Երկուշաբթի 10, Մարտ 2025
ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՂԱՓԱՄԱՅԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ
Ղալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աւանդական ղափաման պատրաստելու ուղղեալ աշխատանոց մը։ Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս խորհրդանշական ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ գիւղատնտեսութեան ճարտարագիտուհի Գոհար Այտըն, որ կանգ առաւ առողջ սննդառութեան վրայ։ Ան աւելի վերջ ներկաներուն առջեւ պատրաստեց աւանդական ղափաման, որու համտեսով հաւաքոյթը հասաւ իր աւարտին։
Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025