ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Եռալեզու յայտագիր մը ունէր հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։ Ներկաները հետեւեցան տեսերիզի մը, որ կը ցոլացնէր փոքրիկներու անցեալ աշխատանքային շրջանէն յատկանշական պահեր։ Ուսուցիչներուն ձեռամբ անոնք ստացան իրենց վկայականները, մինչ ծնողաց միութեան եւ համակարգիչի ակումբին կողմէ ալ պատրաստուած էին յուշանուէրներ։

Հանդէսէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ նոյնպէս պատրաստուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։

Տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ այս առթիւ շնորհաւորեց թէ՛ առաջին դասարանի բոլոր փոքրիկները եւ թէ իրենց ուսուցիչները։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025