ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Մալաթիա այցելեց՝ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։ Մալաթիոյ մէջ իր մասնակցութեամբ երկու արարողութիւն տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, բացի տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Յարութիւն մատրան մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն, արարողութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ քաղաքի երբեմնի՝ այժմ թանգարանի վերածուած Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, որ ատեն-ատեն կարգ մը ծիսակատարութիւններու համար կ՚օգտագործուի։
Մալաթիոյ եւ շրջակայքի փոքրաթիւ հայութեան ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին այս արարողութիւններուն, որոնց շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան թէ՛ հոգեհանգստեան պաշտօններ եւ թէ Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւն մը։
Տէր հայրը, որ բոլորին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնները, անմիջական զրոյց ունեցաւ հաւատացեալներուն հետ։ Ան քարոզին մէջ ալ բացատրեց, որ Թաբոր լերան վրայ Յիսուս Քրիստոսի ներքին վկայութիւնը վերածուեցաւ լոյսի մը, որ միշտ իր հետ էր եւ, իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւրը անոր նման կը կրէ լոյս մը, որ պէտք է տարածել նկարագրի եւ ուրիշներու նկատմամբ վերաբերմունքով, ինչ որ քրիստոնէութեան կոչն է։