Հաստատումներ (2)

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսի առիթ ընձեռած կարեւոր հաստատումներէն մին հետեւեալն է. Աթոռը հետամուտ է միջանկեալ լուծումներու, որպէսզի առկայ վարչական անելով պայմանաւորուած խնդիրներու հետեւանքները գոնէ մեղմանան։ Մէկ կողմէ պատրիարքութեան՝ յաչս պետութեան պաշտօնական կարգավիճակ չունենալը, միւս կողմէ ընդհանրական լիազօրութեամբ (Ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած կեդրոնական վարչութեան նման մարմին մը, որ ունի հակակշռելու իրաւասութիւն) աշխարհական մարմնի մը բացակայութիւնը անկիւնային վիճակի մատնած են համայնքը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս տեսանկիւնէն անդամալուծուած է։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը, բնականաբար, այս առանցքին շուրջ մեկնաբանեց առկայ բոլոր վարչական խնդիրները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ակնկալուած ընտրութեան վերաբերեալ նիւթերը։ Ան անհանգստութիւն յայտնեց, որ Պատրիարքարանի նման՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնն (ԹՎՄ-ERVAB) ալ չունի պաշտօնական կարգավիճակ։

Նորին Ամենապատուութեան մտահորիզոնին, ըստ երեւոյթին, ձեւաւորուած է միջանկեալ լուծման մը հեռանկարը։ Արդարեւ, կեդրոնական վարչութեան մը գոյութեան իրաւական ենթագետինը կը բացակայի, հետեւաբար, այս նիւթը հիւանդանոցի ակնկալուած ընտրութեան հետ պէտք է առընչակից դարձնել կա՛մ պէտք է համեմատութեան մէջ դնել։ Ան, հաւանաբար, հնարաւորութիւն կը տեսնէ, որպէսզի համայնքային խաղին ուղղութիւն տուող լծակը դառնայ հիւանդանոցը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին, տողերու արանքին ան հասկցնել տուաւ, որ այս հանգամանքով պայմանաւորուած է իր հետաքրքրութիւնը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ակնկալուած ընտրութեան գործընթացին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ տարեմուտէն ի վեր ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Ս. Ծնունդի համայնքային ընդունելութեան ընթացքին ապրուած յայտնի իրադարձութիւններուն պատճառով Աթոռի գահակալին լուրջ քննադատութիւններ ալ հասցէագրուած են։

Միջանկեալ լուծումները, անշուշտ, հարկադրանքի պայմաններուն ներքեւ կը ձեւաւորուին եւ ժամանակաւոր խնդիրներ լուծելու համար կրնան նախատեսուիլ։ Իրատես մօտեցումով առնուած քայլերով կը խմորուին ու կը ձեւաւորուին զանոնք։ Յամենայնդէպս, նրբանկատ պէտք է ըլլալ, որպէսզի երկարաժամկէտ իրաւունքի կորուստներու պատճառ չդառնան զանոնք։ Վառ օրինակ մըն է, որ վերջին երկու-երեք տասնամեակին Եկեղեցականաց համագումարով տեղապահ (ոչ թէ փոխանորդ) ընտրուած է կամ պատրիարք մը հանգստեան կոչուած, ինչ որ տուեալ մարմնի լիազօրութիւններէն դուրս է։ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ, ըստ էութեան, չի կրնար փոխարինել կեդրոնական վարչութիւն մը։

Անշուշտ, ընդվզիլն ու չընդունիլը դիւրին է։ Հապա ի՞նչ ընել։ Հասկնալիօրէն, սա մեծ հանելուկ մըն է։ Միջանկեալ կամ երկարաժամկէտ բոլոր լուծումներու պարագային պէտք չէ շեղիլ Ազգային սահմանադրութեան ոգիէն ու տարրէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025