Սէրը՝ մահէն անդին կամ հրաժեշտ սիրելի Միհրան Ուլիկեանին…

Մահը կ՚ենթադրէ մե՜ծ հարցական մը, որմէ, ըստ էութեան, կարծես ծնունդ կ՚առնէ փիլիսոփայութիւնը։ Անորոշութիւնը, կասկածը, վախը… Այս շարքը կը պայմանաւորէ մարդուս հոգեբանութիւնը։ Անշուշտ, այս բոլորին հետ ընդելուզուած է սէրը, որ երկրաւոր կեանքին մէջ այն միակ գործօնն է, որ ապահովութեան զգացում կ՚առթէ մարդ արարածին։ 

Մարդ, առ երեւոյթ, կը կարծէ, թէ կը սիրէ աշխարհը, կեանքը, երկրաւոր հաճոյքները, կ՚երթայ իր կիրքերու ետեւէն, բայց, խորքին մէջ մարդ կը սիրէ իր նմանը, այսինքն ուրիշ մարդոց։ Որքան որ ալ բոլոր մարդոց չսիրէ, մարդ կը սիրէ ուրիշ մարդիկ եւ անոնք որքան որ ալ սահմանափակ թիւով ըլլան՝ մարդուն կեանքի եռանդին, կենսունակութեան ուղղութիւն կու տան։ 

*

Այսօր հրաժեշտ կու տանք նորոգ հանգուցեալ Միհրան Ուլիկեանին. ծանր պահ է, սուգ, դառնութիւն եւ մասամբ նորին։ Ազնուութեան եւ մարդկային գերագոյն առաքինութիւններու միս ու արիւն ստացած կերպար մը կը մարմնաւորէր ան։ Այնքա՜ն սիրելի էր ան, որ իր մեկնումի պահուն որեւէ իմաստ չունի հանրային գործունէութիւնը արժեւորել, եւ այլն։ Անոնք, որոնք շփուած են իրեն հետ, վայելած են իր մտերմութիւնը, փշաքաղուած են Միհրան Ուլիկեանի կորուստին դիմաց. կորուստ՝ անփոխարինելի եւ անմխիթարելի։

Հողը թեթեւ գայ սիրելի Միհրան Ուլիկեանին վրայ, լոյսերու մէջ հանգստանայ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025