Ուրբաթ 11, Յուլիս 2025
ՍԱՐԻՆ ՊԱՅԾԱՌ ԱՐՍԼԱՆ ԴԷՊԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Մեր համայնքէն Սարին Պայծառ Արսլան յաջողութեամբ աւարտած է «Մետիփոլ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Ան Պաղճըլարի համանուն հիւանդանոցէն ներս ասպարէզի առաջին քայլերը առած է՝ ներքին հիւանդութեանց ուղղութեամբ։ Այժմ մասնագիտական քննութեան կը պատրաստուի՝ խորանալու համար բժշկութեան մէջ եւ ձեռք բերելու համար մասնագիտական որակ։
Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է Գումգաբուի ընտանիքին՝ նկատի ունենալով, որ Սարին Պայծառ Արսլան Պէզճեան Մայր վարժարանի սաներէն է։ Միջնակարգը աւարտելէ վերջ Սարին Պայծառ Արսլան յաճախած է Կեդրոնական վարժարան։
Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025