ԴԷՊԻ ՆԵՐՍ (Բ.)
Ահա՛ ետդարձի միւս ճամբաս.
Դէպի «Սեւան» վերադառնալու համար սուրճ խմած պահուս մեր նստասենեակին պատերուն կը նայիմ ես. չզարմանաք. բան մը, որ ընելու համար ոչ թէ վազելու, այլ՝ դանդաղ առաւօտի մը կարիք կ՚ունենամ ես։
Մեր գեղանկաչութեան բոլոր սէրերս կախուած են հոն, ո՛չ բնօրինակ կտաւներ, բնականաբար, այլ՝ ժամանակակից միջոցներով տպուած անոնց բարձրորակ լուսանկարներ։
Սուրէնեանց, Այվազովսքի, Սարեան, Մինաս, Յ. Յակոբեան, Կալենց...
Իսկութեան մէջ, դեռ Հալէպի մեր տան պատերուն վրայ կախուած էին ասոնք։ Գահիրէ փոխադրուած պահուս, մարդոց բաւական զարմանալի թուալով հանդերձ, այդ պատկերները մէկ-մէկ փաթթած ու տեղաւորած էի ճամպրուկներուս մէջ։
Տասներեք տարի առաջ, աւելի երիտասարդ էի, անկասկած, բայց թերահաս չէի։ Հագուստ, կօշիկ տանելու որոշում չէր այդ օրերուն ընդունածս.
Ինքնութեա՛ն հարց էր ասիկա։
Երեք տուն փոխեցինք Գահիրէի մէջ, ոչինչ փոխուեցաւ.
Ես՝ ուր, նկարներս՝ հոն։
Պատերս չեմ փոխեր ես։
Եւ ահա՛, բարեկամներ, տանս պատէն կախուած սէրերս տեսնող հարազատներ, սուրճս դանդաղօրէն ըմպած պահուս՝ Սուրէնեանցին Շամիրամին կը նայիմ։
Նախակրթարանի տարիներուն լսելէս ի վեր շատ յաճախ պատկերացուցած ու մէջս կերպարներ ստեղծած եմ այս առասպելին մասին, բայց խոստովանիմ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ «Շամիրամն Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ» կտաւը տեսնելէս վերջ, ուրիշ Շամիրամ մը չե՛մ կրցած պատկերացնել ես։
Կարելի չէ՛։
Ասանկ բան մըն է, երեւի, Սուրէնեանց ըլլալը, շատո՜նց գիտեմ ու հմայւած եմ ես։
Վազած առաւօտներուս չեմ հասնիր, բայց առիթ ունենալուս՝ երկար-երկար, նորէն ու կրկի՛ն կրնամ դիտել Սուրէնեանցին այս կտաւը, չտեսած մէկ մանրուքս նկատել, մտածել ու դէպի ներս երթալ։
Ինչպէս միշտ, Արայէն ու անոր աննման գեղեցկութենէն սկսած ենք մենք. դպրոցին մէջ մեզի չէ պատմուած (այսօր ալ չի պատմուիր), որ յունական դիցաբանութեան մէջ գեղեցկութեան, պտղաբերութեան եւ մահուան աստուածուհի՝ Տերքեթոյի դուստրը եղած է Շամիրամը։ Աղաւնիները խնամած են մօրմէն լքուած աղջնակը, որ չափահաս դառնալով ամուսնացած է նախ Նինոս թագաւորի խորհրդական Օննէսին եւ անոր մահէն ետք՝ Նինոսին հետ, որուն որդիին՝ Նինուասին խնամակալուհին եղած է անոր մահէն վերջ։
Վերադառնալով դպրոցին, Պատմահայր Խորենացիի մշակումով պահպանուած հայկական աւանդոյթին համաձայն, Արային գեղեցկութեան մասին լսած Ասորեստանի թագուհին՝ Շամիրամը ընծաներով պատուիրակներ ուղարկած է անոր, առաջարկելով իր հետ ամուսնանալ եւ Ասորեստանի թագաւորը դառնալ: Իր հայրենիքին եւ կնոջ հաւատարիմ Արան, Շամիրամին առաջարկը մերժած է։ Վրդոված թագուհին Հայաստան եկած է Արան գերելու։ Ճակատամարտին զոհուած Արային դին գտած է ան եւ յոյս տածած է, որ յարալէզները կը վերակենդանացնեն զինք, բայց այդպէս չէ եղած...
Ասորեստան վերադարձող Շամիրամին դէմ ապստամբութիւն բռնկած է. ետ Հայաստան փախած է ան։ Վանայ ծովէն ջուր խմած պահուն վրայ հասած են զինք հետապնդողները, խլած ու ծով նետած են անոր կախարդական ուլունքները. Շամիրամը տեղւոյն վրայ քարացած է եւ «Ուլունք Շամիրամայ ի Ծով» ժողովրդական արտայայտութիւնը այդպէս ի յայտ եկած է։
Հիմա, այս բոլորէն անտեղեակ՝ կարելի՞ է արդեօք ընկալել Շամիրամին դաժան, յամառ, կրքոտ, ազատատենչ, իշխող, բայց միեւնոյն ատեն՝ շքեղօրէն գեղեցիկ եւ հպարտ կնոջ վիրաւորուած ինքնասիրութեան զարմանալի ամբողջութիւնը ներկայացնող նստուածքն ու հայեացքը՝ ուղղուած իր ցանկութեան... Արային, որ մահացած է կտաւին մէջ, այո՛, բայց չյանձնուած։
Յաճախ յանգած եմ այն եզրակացութեան, որ ճի՛շդ ասոր համար շնչող ինքնութիւն մը չէ՛ Սուրէնեանցին Արան, այլ՝ խորհրդանիշ։
Ճնշուած, ոտնձգութիւններու ենթարկուած, բայց իր ինքնութիւնը պահպանած հայութեան մարմնացումը չէ՞ Արան.... Կրնա՞ք հոս հասնիլ եւ չնկատել, որ ճի՛շդ հակառակ դրութեան մէջ՝ գիտակից, բայց յանձնուած ըլլալու ողբերգութեան մէջ ենք այսօր։
Շատ յաճախ մտածած եմ, որ այս կտաւին հերոսը Շամիրա՛մն է, բայց... տարիներու ընթացքին յայտնաբերած եմ՝ ո՛չ Արան, ո՛չ Շամիրամը. այս երկուքին փոխյարաբերութիւնն է աս կտաւին իրակա՛ն գաղտնիքը եւ իսկապէս, աս հանգոյցին շուրջ չէ՞ կառուցուած ամբողջ առասպելը.
Ի՞նչ էին Արան ու Շամիրամը իրարու համար։
Այս հարցումը չէ՞, որ խնդրայարոյց հետաքրքրութիւն մը հաղորդած է (ու դեռ կը հաղորդէ) այս առասպելին։ Այո՛, ի՞նչ էին անոնք իրարու համար եւ ոչ՝ ի՞նչ են անոնք մե՛զի համար։
Պատահակա՞ն է, արդեօք, Արային եւ Շամիրամին միջեւ գտնուող տարածութիւնը, աւելի ճիշդ՝ հեռաւորութիւնը, ինչքան ֆիզիքական, նո՛յնքան ալ՝ հոգեւոր:
Պատահակա՞ն է նաեւ, որ երկու կերպարներն ա՛լ իրենց չափերով մանր եւ կարծես՝ անկարեւոր են կտաւին հաղորդած հզօ՜ր ճարտարապետական համաստեղութեան մէջ։
Ոչինչ պատահական է, քանի որ Արա գեղեցիկի եւ Շամիրամի առասպելը չէ՛, անկասկած, որ ուզած է պատկերել, այլ՝ հայկական ազգային ինքնութիւնն է, որ կերտած է Վարդգէս Սուրէնեանցը իր կտաւին մէջ։
Դանդաղ խմուող սուրճերն ալ կը վերջանան...
Այսպէս, մեր տան պատերէն կախուած կտաւներուն հեղինակներուն կամ հոն նկարուած մարդոց, իրերուն պահերուն կամ վայրերուն յիշատակը յարգելու համար չեմ նայիր ես անոնց։
Դանդաղ, ամենաերանելի առաւօտներուս մէջ ա՛լ այլեւս անխուսափելի ցաւերուս, զարմանքներուս, յուսահատութիւններուս ու հիասթափութիւններուս, ինչուներուս, կարօտներուս, շփոթներուս ու խարխափումներուս մէջ մեր տան պատերէն կախուածներուն նայելով, անոնց մէջ անմահացած մեր պատմութեան ներշնչած ապահովութիւնը կը զգամ, դէպի ներս կ՚երթամ, ինքզինքս կը գտնեմ, յատուկ այս ինքնութիւնը պահպանելուս, ուրիշի մը պահպանել սորվեցնելուս զօրութիւնը կը վայելեմ, սուրճիս վերջին ումպը կը խմեմ ու կը շարունակեմ...
•վերջ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ