ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՏՈԼԱՓՏԵՐԷԻ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԼՈՒՐԵՐ

Երէկ, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ իր կարեւոր ու հեռանկարային շինարարական ծրագրին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, խնամակալութեան սեփականութիւնը կը հանդիսանայ Տոլափտերէի մէջ տարածք մը, որու վրայ շինարարութիւն կատարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքի օրակարգին վրայ է։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրէ՝ այս գործընթացը յաջողութեամբ ի կատար ածելու համար։ Խնդրոյ առարկայ նախագիծը երբ որ կեանքի կոչուի, այդ տարածքին վրայ պիտի կատարուի շինարարութիւն մը եւ շէնքի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Կեդրոնական վարժարանին։ Այսպէսով դպրոցը լրջօրէն կ՚ունենայ ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարը, ինչ որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ պոլսահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի ապահովելու համար այն բեկումնային պահը, ուր գործնականօրէն շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին։ Դժբախտաբար, դիւանակալական գործընթացներու կամքէ անկախ երկարաձգումը կ՚ուշացնէ այդ փուլը։ Յամենայնդէպս, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը վերջին օրերուն այս ուղղութեամբ ունեցած է ձեռքբերումներ։ Թոյլտուութիւններու ապահովման ճանապարհին արձանագրուած են կարգ մը զարգացումներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն, որ գործընթացի շարունակութիւնը կրնայ յարաբերաբար աւելի արագ ընթանալ։ 

Պատկան մարմիններու հետ շփումներու ժամանակ արձանագրուած յառաջընթացին հիման վրայ՝ երէկ ժողով մը գումարեց այս շինարարական ծրագրին համար կազմուած յատուկ յանձնախումբը, որու գլուխը կը գտնուի յայտնի համայնքային բարերար Հայկ Արսլանեան։ Այս յանձնախումբն ալ կանոնաւոր եւ հետեւողական ձեւով կը կատարէ իր աշխատանքը։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Վազգէն Պարըն, Նազար Պինաթլը, Նշան Քարա, Սիմոն Արթուչ, Ժան Կավրիլօֆ, Սելին Պիրկիւլ Կեչէր, Սայաթ Տելիճէ, Սեւան Շէշէթեան, Մկրտիչ Արծիւեան, Սարվէն Չիլինկիրօղլու եւ Առել Աթասեւ։

Երէկուան ժողովի ընթացքին յանձնախումբի անդամները դիտել տուին, որ Յուշարձաններու խորհուրդի եւ քաղաքապետարաններու զանազան նոր կարգադրութիւնները, ըստ էութեան, պատճառ դարձած են գործընթացի անկանխատեսելի երկարաձգման։ Վերջին օրերուն արդէն պատկան մարմիններուն պաշտօնապէս յանձնուած է ճարտարապետական ծրագիրը եւ արդէն սկսած է անոր վաւերացման գործընթացը։ 

Հարկ է նշել, որ Ղալաթիոյ խնամակալութեան այս նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի՝ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ խոստացուած նիւթական միջոցներով։ Երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը հերթական անգամ կրկնած է իր երախտագիտութիւնը՝ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026