ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՇՐՋԱԴԱՐՁ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ծանր հալածանքներու պայմաններուն ներքեւ կազմակերպուեցաւ Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքը, որու արձագանգները հետաքրքրական, նաեւ որոշ չափով մտահոգիչ կացութիւն մը ստեղծած են Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, հետեւաբար, թրքահայութեան տեսակէտէ: Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը տագնապեցնէ՝ համայն հայութեան աչալուրջ շրջանակները, որոնք կը գիտակցին, թէ պետութիւն-եկեղեցի առանցքին վրայ աններդաշնակութիւնը կրնայ կործանարար, անդառնալի հետեւանքներ ունենալ: 

Այս ամփոփ ներածականէն վերջ, կ՚արժէ խոշորացոյցի տակ բերել հարցի Պոլսոյ Պատրաիրքական Աթոռին վերաբերեալ չափումները, որոնց անուշադրութեան մատնուիլը անկարելի է՝ մանաւանդ Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքին յաջորդած իրավիճակին մէջ:

Պատրիարքարանի աղբիւրները նախօրէին պաշտօնապէս հրապարակեցին՝ Պոլսոյ Աթոռի գահակալ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի՝ Սանկտ Փոլթենի մէջ, հաւաքի մասնակից սրբազաններուն ուղղեալ տեսաուղերձի բնագիրը: Առաջին հայեացքով այստեղ արտասովոր ոչինչ կայ, սակայն, ըստ էութեան, ամէն ինչ այնքան ալ մակերեսային չէ:

Նա՛խ, անշուշտ, ժամկէտի հարց մը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ինչո՞ւ ելոյթին բնագիրը շաբաթ մը անց հրապարակուած է Գումգաբուի կողմէ: Կայ նաեւ ուրիշ նրբութիւն մը. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ միւս Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն կողմէ Սանկտ Փոլթենի մէջ փոխանցուած պատգամներուն բովանդակութիւնները ցարդ չեն հրապարակուած պաշտօնապէս: Բնականաբար, շատ աւելի նպատակայարմար կրնար ըլլալ, եթէ հրապարակուէին: Յամենայնդէպս, գերլարուած մթնոլորտով պայմանաւորուած նրբութիւնները եւ հաւաքին դռնփակ ըլլալու հանգամանքները հաշուի առնելով՝ այդ նախընտրութեան պարագային կարելի է տեսնել տրամաբանութիւն մը, որ յարգելի է, եթէ նոյնիսկ չըլլայ հարիւր տոկոս համոզիչ: Ուրեմն, երբ պատգամներու բովանդակութիւնները չեն հրապարակուած, ապա ինչո՞ւ շաբաթ մը անց Գումգաբուէն յանկարծ որոշուած է հանրութեան մատուցել Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի՝ դռնփակ հաւաքի ժամանակ ներկայացուցած տեսաուղերձին բնագիրը:

Թէկուզ անպաշտօն, սակայն, ըստ Սանկտ Փոլթենի հաւաքի մասնակիցներու շրջանակներէն հասած լուրերուն՝ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի պատգամը այդքան ալ լաւ տպաւորութիւն չէ գործած խորհրդակցութեան ներկայ սրբազաններուն վրայ. սա ամենամեղմ բանաձեւումով: Աւելի՛ն, Պատրիարքարանի կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուելէ բաւական առաջ, պատրիարքի խօսքի բնագիրը շրջանառութեան մէջ դրուած է Հայաստանի այն լծակներուն կողմէ, որոնք չեն ալ թաքցներ, թէ հետամուտ են Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու: Ուրեմն, ո՛վ գիտէ ինչպէ՛ս, այդ շրջանակները ձեռք անցուցած եւ իսկոյն հրապարակած են Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի խօսքը՝ ծառայեցնելով զայն Եպիսկոպոսաց հաւաքի արդիւնքներուն վրայ ստուեր ածելու նպատակին: Այս կէտին վրայ կացութիւնը կը նրբանայ Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ: Պատրիարքի՝ տակաւին անպաշտօն բնագրի լոյսին տակ՝ Վեհափառ Հայրապետը տապալելու հետամուտ շրջանակները հանդէս եկած են ցաւալի ու գայթակղեցուցիչ պնդումներով: Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք, որ պարզապէս կրնար հերքել այդ պնդումները, ընդհակառակն, անոնց զուգահեռ՝ պաշտօնապէս հրապարակած է ելոյթին բնագիրը: Այսինքն, հերքումը մէկ կողմ՝ կարծես ձեւով մը հաստատել փափաքած է այդ պնդումները:

Այս կէտին վրայ դուռ կը բացուի շարք մը ենթադրութիւններու. կա՛մ պատրիարքը խօսքը պատրաստած է՝ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու հետամուտ շրջանակներուն հետ համախոհաբար ու անոնք նախապէս վերահասու եղած են անոր բովանդակութեան, կա՛մ անոր խօսքին բովանդակութիւնը տրուած է իրենց «ձեւով մը» եւ կա՛մ Եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներէն ոմանք կազմակերպած են արտահոսք մը: Աւելին թուարկել անիմաստ է՝ քանի, եթէ պատրիարքը պարզապէս հերքում մը տար, ապա հարցը իսկոյն կը փակուէր: Իսկ ուղերձի բնագրի պաշտօնապէս հրապարակուիլը, այդ ալ սոյն ժամկէտով, ինքնաբերաբար կը հաստատէ պնդումները:

Այստեղ հարցը չափազանցութեան հասցնելու կամ թագաւորէն աւելի թագաւոր ըլլալու չի վերաբերիր: Պարզապէս, ինքնաբերաբար ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը կը յայտնուի նոյն յաճախականութեան վրայ, չըսելու համար նոյն ճամբարին մէջ, տիրադաւ եպիսկոպոսներուն եւ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու հետամուտ շրջանակներուն հետ: Սա պէ՞տք է մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ սա ի՞նչ օգուտ կրնայ բերել թրքահայութեան:

Եպիսկոպոսաց հաւաքի եզրափակիչ յայտարարութիւնը եղած է շատ շինիչ: Ահագնացող ծայրայեղութիւններու պայմաններուն ներքեւ այն եղած է պաղարիւն կոչ մը: Նոյնիսկ տիրադաւ սրբազաններու պարագային չէ նախընտրուած այդ ածականը եւ շատ աւելի մեղմ որակումով, դիւրական բառապաշարով արտայայտութիւններ նախընտրուած են՝ հակառակ անոր, որ անոնց շարքերու նօսրացումը ակնյայտ է: Տանք պարզ օրինակներ. 

- Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) համարած է հեղինակազրկուած: Սա մէկ կողմէ անարգանք է Վեհափառ Հայրապետին դէմ, որ այդ կառոյցին նախագահն է, իսկ միւս կողմէ հարուած է սեփական անձին, որովհետեւ պատրիարքը ատենապետն է: Եթէ ԳՀԽ հեղինակազրկուած է, ապա ինչո՞ւ պատրիարքը չէ հրաժարած: Արդեօք Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք երբեւէ մտածա՞ծ է նաեւ Պոլսոյ Աթոռի Կրօնական ժողովի հեղինակութեան մասին:

- Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը հարցաքննութեան բացած է՝ այժմ արդէն կարգալոյծ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի վերաբերեալ Հայրապետական տնօրինութիւնը: Ինչո՞ւ. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսապետը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը չէ՞, եպիսկոպոսի մը ձեռնադրումը կամ կարգալոյծ ըլլալը բացառապէս իր տնօրինութեան սահմաններուն մաս չե՞ն կազմեր: Ուրեմն ի՞նչ է հարցը առկայ նուրբ իրավիճակին մէջ:

Ճակատագրի հենգնանքը ըլլար կարծես: Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք, երբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, Պոլսոյ մէջ վէճ յառաջացած էր, թէ շրջանի պատրիարքին հաւանութիւնը չկար եւ ձեռնադրութիւնը վաւերական չէր կրնար ըլլալ, եւ այլն: Անշուշտ, այդ զառանցանքները ի դերեւ մնացած էին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեան, դատողութեան ուժին դիմաց: Ուրեմն, շուրջ տասը տարի անց, այժմու Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը ինչո՞ւ կարիքը կը զգայ Հայրապետական բացառիկ իշխանութենէն ծնունդ առած տնօրինութիւն մը հարցաքննութեան բանալու: Ի՞նչ օգուտ կրնան բերել նման հակասութիւնները: Ինչո՞ւ մաշի մեր պատրիարքը՝ եկեղեցւոյ միութիւնը, կայունութիւնը թիրախաւորած մարդոց շահերուն ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ծառայելով: 

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը թրքահայութեան գլուխի թագն է: Սա վէճէ դուրս, սակայն, Նորին Ամենապատուութեան նկատմամբ յարգանքը կ՚ենթադրէ նախ եւ առաջ իր նկատմամբ ըլլալ անկեղծ: Հետեւաբար, Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը պէտք է ականջ տայ իր հօտի շարքերէն բարձրաձայնուած վերապահութիւններուն եւ քննադատութիւններուն, որոնց նպատակը ո՛չ թէ զինքը մաշեցնելն է, այլ զինքը խնայելը:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 26, 2026