Պահել յոյսը…

«Յոյսը յուսախաբ չ՚ըներ», Աւետարանի մէջբերումով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատիրարքը փորձեց իր միտքերը բանաձեւել, հիմնաւորել երէկուան մամլոյ ասուլիսին, որ զուգադիպեցաւ Մեծ պահոց շրջանի նախօրեակին։ Ան նշեց, որ կեանքը մարդը կը յոգնեցնէ եւ թէ այնպէս մը, որ ան կը կարծէ, թէ միայն ֆիզիքական մարմնէն կը բաղկանայ։ «Մինչդեռ մենք բոլորս ապագայ մահացածներ ենք», ըսաւ Մաշալեան Պատրիարքը՝ մնացեալ գործօնները յիշեցնելու համար։

Պոլսահայութիւնը, ի՜նչ խօսք, շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէ յոյսը արծարծուած պահել՝ իր հաւաքական կեանքը հունաւորելու եւ ապագայի նկատմամբ յամառօրէն հաւատք տածելու համար։ Այս ամբողջին մէջ հայ մամուլն ալ նոյն ձեւով կը պայքարի՝ լուսանցքայնացման ջանքերու եւ թիրախաւորումներու դէմ։ Չէ՞ որ, լեզուն յարատեւութեան հիմնաւորեալ եւ անփոխարինելի ազդակ մըն է, ինքնութեան պահպանման կռուան մը։ 

Աշխարհական եւ հոգեւոր-բարոյական մօտեցումները ի՞նչ հասարակաց յայտարար ունին եւ ո՞ր կէտին վրայ զիրար կը խաչաձեւեն։ Կարծես շատ խոր փիլիսոփայութեան պէտք ալ չկայ։

Յոյսը եւ դիմադրութիւնը զիրար չե՞ն սներ… 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025