ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի տեսակէտէ 2025-2026 կրթական շրջանի վերամուտը զգացական բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Իրեն վիճակեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս վերամուտի առաջին զանգը հնչեցնելու ուրախութիւնն ու պատիւը։ Սա Մոնիք Երկանեանի տեսակէտէ բացառիկ պահ մըն էր։ Արդարեւ, անդունդի եզրէն Մոնիք Երկանեանի շնորհիւ փրկուած Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս տարի իր դռները վերաբացած է ամրապնդուած, երկրաշարժի դէմ ամրացուած շէնքի մը ֆիզիքական կարելիութիւններով։ Սա բացառիկ ուրախութեան պատճառ դարձած է Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ եւ այս տարուան առաջին զանգն ալ Մոնիք Երկանեանի կողմէ հնչեցուած է համապատասխան մթնոլորտի մէջ։ 

Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը տասնամեակներէ ի վեր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս մղիչ ուժ կը հանդիսանան՝ համայնքային վարժարաններու զօրակցութեան արշաւներուն, նուիրահաւաքներուն մէջ։ Անոնք սերունդներու բարոյական մայրն ու հայրը հանդիսացած են՝ իրենց կողմէ տղոց ուսման ու դաստիարակութեան համար կատարուած նպաստին տեսակէտէ։ Մոնիք Երկանեանի կողմէ հնչեցուած վերամուտի առաջին զանգին ձայնը կ՚արձագանգէր պատգամելով այս բոլոր հանգամանքները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025