Չորեքշաբթի 11, Յունիս 2025
ՋԵՐՄ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Մանկապարտէզի երեք դասարաններու փոքրիկներն ալ մասնակցութիւն բերին յայտագրին եւ իրենց ելոյթներով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Բացի ծնողներէ եւ հիւրերէ, հանդէսին հետեւեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ գործակից ընկերները եւ թաղի այլ վարչայինները։
Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ապագայ կրթական կեանքի յաջողութիւններ մաղթեց մանկապարտէզի փոքրիկներուն, նաեւ գնահատեց ուսուցչական կազմը։
Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025