ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄՐՑՈՅԹ
Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ այս տարի 18-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային մարմնամարզի աւանդական մրցոյթը, որ ձօնուած է լուսահոգի Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։ 450 աշակերտի մասնակցութեամբ, Աթագիւղի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան մրցումները, որոնք անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ մինչ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցաւ Վարսէն Օրունճաքճըէլը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն ալ ծրագրին աջակցած էր՝ առողջապահութեան ծառայութիւններով։
Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլու եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ջերմ զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեցին ծրագրի հովանաւորին՝ Մարգրիտ Աթմաճայի, որ դուստրն է Վարսէն Օրունճաքճըէլի։
Տարիներէ ի վեր կազմակերպուած այս մրցաշարքը թէ՛ կը համախմբէ մեր վարժարաններու աշակերտները եւ թէ անոնց մօտ կ՚արծարծէ մարմնամարզի սէրը։