ՉՄԱՏՆՈՒԻԼ ՓԱԿՈՒՂԻԻ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած առկայ տագնապին մէջ, Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի դիրքորոշումը, վերաբերմունքը անհերքելի շրջադարձ մը արձանագրած են վերջին շուրջ ութ-ինն ամիսներուն։ Դժուար է հասկնալ Նորին Ամենապատուութեան կեցուածքի տրամագծօրէն փոփոխութեան պատճառը՝ թէեւ լսումներն ու շշուկները քիչ չեն։
Յիշենք. 2025-ի ամառնամուտին, երբ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք կ՚այցելէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եկած էր Իսթանպուլ, ուր իր ծրագրի համայնքային բաժնէն բացակայած էին հայ առաքելական հոգեւորականները՝ որպէս բողոքի նշան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ԱՄՆ-ի քարոզներուն ժամանակ շատ յստակ արտայայտուած էր տագնապին շուրջ՝ աներկբայօրէն դիրք գրաւելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին։ Համայնքէն ներս յառաջացած որոշ աղմուկով մը հանդերձ, վերադարձին Գումգաբուի մէջ սարքած ասուլիսին ժամանակ ալ անդրդուելի մնացած էր իր դիրքորոշման մէջ, ինչ որ իսկապէս գնահատանքի արժանի էր՝ մանաւանդ սկզբունքայնութեան եւ ամբոխավարութեան տեղի չտալու առումով։
Յաջորդած ամիսներուն՝ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի խօսոյթին մէջ նկատելի դառնալ սկսած էին որոշ երանգաւորումներ։ Երկակի արտայայտութիւնները առաջին փուլին կը վերագրուէին՝ շինիչ չէզոքութիւն մը պահելու եւ այդ կեցուածքով Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին զօրակցելու ջանքերուն։ Յամենայնդէպս, այդ վերագրումները միամտութեան սահմանին հասան 2026-ի տարեմուտին, երբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ, եկեղեցական տագնապին անդրադառնալով՝ ան ըսաւ. «Պիտի տեսնենք, թէ այս կաթողիկոսը ի՞նչ պիտի ընենք»։ Որքան որ ալ տօնական մթնոլորտի մէջ տրամադրութիւնները առերեւոյթ չխանգարուեցան՝ այդ արտայայտութիւնը սահմանեց պահ մը, որով արձանագրուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան դիրքորոշման տրամագծօրէն փոխուած ըլլալը։ Անհաւատալի էր, բայց, իրա՛ւ…
Յետագայ դիպաշարը նոյնպէս յայտնի է բոլորին։ Շօշափելի այլ կէտ մը եղաւ Նորին Ամենապատուութեան բացակայութիւնը՝ Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքէն։ Ինչո՞ւ նախընտրած էր չմեկնիլ։ Պարզ է, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանէն դուրս գալու արգելքին պատճառով չկարողացաւ նախագահել ժողովին։ Հայ Երուսաղէմի պատրիարքը ճամբորդելու արգելք առողջական հարցեր ունէր։ Այսինքն երկուքն ալ ակամայ չէին կարողացած երթալ Սանկտ Փոլթեն։ Հա՞պա Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը…
Եւ այժմ ինքնին նշանակալից այդ բացակայութեան կը յաջորդեն առկայ զարմանալի, անհանգստացուցիչ իրադարձութիւնները։ Հարցը հասած է այն կէտին, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը անպատեհ չի նկատեր այն անխուսափելի տպաւորութիւնը, թէ նոյն յաճախականութեան վրայ յայտնուած է տիրադաւ եպիսկոպոսներուն եւ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու հետամուտ տխրահռչակ մարդոց հետ։
Առկայ համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ քանի մը հանգամանք։ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ անոնք պէտք է անպայման հաշուի առնուին եւ անմիջապէս համապատասխան յայտարարութեամբ մը ամէն ինչ պէտք է վերադարձուի բնականոն հունին։ Այլապէս, Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի այժմու ընթացքը վտանգներու յղի է շարք մը առանցքներու վրայ.
1. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կրնայ հեղինակազրկուիլ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջէն ներս կրնայ ցնցուիլ անոր դիրքը՝ որպէս նուիրապետական աթոռ։
2. Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի անձնական նկրտումներով, յաւակնութիւններով առաջնորդուելու տպաւորութիւնը կրնայ իրեն դէմ անվստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծել։
3. Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի ծաւալած գործունէութիւնը կրնայ անհանգստացուցիչ դառնալ Թուրքիոյ պետութեան համար՝ մանաւանդ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման զգայուն գործընթացը անտեղի ծանրաբեռնելու առումով։
Թրքահայութեան արդի պատմութեան մէջ այս բոլորը ունի օրինակներ, որոնք բաւարար են հասկնալու համար, թէ ակնարկուածները զուտ երեւակայութիւն չեն եւ անցեալի փորձը լիուլի բաւարար է համապատասխան հետեւութիւններ ընելու համար։ Ուրեմն, առանձին-առանձին անդրադառնանք խնդրայարոյց հաւանականութիւններուն։
*
ա. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ կենսական ու հրամայական է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալը։ Այդ ներդաշնակութիւնը, համագործակցութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքութեան ապահովագրութիւնն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս դիրքին՝ որպէս նուիրապետական աթոռ։ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ունի առանձնայատուկ դիրք մը, նաեւ դեր մը, որոնք չեն կրնար համահայկական հարթութեան վրայ արդարանալ՝ առանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ համախոհ ու համախորհուրդ ընթացքի։ Այս ուղղութեամբ որեւէ թերացում կամ սայթաքում կը մեկուսացնէ, նոյնիսկ կը լուսանցքայնացնէ Պոլսոյ Աթոռի գահալը. բան մը, որ ծանր հետեւանք կ՚ունենայ ամբողջ թրքահայութեան տեսակէտէ։
Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը, բնականաբար, ունի կարողութիւնը դատելու համար, թէ նոյնիսկ արտասահման ուղեւորութիւններու ընթացքին արժանացած վերաբերմունքը չի կրնար ունենալ, եթէ հակադրութեան մէջ գտնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։
Եւ, անշուշտ, այս բոլորը վասն ինչի՞։ Եթէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կամ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յանկարծ որեւէ ոտնձգութիւն թոյլ տան Պոլսոյ Աթոռի իրաւունքներուն կամ իրաւասութիւններուն դէմ, ապա կարելի կրնայ ըլլալ առնել որոշ քայլեր։ Բայց եւ այնպէս, երբ չկայ այդպիսի պարագայ մը, ուրեմն, ի՞նչ արդարացում կրնայ ունենալ առկայ արկածախնդրութիւնը։
Պոլսոյ պատրիարքը, սկզբունքօրէն, պէտք է ըլլայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անմիջական ու խորհրդապահ լծակիցը։ Այդ հանգամանքի գործնականացման հիմնական հարթութիւնն է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), որու ատենապետներն են Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքները։ Անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ Վեհափառ Հայրապետը շուրջ վեց տարիէ ի վեր Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի անձին մէջ ողջունած է այդ դրական կերպարը՝ հակառակ, որ ան վարչական հանճար մը չէ եղած, միանշանակ։ Նորին Սրբութիւնը միշտ պահած է չափաւորութիւն, եղած է լուրջ ու սիրալիր, բոլոր պատշաճութիւններու նկատմամբ նախանձախնդիր։ Այս բոլորին փոխարէն այսօր ի՞նչ կայ մեր դիմացը։
Սանկտ Փոլթենի Եպիսկոպոսաց հաւաքին ժամանակ հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը քննադատած է Վեհափառ Հայրապետին վճիռը՝ Մասեացոտնի թեմի այժմ արդէն նախկին առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի (Արման Սարոյեան) կարգալոյծ ըլլալը, ինչ որ համարած է վաղաժամ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցները վերջին օրերուն ողողուած են հաւաստի աղբիւրներու լուրերով, ըստ որոնց՝ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը նախօրօք տեղեակ պահուած է հայրապետական տնօրինութենէն եւ աւելի՛ն, հաւանութիւն տուած է անոր։ Եւ այժմ կը ձեւացնէ, թէ այդպիսի բանէ մը տեղեակ չէ եղած։ Թէ ո՞ւր կը հասնի այս գործելաոճի ծայրը՝ իսկապէս դժուար է կանխատեսել։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ յարաբերութեան մէջ վստահութեան տագնապ յառաջացնելը ծանր կրնայ արժել Նորին Ամենապատուութեան տեսակէտէ։ Վեհափառ Հայրապետի հետ համագործակցութեան կամուրջը այրելու համազօր է նաեւ ԳՀԽ-ն հեղինակազրկուած համարելը, ինչ որ մաս կազմած է Սանկտ Փոլթենի մէջ հրապարակուած տեսաուղերձի բովանդակութեան։ Բնականաբար, սա տարօրինակ կը հնչէ, քանի պատրիարքը կը շարունակէ մնալ ԳՀԽ-ի ատենապետը եւ հակառակ հեղինակազրկման պնդումին՝ կը մնայ այդ դիրքին վրայ։
«Huy çıkar can çıkmaz» կ՚ըսէ ժողովրդական խօսքը, որու ցոլացուցած իմաստը լրիւ կը համընկնի Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի ընթացքին։ Յիշենք 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան նախորդած իրադարձութիւնները։ 2017 թուականի փետրուարին, երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը անելի մէջ էր, այդ շրջանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ջղային նոպաներու համազօր կացութեամբ մասնակցած էր՝ շրջանի անուանումով VADİP-ի ժողովի մը։ Ծայր աստիճան զայրացած՝ ան «կոկովական ժողով» անուանած էր Կրօնական ժողովը, որու ատենապետը ինքն իսկ էր։ Այդ բանէն վերջ ձեւականօրէն, բանաւոր, իբր թէ հրաժարած էր Կրօնական ժողովէն, իսկ աւելի վերջ որոշած էր «չպաշտօնականացնել» այդ հրաժարականը։ Անշուշտ, տարբեր հարց, որ յետագային ալ միւս ժողովականները զիջանած, մարսած էին իրենց այդ որակումը տուած անձին հետ նստիլ նոյն սեղանին շուրջ։
Յամենայնդէպս, մէկը պէտք է Նորին Ամենապատուութեան յիշեցնէ, որ Պոլսոյ «կոկովական» եւ «կոկովականութիւն»ներուն նման վարուիլ կարելի չէ ԳՀԽ-ի պարագային։ Անցնինք…
բ. Եթէ փակագծերը բանալով ընթանանք, ապա արդէն յայտնի է, որ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք սկսած է երազել՝ ամենայն հայոց կաթողիկոս դառնալու մասին։ Անշուշտ, իր իրաւունքն է այդպիսի յաւակնութիւն մը ունենալ, սակայն, երբ գոյանան պայմանները։ Այդ պայմանները արհեստականօրէն գոյացնելու ջանքերը կամ հաշուարկները, մեղմ խօսքով, դատապարտելի են։ Այսինքն, Աստուած ուշէն տայ, եթէ Մայր Աթոռը մնայ թափուր, ապա պատրիարքը կրնայ ունենալ այդպիսի մտադրութիւն մը, իսկ մարդիկ կ՚ըսեն. «Խորհուրդ մարդկանց կամքն Աստուծոյ»։ Հա՞պա այսօր…
Ան կ՚ուզէ կաթողիկոս դառնալ՝ ի հաշիւ Վեհափառ Հայրապետի սայթաքման, արտաքոյ եկեղեցիէ կոպիտ միջամտութեամբ գահընկէց ըլլալուն։ Սա յարի՞ր է հայ եկեղեցականի կոչման։ Աւելի՛ն, այստեղ բարոյագիտական լուրջ հարցեր ալ կը ծագին՝ մանաւանդ, որ այժմու կաթողիկոսը միշտ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքին առջեւ ճանապարհ հարթած է եկեղեցական անդաստանէ ներս, զինքը խրախուսած է՝ ընդհուպ մինչեւ եպիսկոպոս ձեռնադրելը։
Առանց աւելի մանրամասնելու՝ յիշենք 1999 թուականին կաթողիկոսական ընտրութեան նախորդած իրավիճակը, երբ Պոլսոյ Աթոռի շրջանի գահակալը՝ երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարք յաւակնած էր ընտրուիլ ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Սխալ հաշուարկներով, անիրատես կանխատեսումներով ճանապարհ դուրս եկած հոգելոյս պատրիարքը՝ ձախողման պատճառած յուսախաբութեամբ հունէ դուրս բերած էր Վեհափառ Հայրապետին հետ յարաբերութիւնը։ Այդ ձախողումը ձեւով մը դրած էր սկիզբը իր տխուր վախճանին։ Ի զուր մաշած էր՝ չդիմանալով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ անտեղի ու անհեռանկար մրցակցութեան պատճառով։ Համայնքէն ներս իր դէմ անվստահութիւն յառաջացած էր, թէ հակառակ ժողովուրդի վստահութեան՝ կ՚ուզէր լքել աթոռը, հօտը։
1990 եւ 1998-ի պատրիարքական ընտրութիւններուն երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարք մրցակցած էր բարեյիշատակ Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի դէմ, սակայն, այս վերջինը յանկարծ իր տեղը պատրիարքի թեկնածու առաջարկած էր։ Մարդիկ, որոնք կը յիշէին մրցակցին դէմ յանդուգն արտայայտութիւնները, պատրիարքին հարց կու տային, թէ եթէ արժանի էր, ապա ուրեմն ինչո՛ւ պատահած էին այդ պայքարները։ Մերկացած աթոռակռիւը չէր նպաստած երջանկայիշատակ պատրիարքի վարկին։ Այսօր շատեր կը մտածեն, թէ հոգելոյս Մութաֆեան Պատրիարքի ջիղերը չէին դիմացած այդ բոլորին։ Ինչ որ է, անշուշտ, բիւր յարգանք իր յիշատակին…
Այս յիշեցումը բաւարար չափով աչքի առջեւ կը պարզէ ներկայ կացութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններն ու զուգահեռականները։ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք ակնյայտօրէն կը հաշուարկէ, որ Վեհափառ Հայրապետը կ՚ըլլայ գահընկէց, ինք կ՚ըլլայ կաթողիկոս եւ նոր պատրիարք կ՚ընտրուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շուրջ տասն տարի՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ, այս աթոռի լուծը կրած ըլլալով, 2019 թուականի ընտրութիւններէն վերջ դրուած էր Պատրիարքարանի դրան առջեւը։ Համայնքի աչքին առջեւ հետզհետէ կը բիւրեղանայ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ վերջին ամիսներուն ցուցաբերուած ջերմութեան պատճառը։
Այսօր ալ մարդոց իրաւունք ծնած է Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքին հարցնելու համար, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եթէ արժանի էր, ուրեմն, ինչո՞ւ ապրուեցան այդ ցաւալի պայքարները։ Աթոռակռի՞ւ էր… Առկայ ընթացքը եթէ չկասեցուի, ապա Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք կրնայ նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ իր նախորդին հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը այս փուլին ունի հիմնական առաւելութիւն մը։ Երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարքի թողած բարդ վիճակէն վերջ, ընդհանուր փոխանորդի կարգավիճակով պաշտօնավարութեան տարիներուն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեծ ջանքեր գործադրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան յարաբերութիւնները վերանորոգելու ճանապարհին եւ յաջողեցաւ։ Այսօր ալ ան սկզբունքային է այս ուղղութեամբ։ Ի տարբերութիւն պատրիաքին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Սանկտ Փոլթեն մեկնած ըլլալը մեծագոյն ապացոյցն է այս հանգամանքին։ Նորին Սրբազնութիւնը լռելեայն զգալի դարձուցած է, որ չի զիջանիր պատրիարք դառնալ՝ ի հաշիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահընկէց ըլլալուն եւ չի դաւաճանիր այն հայրապետին, որ զինքը օծած էր եպիսկոպոս։
Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքին կը մնայ անդրադառնալ, թէ իր հօտը, մեր համայնքը կը յարգէ ու կը սիրէ զինքը եւ այս բոլորը յաւակնութիւններու սիրոյն մէկ կողմ թողելը, մերժելը իրեն յարիր չ՚ըլլար։ Մարդիկ անկեղծօրէն չեն ուզեր, որ ան եւս ունենայ իր նախորդին ճակատագիրը։
գ. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս ծագած տագնապին մէջ, Պոլսոյ Աթոռի գահակալ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի որդեգրած դիրքը, վստահաբար, ունի նաեւ ծալքեր, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կրնան առընչուիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան շահերուն կամ զգայնութիւններուն, առաջնահերթութիւններուն հետ։ Խնդրին այս երեսակը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ, որու վերադիտողն ու վերահսկիչն է պատրիարքը՝ ի պաշտօնէ, նոյնիսկ իր ուխտով կամ երդումով։ Հետեւաբար, կ՚արժէ առանձնապէս անդրադառնալ այս գլուխին, որովհետեւ այժմ դիտումնաւոր կերպով շրջանառութեան մէջ կը դրուին յերիւրանքներ, որոնք անձնական նկրտումներու եւ յաւակնութիւններու համար կրնան բորբոքել պետութեան վերապահութիւնները, որոնք ալ երկարաժամկէտ առումով գետին կրնան պատրաստել իրաւունքի կորուստներու համայնքին տեսակէտէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ