ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ, փոքրիկները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց զանազան ելոյթներով։ Բազմալեզու հանդէս մըն էր այս մէկը, որու աւարտին տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Մինչ փոքրիկները իրենց ուսումնական կեանքի առաջին վիկաճացոյցները ստացան, ծնողաց միութիւնն ալ անոնց համար պատրաստած էր նուէրներ։ 

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ նոյնպէս ծափահարութիւններու ուղեկցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025