Հաստատումներ (3)

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ծաւալուած խօսակցութիւններուն մէջ բաւական լայն տեղ յատկացուեցաւ մշակոյթի եւ ինքնութեան խնդիրներուն, որոնց ամբողջին մէջ առանցքային էր լեզուն, մա՛յրենի լեզուն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը թէեւ իր ներածական խօսքին մէջ՝ որպէս դրական գործօն թուարկեց, որ համայնքը կը պահէ լեզուն, սակայն, յաջորդած խորհրդածութիւններուն ժամանակ մատնանշեց լուրջ խնդիրներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հաստատեց, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լեզուի եւ այլ արժէքներու փոխանցման ուղղութեամբ լուրջ խնդիրներ կան։ Ան համոզուած է, թէ կեանքի եւ ժամանակներու պարտադրած կացութիւն մըն է լեզուի մոռացութեան մատնուիլը։ Մնաց որ, իր խօսքով՝ հայերը շատ լաւ կը համարկին իրենց ապրած միջավայրերուն։ Սա անհատական տեսակէտէ շատ դրական երեւոյթ մըն է, սակայն, հաւաքական տեսակէտէ ո՛չ, որովհետեւ մշակոյթի առումով մեծ մաշեցումի մը պատճառ կը դառնայ։

Լեզուի խնդրին Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը համալրած նոր սերունդէ եկեղեցականներու տեսանկիւնէն։ Բոլորին ծանօթ է, որ պոլսահայ եկեղեցականաց դասը կը համալրուի այնպիսի անդամներով, որոնց հայերէնի իմացութեան մակարդակը բաւական անբաւարար է։ Այս խնդրին կապակցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին հերթին թուարկեց թեկնածուներու սակարկութիւնը եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի յատուկ ընծայարան մը չունենալու հանգամանքը։ Այժմու պայմաններուն մէջ գտնուած լուծումներով կը պատրաստուին նոր հոգեւորականները։ Կարճ խօսքով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը փորձեց հասկցնել, թէ նոր սերունդէ հոգեւորականներու հայերէնի իմացութեան հարցով այս պահուն ընելու ուրիշ բան մը չկայ եւ պէտք է բաւարարուիլ, գոհանալ այժմու հնարաւորութիւններով։ Անշուշտ, այսպիսի բարդ խնդիրներու պարագային առաւելապաշտութիւնը այդքան ալ իրատես մօտեցում մը չ՚ըլլար, սակայն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս պաշտօնի կոչուած հոգեւորականներու՝ անոր պաշտամունքի լեզուով գրելու, կարդալու, խօսելու սահմանափակ հնարաւորութիւն ունենալը երկարաժամկէտ լուրջ կաղացումներու պատճառ կրնայ դառնալ։ 

Մշակոյթի, ինքնութեան եւ լեզուի խնդիրները, բնականաբար, չեն կրնար տարանջատուած ձեւով մեկնաբանուիլ՝ Նորին Ամենապատուութեան մատնանշած ժողովրդագրական ահազանգէն։ Այս պայմաններուն ներքեւ որակի եւ քանակի հաւասարակշռութիւնը բացառիկ իմաստ կը ստանայ։ Հաւաքականութիւն մը, որ քանակի իմաստով մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, այսինքն թափով կը նուազի, պէտք է յարատեւութիւնը երաշխաւորելու նպատակով զարկ տայ որակին։ Այս պարագային որակին զարկ տալը ուղիղ համեմատութեան մէջ է՝ տուեալ հաւաքականութեան բնորոշ ստորոգելիներու նկատմամբ զգայնութեամբ։ Արդարեւ, տուեալ հաւաքականութեան անդամները պէտք է խորաթափանց գիտակցին այն արժէքներուն, որոնք կը պայմանաւորեն իրենց ինքնուրոյնութիւնը եւ այդ ինքնուրոյնութեան կրողները ըլլալով կ՚ապահովեն տուեալ հաւաքականութեան յարատեւութիւնը։ Պոլսահայութեան պարագային այդ հիմնական ստորոգելին լեզուն է, որմէ կտրուելու պարագային համայնքի անդամները ո՛չ կրնան իրենց ինքնուրոյն դիմագիծը պահել եւ ո՛չ ալ կրնան սնուիլ այն մեծ ժառանգութենէն, որ ինքնութեան պահպանման եւ հաւաքականութեան յարատեւութեան ճանապարհին լուրջ խթան մըն է։

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հնչած յայտարարութիւններու լոյսին տակ կարելի է արձանագրել, որ Աթոռը ներկայ պահուն low profile լուծումներու հետամուտ է՝ լեզուի խնդրին վերաբերեալ մարտահրաւէրներուն առումով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025