Ցուցիչ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս առկայ լճացման հիմնական պատճառներէն մին է՝ զանազան հաստատութիւններու առաքելութիւններու պարագային հանրային կարծիքը դիտումնաւոր մոլորութեան ենթարկելու ոմանց տխուր ընթացքը։ «Ակօս» շաբաթաթերթի 5 սեպտեմբեր 2025 թուակիր հերթական համարին մէջ, հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի կողմէ այս երեւոյթի հերթական վառ օրինակը ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Պրազիլահայ մամուլին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը առթիւ ան ներկայացուցած է հայ մամլոյ պատմութիւնը եւ, ըստ երեւոյթին, այդ մասին ըսած կամ խօսածներու սղագրութիւնը ներկայացուցած է թերթին մէջ։
Պատմութիւն ներկայացնելէ անդին՝ քարոզչութեան յանդգնած է Բագրատ Էսդուգեան, ինչ որ զարմանալի չէ՝ քանի առ ի չգոյէ լաւագոյնին սիւնակագիր ըլլալը տակաւին չի նշանակեր մամլոյ պատմութեան մասնագէտ ըլլալ։ Սիւնակագիր մը կամ խմբագիր մը, անշուշտ, կրնայ խօսիլ մամլոյ պատմութեան մասին, սակայն, աւելի պարկեշտ ու նպատակայարմար կ՚ըլլայ ուրիշ թերթերու կամ մամլոյ օրկաններու մասին արտայայտուելու ժամանակ աւելի ուշադիր ու առարկայական մօտեցում ցուցաբերել։
Այստեղ պիտի չուզենք մէջբերել պոլսահայ հայատառ օրաթերթերու՝ մա՛նաւանդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային Էսդուգեանի խելապատիկէն բխած, մտացածին արտայայտութիւնները։ Յամենայնդէպս, մեր տպաւորութիւնը այն է, թէ կառավարութեան հաւանական ճնշումներէ ձերբազատուելու կամ գաղութային նիւթական աջակցութեան մասին արտայայտուելու ժամանակ, ամենայն հաւանականութեամբ, Բագրատ Էսդուգեան ստեղնաշարին առջեւ այնպէս մը դիրքաւորուած էր, որ համակարգչի պաստառէն աչքին կը ցոլանար սեփական պատկերը։
Կարճ խօսքով՝ Բագրատ Էսդուգեան, եթէ ունի տարրական ազնուութիւն մը, ապա սեփական ճղճիմ հաշիւներու համար չփորձէ ցատկատախտակ դարձնել անիմաստ բաղդատութիւնները։ Սա, ըստ երեւոյթին, լաւ կ՚ըլլայ նաեւ իր իսկ համար, որովհետեւ արար աշխարհի հայ մամուլը լա՛ւ գիտէ, թէ Պոլսոյ մէջ ո՛վ ով է եւ ի՛նչ է։
Աւելի լաւ է, Բագրատ Էսդուգեան ինքզինք զսպէ եւ փորձէ ընդհանրապէս զերծ մնալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին դրական եւ ժխտական ձեւով արտայայտուելէ որեւէ հարթակի վրայ։ Այդ պարագային իր խօսքը կրնայ դառնալ աւելի հաւաստի եւ աւելի լուրջ՝ ապահովագրուելով առարկայականութեան կամ անաչառութեան ռիսքերու դէմ։
Վերջացնելէ առաջ նշենք, որ Բագրատ Էսդուգեան աւելի ուշադիր ըլլալու ուրիշ բաներ ալ ունի։ «Իմ վաղեմի բարեկամ Զագարիա Միլտանօղլու» գրած է ան՝ մինչդեռ հայերէնի մէջ իր վաղեմի բարեկամին անունը վաղուց կը գրուի՝ որպէս ԶաՔարիա։ Այսինքն, պատմութեան մասին խօսելու ժամանակ վաղեմութեան պարագաները միայն բարեկամութիւններով չեն սահմանափակուիր եւ ատեն-ատեն կրնան խորքայնութեան ցուցիչ ըլլալ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ