ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Մխիթարեանի ընտանիքի եւ հայ կաթողիկէ հասարակութեան բազմաթիւ վարիչներ ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին, որու ընթացքին փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Դասարանի ուսուցչուհի Թանիա Փաքերթիք, վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքերով։ Ծնողներուն անունով ալ արտայայտուեցաւ Պիանքա Պոյաճըօղլու։ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանն ալ շնորհաւորեց մանկապարտէզի փոքրիկները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնց նկատմամբ անմիջական վերաբերմունք ցոյց տուին։ Սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին անմիջական զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025