ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան համոզուած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու սկսած պայքարը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին դէմ չէ, այլ ուղղուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Մեզի հետ զրուցելու ընթացքին ան յայտնեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու վարչական կեդրոնն է եւ կ՚առաջնորդէ Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերը։ «Եկեղեցին հարիւրաւոր համայնքներ ու բազմաթիւ կառոյցներ ունի, առկայ են լուծման կարօտ շարք մը խնդիրներ՝ հովուական, եկեղեցաշինական, կրթական, ընկերային եւ այլն։ Այդ ամէնը կը պահանջէ լուրջ աշխատանք եւ կ՚ենթադրէ ծանրաբեռնուած ու պատասխանատու առաքելութիւն, որ չի կրնար սահմանափակուիլ ամէն ժամ անպատշաճ արտայայտութիւններուն արձագանգելով։ Եկեղեցին զբաղած է վերոյիշեալ հարցերով, սակայն, անհրաժեշտութեան պարագային միշտ կ՚արձագանգէ մեր երկրին ու ժողովուրդին վերաբերեալ կարեւոր խնդիրներուն՝ պահպանելով իր առաքելութեան յարիր խօսքի պատշաճութիւնը՝ հակառակ հասարակութեան կողմէ երբեմն սուր եւ համարժէք պատասխանի ակնկալիքներուն։ Մայր Աթոռը հակուած չէ արձագանգելու իւրաքանչիւր բամբասանքի, վիրաւորանքի կամ անհիմն յայտարարութեան։ Փոքր թուացող, բայց, կարեւոր հանգամանքի մը վրայ ձեր ուշադրութիւնը կ՚ուզեմ հրաւիրել։ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւններուն ոճն ու լեզուն նոյնիսկ կ՚արտայայտեն եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու յարգանքը ո՛չ միայն սեփական ժողովուրդին, այլեւ՝ մայրենի լեզուի նկատմամբ, որն, իր հերթին, մեր ինքնութեան հիմնասիւներէն մին է։ Այս նրբութիւնը ինքնին շատ բան կ՚ըսէ եկեղեցւոյ որդեգրած մօտեցումներուն մասին», ըսաւ ան։

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ հոգեւորականներու կեցուածքը, եթէ Վեհափառ Հայրապատի դէմ պայքարը աւելի սրուի։ Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «Մեր ցանկութիւնը չէ, որ այս պայքարը շարունակուի։ Եկեղեցին թիրախ դարձնելը խոր տարակուսանք յառաջացուցած է մեր հասարակութեան մէջ։ Կ՚աղօթենք եւ ամէն ջանք կը գործադրենք, որպէսզի երկրին մէջ հաստատուի համերաշխութեան մթնոլորտ, սակայն, Աստ-ւած մի արասցէ, եթէ պայքարը եկեղեցւոյ դէմ աւելի սրուի, ապա մեր կեցուածքը չի կրնար փոխուիլ։ Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ անկախ հալածանքի չափէն։ Ի վերջոյ, հոգեւորականի կոչումը ո՛չ միայն Տիրոջ խօսքը քարոզելն է, այլեւ՝ անոր խաչը կրելը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ժողովական յայտարարութիւնները կ՚արտայայտեն եպիսկոպոսաց դասուն միասնական դիրքորոշումը։ Հոգեւորականներուս համար եկեղեցւոյ միասնութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ՝ նուիրապետական կարգին հաւատարմութիւնը մեր ուխտին անքակտելի մասը կը կազմեն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հակուած չէ հաւատալու հնչած մեղադրանքներուն։ Անհրաժեշտ է առաջնորդուիլ անմեղութեան կանխավարկածով։ Կը յորդորենք նաեւ չհիմնուիլ միայն մեղադրող կողմի հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ, այլեւ լսել պաշտպանուող կողմի պարզաբանումները»։

Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան կը յիշեցնէ, որ եկեղեցին թուլացնելու փորձեր կը կատարուին տարիներէ ի վեր։ Անկախ առկայ հալածանքէն՝ եկեղեցին կը մնայ աստուածահաստատ իր առաքելութեան ծիրին մէջ՝ աղօթքով եւ համբերութեամբ սպասելով իւրաքանչիւր մոլորեալ հայորդիի վերադարձին եւ ապաշխարութեան։ Իր խօսքով՝ այս արշաւը սանձազերծուեցաւ, երբ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց Հայրապետին կողմէ բարձրաձայնուեցան Արցախի սրբավայրերու պահպանութեան, արցախահայերու իրաւունքներու եւ Ատրպէյճանէն գերիներու վերադարձման վերաբերեալ հարցերը։ Հայաստանի մէջ հակաեկեղեցական խօսոյթը համընկնեցաւ՝ Ատրպէյճանէն հնչած նոյնատիպ հռետորաբանութեան։ «Երբեք չէինք ուզեր հաւատալ, թէ այս արշաւը արտաքին ուժերու կողմէ ուղղորդուած է։ Եւ որպէսզի հանրութեան մէջ չստեղծուի այդպիսի տպաւորութիւն, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է փոխեն իրենց կեցուածքը եւ խօսոյթը», համոզուած է ան։

Թէ ի՞նչ ելքեր կրնան ըլլալ։ Նորին Սրբազմնութիւնը այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «Ինչպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւններուն, այնպէս ալ տարբեր եկեղեցականներու խօսքերուն մէջ հնչած են ու կը շարունակեն հնչել կոչեր՝ դադրեցնելու արհեստականօրէն ստեղծուած այս արշաւը, որ որեւէ լաւ բանի չի կրնար յանգեցնել։ Այս ամէնը կը թուլացնէ մեր միասնականութիւնը՝ յատկապէս աշխարհաքաղաքական անորոշ զարգացումներու առջեւ։ Պէտք է խիզախութիւն ունենալ կանգ առնելու, սթափօրէն վերլուծելու, թէ ո՞ր ուժերը կ՚օգտուին հակաեկեղեցական այս արշաւէն։ Հարուածելով եկեղեցին՝ կը թուլացնենք մեր պետականութեան հիմնասիւները։ Ելքեր միշտ կ՚ըլլան, երբ ըլլայ կամք, քաջութիւն, խոհեմութիւն եւ պետականամէտ մտածելակերպ։ Անցողիկ խնդիրները չեն կրնար եւ պէտք չէ վնասեն մեր պատմութեամբ ամրագրուած անանց արժէքները՝ եկեղեցին եւ պետականութիւնը։ Եկեղեցւոյ մասին հրապարակայնօրէն խօսող իւրաքանչիւր մարդ պարտաւոր է ունենալ գոնէ նուազագոյն պատկերացում մը եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, պատմական փորձառութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան մասին։ Այլապէս հնչած դատողութիւնները իրականութենէն կտրուած կ՚ըլլան եւ երբեմն նաեւ՝ մոլորեցնող»։ 

Հուսկ, Սրբազանը մաղթեց, որ Տէրը իմաստութիւն շնորհէ հայ ազգին եւ զայն հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձութենէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025