Ձուկն ու գլուխը…

Կաթուածահար համայնքային կեանքի պայմանները, դժբախտաբար, անխուսափելի կը դարձնեն մթնոլորտի ապականումը։ İtimat Bürosu-ի տագնապը երկար ժամանակէ ի վեր մնացած է անլոյծ։ Ձգձգումները ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ դարձած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Վերջին շրջանին, առանձին վարչական միաւորներու՝ նախկին շրջանի վարչայիններու կարգադրութիւններուն հետեւանքով համայնքի ի՜նչ չափերով տուժած ըլլալը կը բարձրաձայնուի եւ այս ընթացքին պաշտօնական մարմիններու կողմէ կատարուած ստուգումներու եւ պատրաստուած տեղեկագրերու հիման վրայ կը բիւրեղանան խնդիրները։

Պոլսահայ հաւաքական կեանքը՝ յափշտակութեան մտայնութեան ճիրաններուն մէջ է։ Բոլորը կարծես մարսած են այս երեւոյթը, որու ծայրը եկած-հասած է առկայ ապականութեան։ Բոլորը լռելու համար կը պահանջէ իր բաժինը ու որքան ատեն, որ այդ մէկը կ՚ունենայ՝ մնացեալ ոչինչի համար ձայն կը հանէ։ Այս փտած, ամօթալի ու սնանկ համակարգին մէջ İtimat Bürosu-ի գայթակղութիւնը, իրականութեան մէջ, բացառութիւն չէ։ Ինչպէս որ համայնքը վարիչներու պատճառով տուժած է նիւթապէս, այսպէս ալ որեւէ իրաւունք երաշխաւորուած չէ։ Այս մթնոլորտին մէջ չափազանց վերացական է մարդոցմէ պահանջել՝ նիւթական զօրակցութեան առարկայ դարձնել հաստատութիւնները, որոնք վաղուց այլանդակուած են։

İtimat Bürosu-ի տագնապը ունի միակ առանձնայատկութիւն մը. ենթականերուն միջեւ կայ հոգեւորական մը։ Պնդումները ըլլան ճիշդ կամ ոչ, հարցին նկատմամբ հոգեւոր վերին իշխանութեան՝ այսինքն Պատրիարքական Աթոռին վերաբերմունքը կասկածի տեղ չի թողուր, թէ խնդիրը բացայայտելու ուղղութեամբ դոյզն իսկ կամք գոյութիւն չունի։ Պատրիարքարանի համակարգէն պաշտօնեայի մը վերաբերեալ հարցին լուծումը Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթակին վրայ տեղափոխելը կը նշանակէ մեղսակից փնտռել, պատասխանատուութենէ խուսափիլ եւ հանրութիւնը ձաղկել։

Համայնքային վարիչները, ըստ երեւոյթին, վարչական հմտութիւն կը համարեն սեփական պատասխանատուութեան տիրոյթի հարցերու պարագային գնդակը ուրիշի դաշտը նետել, հանրային կարծիքը մոլորեցնել եւ զիրար արդարացնելով այնպէս ձեւացնել, թէ ոչինչ կը պատահի։ Այժմ հաստատուած է, որ ո՛չ միայն աշխարհական, այլեւ հոգեւոր վարիչներն ալ զերծ չեն այս գործելաոճէն։ Ամօթալի երեւոյթներու թրքական լրատուամիջոցներու մօտ գտած արձագանգը, ըստ երեւոյթին, ոչինչ կը փոխէ։ «Balık baştan kokar»… որքա՜ն խոր իմաստութիւն կը ցոլացնէ ժողովրդական խօսքը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025