ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան բարդ բանակցութիւնները եւ Լիբանանի վրայ ծանրացող փոթորիկը հերթական անգամ կը վերահաստատեն, որ Միջին Արեւելքը վտանգաւոր խաչմերուկի մը առջեւ է: ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ նոր համաձայնութեան հաւանականութիւնը վերջին օրերուն դարձած է միջազգային քաղաքականութեան գլխաւոր նիւթերէն մին։ Ամերիկեան «The Wall Street Journal» տեղեկացուցած է, թէ Ուաշինկթըն Թեհրանին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որ կը ներառէ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ պայմաններ։ Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն՝ ամերիկեան կողմը կը պահանջէ, որ Իրան յստակ կերպով հաստատէ, թէ երբեք պիտի չձգտի միջուկային զէնք ունենալու, ինչպէս նաեւ պիտի յանձնէ իր հարստացուցած ուրանիումը եւ պիտի կազմաքանդէ գլխաւոր միջուկային կայանները՝ Ֆորտոյի, Նաթանզի եւ Սպահանի մէջ։
Ըստ առաջարկին՝ Իրանի մէջ ուրանիումի հարստացումը պէտք է դադրի առնուազն քսան տարուան համար, մինչ ԱՄՆ փուլ առ փուլ պիտի մեղմացնէ տնտեսական պատժամիջոցները եւ պիտի արտօնէ Իրանի սառեցուած գումարներու ազատ արձակումը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հիւրմիւզի ջրանցքին մէջ նաւարկութիւնը պիտի վերականգնուի աստիճանաբար։
«Reuters» գործակալութիւնը՝ Փաքիստանի աղբիւրներուն յղում ընելով՝ հաղորդեց, թէ երկու կողմերը մօտ են մէկ էջէ բաղկացեալ յուշագրի մը շուրջ համաձայնութեան, որ հիմք պիտի ծառայէ ապագայ գործողութիւններու։ Այդ յուշագիրը կը պարունակէ տասնչորս կէտ, ուր տեղ գտած են Իրանի կողմէ ուրանիումի հարստացման կասեցումը, պատժամիջոցներու աստիճանական վերացումը եւ նաւարկութեան անվտանգութեան ապահովումը։
Իրան, սակայն, տակաւին զգուշաւոր կեցուածք ունի։ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղէր Ղալիպաֆ ամերիկեան հրապարակումները կոչած է «հոգեբանական պատերազմ»՝ պնդելով, թէ Ուաշինկթըն կը փորձէ ճնշում բանեցնել Թեհրանի վրայ։ Իրանական «Թասնիմ» գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, թէ ամերիկեան առաջարկին մէջ տակաւին կան «անընդունելի դրոյթներ» եւ Իրան ցարդ պաշտօնապէս պատասխան մը չէ փոխանցած։
Այս ամբողջ գործընթացին մէջ նշանակալի դեր կը խաղայ Փաքիստան, որ ողջունած է հաւանական համաձայնութեան մասին լուրերը եւ յայտարարած՝ թէ պատրաստ է շարունակելու միջնորդական ջանքերը՝ առանց վնասելու կողմերու վարկին։ Փաքիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անթրապի յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է հիւրընկալելու նոր բանակցութիւններ: Իր խօսքով՝ եթէ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի Փաքիստանի մէջ, ապա սա մեծ պատիւ մը պիտի ըլլայ իր երկրին համար։
Անցեալ ամիս Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած առաջին բանակցային փուլը վերջնական արդիւնք մը չէր տուած, սակայն, կողմերը հաղորդակցութիւնը չէին դադրեցուցած։ Այժմ շրջանառութեան մէջ են տեղեկութիւններ, թէ յաջորդ փուլը կրնայ կայանալ Իսլամապատի կամ Ժընեւի մէջ։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս յայտարարած է, որ վերջին օրերուն Իրանի հետ «յաջող բանակցութիւններ» տեղի ունեցած են եւ համաձայնութիւնը «հեռու չէ»։ Այնուամենայնիւ, մինչեւ վերջնական պայմանաւորուածութեան մը չգոյանալը՝ երկու կողմերն ալ պիտի շարունակեն զգուշաւոր եւ հաշուենկատ քաղաքականութիւն վարել, որովհետեւ խնդիրը կը վերաբերի ո՛չ միայն Իրանի միջուկային ծրագրին, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի անվտանգութեան եւ միջազգային ուժերու հաւասարակշռութեան։
Անդին, Լիբանանի թղթածրարը կրկին կրակի մէջ է: Շաբաթներ տեւած համեմատական անդորրէն ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ, վերսկսած են առանց նախազգուշացման ռմբակոծութիւնները: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացս համատեղ յայտարարութեամբ մը նշեցին, որ թիրախաւորուած էր «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարներու ժողով մը: Մահացած էր Մալէթ Պալութի անունով հրամանատար մը: Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը Լիբանանի հարաւին տարբեր շրջանները ռմբակոծեցին՝ նախապէս տասներկու գիւղերու բնակիչներուն ուղղուած տարհանման նախազգուշացումէն ետք։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի բանակի հրամանատար Էյալ Զամիր այցելեց Լիբանանի հարաւին սահմանային գիւղերը, ուր յայտարարեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի եւ պիտի օգտագործուին բոլոր միջոցները՝ «Հիզպուլլահ»ը կազմաքանդելու համար։
Զանազան աղբիւրներ հաղորդումներ կը կատարեն Լիբանանի իրավիճակին մասին: Իսրայէլ կը շարունակէ իր դաշտային ճնշումը թէ՛ «Հիզպուլլահ»ի եւ թէ Լիբանանի կառավարութեան վրայ: Ան կրնայ վերսկսիլ լայնածաւալ սպանութիւններու քաղաքականութեան՝ թիրախաւորելով կուսակցութեան ղեկավար դէմքերը։ Հարաթ Հրէյքի հարուածին եւ Թրամփի Իրանի հետ հնարաւոր համաձայնութեան մասին կատարած յայտարարութիւններուն ժամանակային համընկնումը կը փաստէ, որ Լիբանանի թղթածրարը անջատուած է Իրանի թղթածրարէն: Արդարեւ, Թել Աւիւ կը շարունակէ առաջնահերթ նկատել «Հիզպուլլահ»ի սպառնալիքի վերացումը՝ անկախ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու հաւանական արդիւնքներէն։ Անշուշտ, այստեղ որոշիչ դեր մը պիտի ունենայ «Հիզպուլլահ»ի արձագանգը կամ պատասխանը այս բոլորին եւ խորքին մէջ, այդ մէկը պիտի որոշէ յառաջիկայ օրերու իրադարձութիւններու ընթացքը։ Եթէ կուսակցութիւնը ընտրէ ռազմական սաստկացումի ուղին, ապա հրադադարը կրնայ ամբողջութեամբ փլուզուիլ, բախումները կրկին կրնան հասնիլ Պէյրութ եւ անոր արուարձանները, ինչ որ կրնայ վտանգել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող անուղղակի բանակցութիւնները։
Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց, որ Նեթանյահուի հետ որեւէ հանդիպում անկարելի է եւ կը պահանջէ լուրջ նախապատրաստութիւն։ Ըստ իրեն՝ Լիբանան չի ձգտիր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, այլ կը հետապնդէ խաղաղութիւն՝ շեշտելով, որ հրադադարի ամրագրումը հիմք պիտի դառնայ Ուաշինկթընի մէջ նոր բանակցութիւններու։ Արդէն յաջորդ շաբթուան մէջ նախատեսուած են այդ բանակցութիւնները:
Իր կարգին, Լիբանանի նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունն ալ յայտնեց, որ երկրէն ներս երբեք կողմ մը միւսին վրայ յաղթանակ չէ տարած եւ եթէ «տան տանիքը փլչի», ապա անիկա պիտի իյնայ բոլոր լիբանանցիներու գլխուն։ Ան համոզուած է, թէ Լիբանանի համար ներկայ փուլը առանձնապէս վտանգաւոր է, որովհետեւ երկիրը տակաւին կը տառապի տնտեսական, քաղաքական եւ անվտանգային ծանր ճգնաժամերէ։ Այդ պատճառով ալ ներքին միասնականութիւնը, պետական հաստատութիւններու համագործակցութիւնը եւ ազգային պատասխանատուութեան զգացումը կենսական նշանակութիւն ունին։ Նոյնպէս, միջազգային ու շրջանային դերակատարները պէտք է գիտակցին, որ կայուն խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ միայն զինուորական ճնշումով կամ ժամանակաւոր համաձայնութիւններով, այլ կը պահանջէ փոխադարձ վստահութիւն, յստակ երաշխիքներ եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք։
Ապագայ օրերը պիտի յստակեցնեն, որ արդեօք կողմերը պիտի նախընտրեն լարուածութեան ու բախումներու նո՞ր փուլ մը, թէ պիտի յաջողին դիւանագիտական ուղին վերածել իրական եւ տեւական համաձայնութեան։ Սակայն, մէկ բան յստակ է. Միջին Արեւելքի կայունութիւնը այսօր աւելի քան երբեք կախեալ է խոհեմ քաղաքական որոշումներէ եւ նոր պատերազմ մը կանխելու կարողութենէ։
Կասկած չկայ, որ Միջին Արեւելքը նոր վերադասաւորումներու շեմին է: ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ հաւանական նոր համաձայնութեան շուրջ շրջանառուած տեղեկութիւնները դիւանագիտական պարզ իրադարձութիւններ չեն, այլ ի յայտ կը բերեն Միջին Արեւելքի ուժերու հաւասարակշռութեան վերաձեւաւորման փորձ մը։ Ուաշինկթընի առաջարկը, որ կը նախատեսէ Թեհրանի միջուկային գործունէութեան խիստ սահմանափակումներ եւ փոխարէնը՝ տնտեսական պատժամիջոցներու մեղմացում, ըստ էութեան կը յիշեցնէ 2015-ի միջուկային համաձայնութեան նոր տարբերակը, սակայն, այս անգամ՝ աւելի ծանր պայմաններով եւ աւելի ընդգրկուն անվտանգային նպատակներով։
ԱՄՆ-ի հիմնական նպատակը չէ կասեցնել միայն Իրանի միջուկային ծրագիրը, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը վերահսկելի մակարդակի վրայ պահելը։ ԱՄՆ կը հասկնայ, որ Ուքրայնայի պատերազմին, Չինաստանի հետ մրցակցութեան եւ համաշխարհային տնտեսական ճնշումներու պայմաններուն տակ նոր լայնածաւալ պատերազմ մը Միջին Արեւելքի մէջ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ՝ թէ՛ նաւթի շուկաներուն եւ թէ միջազգային անվտանգութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, Թեհրանի հետ սահմանափակ փոխըմբռնում մը Ուաշինկթընի ռազմավարութեան համար կրնայ դիտուիլ՝ որպէս ժամանակ շահելու եւ տարածաշրջանը վերահսկելի պահելու միջոց։
Իրանի դիրքորոշումը, սակայն, աւելի բարդ է։ Թեհրան երկար տարիներու փորձառութեամբ գիտէ, որ Արեւմուտքի հետ որեւէ համաձայնութիւն կրնայ ժամանակաւոր բնոյթ ունենալ՝ մանաւանդ, երբ ամերիկեան վարչակարգերը կը փոխուին։ Այդ պատճառով ալ Իրան զգուշաւոր է եւ չի փափաքիր ընել այնպիսի զիջումներ, որոնք կրնան իր ռազմավարական ազդեցութիւնը նուազեցնել։ Ուրանիումի հարստացման դադրեցումը կամ միջուկային ենթակառուցուածքներու կազմաքանդումը Իրանի համար միայն գիտական կամ տնտեսական խնդիր չէ, այլեւ ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածաշրջանային ազդեցութեան հարց։ Սակայն, ամենէն զգայուն կէտը այն է, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան այնպիսի պահու մը մէջ, երբ Իսրայէլ ճնշումները կը շարունակէ Լիբանանի եւ «Հիզպուլլահ»ի վրայ։ Թել Աւիւ կը փորձէ հասկցնել, որ անկախ Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններէն՝ ինք պիտի շարունակէ իր անվտանգային ռազմավարութիւնը եւ պիտի չսպասէ դիւանագիտական գործընթացներու աւարտին։
Այստեղ է, որ լիբանանեան թղթածրարը կը դառնայ չափազանց վտանգաւոր։ Իսրայէլի գործողութիւնները եւ «Հիզպուլլահ»ի հաւանական պատասխանները կրնան շատ արագ դուրս գալ վերահսկողութենէ։ Եթէ կողմերը ընտրեն ռազմական սաստկացումը, ապա ո՛չ միայն Լիբանանի հարաւը, այլեւ Պէյրութը եւ ամբողջ տարածաշրջանը կրնան կրկին վերածուիլ լայն պատերազմի դաշտի մը։ Այս վտանգը աւելի իրական կը դառնայ, որովհետեւ ներկայ Լիբանանը տնտեսական եւ քաղաքական ծանր ճգնաժամի մը մէջ է եւ նոր պատերազմ մը կրնայ ամբողջ պետական կառուցուածքը քանդել։
Ընդհանուր առմամբ, ներկայ զարգացումները կը փաստեն, որ Միջին Արեւելքը կը գտնուի նոր վերադասաւորումներու փուլի մը մէջ։ ԱՄՆ-Ւրան բանակցութիւնները, Իսրայէլի ռազմական ճնշումները, Լիբանանի փխրուն իրավիճակը եւ տարածաշրջանային դերակատարներու շարժումները փոխկապակցուած են։ Այսօր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումը այլեւս միայն մէկ երկրի ձեռքին մէջ չէ, այլ բազմակողմանի ուժային հաւասարակշռութեան վրայ կրնայ ձեւաւորուիլ։
Յաջորդ շաբաթները որոշիչ կրնան ըլլալ։ Եթէ դիւանագիտութիւնը յաջողի, ապա կարելի է ժամանակաւոր հանդարտութիւն ակնկալել եւ կանխել մեծ բախումը։ Իսկ եթէ բանակցութիւնները ձախողին կամ ռազմական գործողութիւնները սաստկանան, ապա ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ մտնել նոր անկայունութեան եւ երկարատեւ առճակատման փուլ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան