ԱԿՆԱՐԿ - 116 - «ՄԵՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ՝ ԵՐԿՈՒ ԲԱՐԲԱՌԱԳԷՏ»
Ճարտարագիտութեան այս դարը իր դրական բոլոր կողմերուն հետ միասին, բազմաթիւ ժխտական երեւոյթներ ու սովորութիւններ ալ յառաջացուց: Եթէ մօտիկ անցեալին գիտական, բժշկագիտական, գրական, հոգեւոր, ճարտարապետական գետնի վրայ երբեմն երբեմն մեծութիւններ կը յայտնուէին եւ կ՚ունենային իրենց հեղինակութիւնն ու ծանրութիւնը, այսօր, արդարեւ, այդքան ալ այդ մեծութիւնները նկատի չեն առնուիր, չեն յիշուիր, իսկ եթէ նկատի կ՚առնուին կամ կը յիշուին, ընդհանրապէս յատուկ նպատակով մը, քարոզչական խայծ մը կուլ տալու համար, եւ այլն:
Այս երեւոյթը ինչքան ի զօրու է զարգացած ու քաղաքակարթուած քաղաքներուն համար, նոյնքանով եւ աւելին ի զօրու է գիւղական մթնոլորտին համար, ուր նոյնպէս մեծութիւնները սկսած են մթութեան մէջ մնալ, մօտիկ անցեալի յարգանքի եւ մեծարանքի երեւոյթները գրեթէ սկսած են դադրիլ, իսկ աւելի ցաւալին այն է, որ մարդիկ՝ գիւղական շրջաններէն ներս, շատ յաճախ չե՛ն ալ ճանչնար իրենց գիւղի մեծութիւնները…:
Այս լոյսին տակ, այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ հայագէտ Յակոբ Չոլաքեանի «Լեզուական հնհնուքներ» գիրքէն, տպուած Երեւան, 2025-ին, գրութիւն մը՝ «Մեր կողմերէն՝ երկու բարբառագէտ» վերանգիրով, ուր կը խօսի քեսապցի եւ մուսալեռցի երկու մեծութիւններու մասին, որոնք որպէս բարբառագէտ արձանագրել տուած են իրենց անունները պատմութեան էջերուն վրայ:
Կարդա՛նք.
* Հայ բարբառագիտութեան մեծ նուիրեալներ Էդ. Աղայեանին, Մանուէլ Ասատուրեանին եւ Գէորգ Ջահուկեանին աշակերտած ըլլալու պարծանք մը ունեցած եմ միշտ: Արարատ Ղարիբեանի բարբառագիտական ուսումնասիրութիւնները յաճախ աչքէ անցուցած եմ: Եւ բնականաբար Հրաչեայ Աճառեանի ստեղծած լեզուագիտական այս բնագաւառին հանդէպ իմ հետաքրքրութիւններս անոնցմով սկսած ու զարգացած են:
Կային նաեւ ուրիշներ, բաւական մեծ փաղանգ մը բարբառագէտներու, որոնց կը հետեւէի հեռուէ հեռու:
Եւ անոնց մէջ երկու անուն. Անահիտ Հաննէեան ու Գաղթուհի Հանանեան:
Անահիտ Հաննէեան Քեսապի Գարատուրան գիւղի Ծովու թաղէն Հաննէեան Նշանի դուստրն է, ծնած է Երուսաղէմ, 1941-ին: Գաղթուհի Հանանեան Մուսա լերան Խտըրպէկ գիւղէն Կարապետի դուստրն էր, ծնած է 1939-ին, Մուսա լեռան պարպումի ճանապարհին վրայ, Լաթաքիա: Ինչ ալ յատկանշական անուն… Գաղթուհի։ Մեր անունները մեր պատմութեան արձագանգներն են։
Երկուքն ալ, հանդերձ ընտանեօք, հայրենիք եկած են Մեծ հայրենադարձութեան։
Անահիտ Հաննէեանի առաջին բարբառագիտական մենագրութիւնը կը կոչուի «Տիգրանակերտի բարբառ»ը: Ան Եդեսիոյ (Ուրֆա) բարբառի մասին ուսումնասիրութիւն մըն ալ ունի: Լրջագոյն աշխատութիւններ են: Ունի գիտական յօդուածներ ու մեծ աշխատանք տարած է բարբառագիտական աշխատանքներու նուիրուած նորագիրներու վրայ: Չեմ գիտեր, թէ Անահիտ իր հայրենի բարբառի ուսումնասիրութեան մասին ի՞նչ ծրագիրներ ունէր, բայց երբ 2002-ին, ես թեկնածուականս կը պաշտպանէի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտին մէջ, Անահիտն ալ ելոյթ ունեցաւ՝ անդրադառնալով մանաւանդ «Քեսապի բարբառը» աշխատասիրութեանս: Ես հիացումով մտիկ ըրի հմուտ մասնագէտի իր վերլուծութիւնը:
Անահիտը կորսնցուցինք 2019-ին։
Գաղթուհի Հանանեանը ճանչցայ իբրեւ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի հայոց լեզուի պատմութեան եւ բարբառագիութեան դասախօս։ Գիտէի, թէ ի՛նչ պատասխանատու ամպիոն է ատիկա հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան ընդհանուր ծիրէն ներս, եւ ինք որքան մեծ հմտութեամբ կը վարէր այդ պաշտօնը: Բարբառները իր աշխարհն էին։ Ինծի համար անակնկալ էր «Էջմիածին» հանդէսի մէջ 2011-ի Ա. թիւին մէջ իմ «Քեսապի բարբառը» ուսումնասիրութեան նուիրուած իր գրախօսութիւնը: Իր ուսումնասիրութիւններու աշխարհը Մուսա լերան բարբառի տարբեր խօսուածքներն էին (Սուէտիայի բարբառը {Խտըրպէկի խօսուածք}, Երեւան, 1995): Վերջերս կ՚աշխատէր բարբառի լիակատար բառարանի մը վրայ. գործի մղած էր բազմաթիւ հայրենակիցներ: Խոստացեր էի, թէ անպայման կը հանդիպիմ՝ զինք յուզող բարբառագիտական որոշ երեւոյթներու մասին խորհրդակցելու համար։
Չհասցուցի։ Գաղթուհին ալ մեկնեցաւ վերջերս, ու ինծի վիճակուեցաւ խմբագրելու եւ հրատարակութեան պատրաստելու անոր վերջին գործը՝ «Բառարան Սվեդիայի բարբառի (Խտրպեկի խոսվածք)», Երեւան, 2024։
Մեր կողմերէն հայրենիք եկած այս երկու բարբառագէտներն ալ իրենց ուսումնասիրութիւնները նուիրած են մեր կողմերու բարբառներուն։ Ու յաճախ, Հալէպի մէջ, թէ Պէյրութի, հայրենակիցներ ուզած են ունենալ այդ ուսումնասիրութիւնները։ Մարդոց մէջ հետաքրքրութեան բնական աճ մը նկատած եմ իրենց հայրենի բարբառներուն նկատմամբ։ Սակայն անմիջապէս հիասթափութիւն մը նկատած եմ անոնց դիմագիծին վրայ. ատիկա ոչ այնքան յատուկ հնչիւնական նշաններ կրող գիրերէն կու գայ, այլ բաղաձայններու տեղափոխութենէն՝ պատ>բադ, ճանճ>ջանջ, կանկար>գանգար, դատ>տադ. արեւմտահայ հետաքրքրուող մը դժուար կը յաղթահարէ այլապէս իրեն ծանօթ բառերուն տառադարձման այս օրինաչափութիւնը. կը շփոթի պարզապէս, մանաւանդ երբ հիմնական ծանօթութիւն կը պակսի հայերէնի բաղաձայնական համակարգի կրած փոփոխութիւններուն մասին:
- Կարելի չէ՞ արեւմտահայերէնով տառադարձնել Գաղթուհիին գիրքը,- կը հարցնէր այնճարցի բարեկամ մը (էջ -118-121):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ