ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին կազմակերպուեցան միջվարժարանային մտախաղեր։ «Կը խաղամ մտքովս» կարգախօսով կազմակերպուած այս մրցոյթին մասնակցեցան զանազան վարժարաններէ ներկայացուցիչ խումբեր։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ առաջին։ Տղաքը կը վերահսկէր ուսուցչուհի Այլին Պահատըր Աւաճեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026