է… եւ անցեալին
ես կը կթէի ուղտերը՝ գոհ եւ ոգեւորուած:
Հայրենիքս պատմութիւններու փունջ մը չէ,
ո՛չ ալ յիշատակ մը, կամ պատմութիւն մը, կամ երգ մը,
Լոյս մը չէ յասմիկի վարսերուն վրայ:
Հայրենիքս գաղթածին զայրոյթն է տխրութեան վրայ,
եւ երեխան՝ որ զատիկ եւ համբոյր կ՚ուզէ,
եւ հովերը՝ որոնք նեղ կը զգան բանտախուցին մէջ,
եւ ծերուկը, որ զաւակին վրայ կու լայ… եւ իր կոկորդը…:
Այս հայրենիքը ոսկորիս մորթն է…:
Իսկ սիրտս…
անոր խոտերուն վրայ մեղուի մը նման կը թռչի:
Կախեցէ՛ք զիս արմաւենիի տերեւներէն…,
արմաւենիին պիտի չդաւաճանեմ:
* Երրորդը՝ սուրիացի բանաստեղ Նիզար Քապանիի (1923-1998) հեղինակութիւնն է, որ կը կոչուի «Հայրենիքս, կը սիրեմ քեզ, ո՛չ փոխարինող մը»:
Հայրենիքս, կը սիրեմ քեզ, ո՛չ փոխարինող մը:
Փաստ մը կ՚ուզե՞ս իմ խօսքիս:
Սէրդ արեանս մէջ պիտի մնայ:
Ո՛չ, պիտի չշեղիմ եւ ո՛չ ալ տատանիմ:
Յիշատակդ բերանիս մէջ պիտի մնայ,
եւ պատուէրս՝ բոլոր սերունդներուն:
Հայրենասիրութիւնը յայտարարութիւն չէ.
հայրենասիրութիւնը ծանր գործ է:
Սիրոյս փաստը, ո՜վ իմ երկիր,
ժամանակը երկար ատեն պիտի վկայէ անոր մասին.
արդարեւ, ես համբերութեամբ կը պայքարիմ,
որպէսզի իրագործեմ ազնիւ նպատակը:
Ամբողջ կեանքս հաւատարմութեամբ պիտի աշխատիմ,
պիտի տամ եւ կծծի պիտի չըլլամ:
Հայրենիքս, մանկութեանս ապաստարանը,
սորվեցուցիր ինծի ճիշդ նկարագիր:
Երդում կ՚ընեմ անունով Անոր, Ով երկինքը ստեղծեց,
թէ բարութեան համար անշնորհակալ պիտի չըլլամ:
* Չորրորդը՝ սուրիացի բանաստեղ Ալի Ահմատ Սաաիտ Իսպըրի՝ որ ծանօթ է Ատոնիս անունով, հեղինակութիւնն է, որ կը կոչուի «Հայրենիքիս հողը»:
Հայրենիքիս հողը…, ես անոր գիտակցութեան մէջ էի,
անոր շշուկներուն եւ խորքերուն մէջ:
Կը սկսիմ զայն, կը կրկնեմ արեանս մէջ,
բերանիս մէջ՝
բողբոջներ, ձորեր եւ քարեր:
Կը փոխանցեմ զայն որպէս պատգամ մը,
որու ցոյց կու տաս անտեսանելին:
Հայրենիքիս հողը պատմութիւն մըն է, որ չէ վերացած,
եւ տիեզերքին ափը կը դարձնէ անոր թուղթերը.
արեւը կը շալկէ զայն,
եւ եթէ անոր հորիզոնները գոցուին,
ան նոր հորիզոններ կը բանայ…:
Իմ արարիչ, որովհետեւ ի՞նչ եմ ես,
եթէ ոչ անոր արարիչը՝ սիրոյ միջոցով:
* Հինգերորդը՝ լիբանանցի բանաստեղծ, գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ գրաքննադատ Իլիաս Ապու Շապքայի (1903-1947) հեղինակութիւնն է, որ կը կոչուի «Իմ երկիր՝ սիրտս քուկդ է»:
Իմ երկիր՝ սիրտս քուկդ է:
Քուկդ է յոյսս եւ սիրտս,
եւ պայքարս:
Ո՜վ իմ երկիր,
դուն այն անուշահոտն ես, որ կու գայ
ձորին բերանէն՝ թարմ առաւօտին հետ:
Դուն ամբողջ բարութիւնն ես,
Աստուծոյ նայուածքը անմեղ սիրտին,
եւ ալ-Քաուսարին [հին չաստուած մը] աչքերը
եւ դարերուն անկողինը,
եւ յաւերժութեան փառքը բացայայտ:
Ո՜վ իմ երկիր,
փառքը իր դրօշակը
կը տարածէ վրադ,
քու երկու ծայրերէդ, ու կը կանչէ.
ո՜վ իմ երկիր.
քու մէջդ ոգեշնչումի բոյրը լեցուն է,
հողդ երկինքի բարձրունքներն է,
որ կը ցօղէ զաւակներուդ վրայ:
Անոնք երէկ թագաւորներ եւ բանաստեղծներ էին,
հովիւներ ու մարգարէներ,
հայրեր եւ խալիֆաներ,
իսկ այսօր անոնք թշնամիներ են:
Ո՜վ իմ երկիր
աշխարհը ըսաւ ճակատս
պիտի չըլլար եթէ չըլլայիր:
Դուն արշալոյսին նման գեղեցիկ ու երիտասարդ ես,
արեւուն նման՝ հարուստ:
Ափերուդ մէջ ոսկին չէ՛ անարգուած:
Բանաստեղծութիւնը կ՚ոգեշնչուի քեզմով,
Ինչպէս նաեւ իմաստութիւնն ու գրականութիւնը:
Մաքրէ՛ այսօր արիւնս,
եւ վաղը՝ բերանս եղիր:
Մոխիրս քու մէջդ կը հանգստանայ
ո՜վ իմ երկիր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ